Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Յորդանանի Վրայ Յարձակումները

July 30, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութեան եւ գերիշխանութեան վրայ յարձակումը` Իրաքի տարածքէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքերով անոր արեւելեան նահանգին եւ Ռիատի շրջանին մէջ գտնուող նաւթային կառոյցները թիրախաւորելու փորձի միջոցով»:

Նախարարութիւնը արտայայտեց «Լիբանանի Հանրապետութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Սէուտական Արաբիոյ եւ ամբողջական նախանձախնդրութիւնը անոր անվտանգութեան, կայունութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ»:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց այս դէպքին շուրջ իրաքեան իշխանութիւններուն հետաքննութեան ձեռնարկելու յայտարարութիւնը եւ ընդգծեց «մասնաւորաբար Իրաքի, Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ պետութենէն դուրս կողմերու վարած զինուորական աշխատանքի դիմակայումը, որ հասարակաց ու շարունակուող պայքար է, ինչ որ այդ պետութիւնները կարող կը դարձնէ իրենց իշխանութիւնն ու գերիշխանութիւնը բացառապէս իրենց սեփական օրինական ուժերով տարածել իրենց բոլոր հողերուն վրայ»:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց իր «խիստ դատապարտումը Յորդանանի տարածքին ուղղութեամբ իրանեան հեռահար հրթիռներու արձակման նկատմամբ, որուն մասին խոստովանած է նաեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը, եւ կը հաստատէ, որ այդ յարձակումները Յորդանանի Հաշեմական թագաւորութեան գերիշխանութեան կոպիտ խախտում են եւ սպառնալիք շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան: Նախարարութիւնը նաեւ կ՛արտայայտէ Լիբանանի լիակատար համերաշխութիւնը Յորդանանի Հաշեմական թագաւորութեան հետ` անոր անվտանգութեան, կայունութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ ազդող բոլոր գործողութիւնները դիմակայելու գործին մէջ:

Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց «Լիբանանի լիակատար զօրակցութիւնը Յորդանանի Հաշեմական թագաւորութեան` անոր անվտանգութեան, կայունութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող որեւէ բանի դէմ պայքարի մէջ»:

 

Նախորդը

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Կ՛ունենայ Զբօսաշրջութեան Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակը Հրկիզող Ռումբերով Թիրախաւորեց Ալի Թահերի Անտառը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.