Լիբանանեան

Նախարար Պայրագտարեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը

Նախարար Պայրագտարեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը

Մարզական միութիւններու հետ հաղորդակցութիւնները ամրապնդելու ծիրին մէջ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեանը, որուն կ՛ընկերակցէր Շրջանային վարչութեան անդամ Զաւէն Տէր Պետրոսեան: Այցելութիւնը առիթ դարձաւ նախարարին յանձնելու յառաջկայ օր ՀՄԸՄ-ի կազմակերպելիք նախաձեռնութեան պաշտօնական հրաւէրը: Նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ նախարար Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ: Պատուիրակութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց, որ նախարար Պայրագտարեան իր հովանաւորութիւնը կը շնորհէ...

Քալիպաֆ. «Ամերիկան Ու Իրանը  Պիտի Երաշխաւորեն  Լիբանանեան Հողերու  Ամբողջականութիւնն Ու Անվտանգութիւնը»

Քալիպաֆ. «Ամերիկան Ու Իրանը Պիտի Երաշխաւորեն Լիբանանեան Հողերու Ամբողջականութիւնն Ու Անվտանգութիւնը»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Զուիցերիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացուցինք 12 միլիառ տոլար գնահատուող մեր սառեցուած հաշիւները ապասառեցնելու»: Քալիպաֆ Օման իր այցելութեան ընթացքին նշեց, որ որոշուած է լիբանանցիները իրենց տուներ վերադառնալու կարող դարձնելու եւ Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացման համակարգման կեդրոն ստեղծել: Ան ըսաւ, որ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններուն հիմամբ, Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը պիտի երաշխաւորեն Լիբանանեան հողերու ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը: Քալիպաֆ...

Ալիքօ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Քանդումը Յայտարարուածէն Շատ Մեծ Է»

Ալիքօ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Քանդումը Յայտարարուածէն Շատ Մեծ Է»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի ներկայացուցիչ Պլերթա Ալիքօ յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ քանդումը վերջին արագ գնահատումներուն նշուածէն շատ աւելի մեծ է»: «Գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդին հետ պատրաստուած գնահատումը մինչեւ ապրիլ 2026-ի վերջ շէնքերուն հասած ուղղակի վնասներու գնահատումով կը սահմանափակուի եւ չի ներառեր պետական ու սեփական ենթակառոյցներուն կամ տնտեսական վնասները», ըսաւ ան: «Լրացուցիչ թարմացումները եւ հաշուետուութիւնները յաջորդաբար պիտի հրապարակուին, երբ գնահատումները...

Թեհրան. «Լիբանանի Վրայ Յարձակումներու  Դադրեցումը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի  Մասն Է, Եւ Այս Առնչութեամբ Ամերիկայի  Յանձնառութիւնը Յստակ Է»

Թեհրան. «Լիբանանի Վրայ Յարձակումներու Դադրեցումը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մասն Է, Եւ Այս Առնչութեամբ Ամերիկայի Յանձնառութիւնը Յստակ Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրը հիմնուած է իրողութեան յարգման ու անոր նկատմամբ յանձնառութեան վրայ` զգուշացնելով, որ մեծամիտ որեւէ խօսակցութիւն պիտի խաթարէ համաձայնութեան հոլովոյթը: Նախարարութիւնը հերքեց, թէ Զուիցերիոյ մէջ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէնին հետ հանդիպում տեղի ունեցած է` աւելցնելով, որ ռմբակոծման ենթարկուած հիւլէական կառոյցներու խուզարկութեան ծրագիրներ գոյութիւն չունին: Իրան շեշտեց, որ իր ապասառեցուած գումարներու օգտագործման...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՌՈՅԹԸՐԶ». «Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը ամրապնդեց Հըզպալլայի դիրքորոշումը եւ հարուած հասցուց լիբանանեան պետութեան, որուն ղեկավարները, ներառեալ նախագահ Ժոզեֆ Աունը քանիցս զգուշացուցած են, թէ Թեհրան չի կրնար Լիբանանի տեղ բանակցիլ»: . ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ պաշտօնատար մը եւ Լիբանանի հարցերուն առնչուած երկու օտար պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ»-ին. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը ականահարեց լիբանանեան պետութեան դիրքը` զայն ձգելով մինչեւ հիմա իր ամէնէն տկար դիրքին վրայ, եւ այս շաբաթ...

Աուն Վանսի Եւ Քուշների Հետ Քննարկեց  Զինադադարի Հաստատումն Ու Այդ Առնչութեամբ  Բջիջի Ստեղծման Կարելիութիւնը

Աուն Վանսի Եւ Քուշների Հետ Քննարկեց Զինադադարի Հաստատումն Ու Այդ Առնչութեամբ Բջիջի Ստեղծման Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի Վանս, Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ եւ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պեն Ապտելռահման Պեն Ժասեմ Ալ Թանի հեռաձայնեցին հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ զինադադարը ամրապնդելու, իսրայէլեան զինուորական մագլցումը դադրեցնելու եւ այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ քայլերը, որոնց շարքին այդ նպատակին համար բջիջի ստեղծման կարելիութիւնը: Նշենք, որ Քաթար եւ Փաքիստան յայտարարեցին, թէ Զուիցերիոյ...

Պեն Ղաֆիր. «Լիբանանը Իսրայէլի Համար  Խաղավայր Մը Պէտք Է Ըլլայ»

Պեն Ղաֆիր. «Լիբանանը Իսրայէլի Համար Խաղավայր Մը Պէտք Է Ըլլայ»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր կոչ ուղղեց` Լիբանանի վրայ յարձակումը շարունակելու եւ մերժելու զինադադարի որեւէ համաձայնութիւն: Ըստ անոր, Լիբանանը պէտք է «Իսրայէլի համար խաղավայր մը» ըլլայ: Պեն Ղաֆիր Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ չի կրնար Լիբանանի մէջ զինադադարին համաձայնիլ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղելով` այս դիրքորոշումը փոխանցել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար...

Շարհ. «Թրամփ Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցողէն Դժգոհ Է,  Եւ Սուրիան Կրնայ Պետութեան Ու Լիբանանեան  Հաստատութիւններու Ճամբով Դրական Դերակատարութիւն Ունենալ»

Շարհ. «Թրամփ Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցողէն Դժգոհ Է, Եւ Սուրիան Կրնայ Պետութեան Ու Լիբանանեան Հաստատութիւններու Ճամբով Դրական Դերակատարութիւն Ունենալ»

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ «Մաշհատ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դժգոհութիւն յայտնած է ներկայիս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ, խօսած է պատերազմը դադրեցնելու եւ լուծումի որոնման մէջ Սուրիոյ դերակատարութեան մասին: Շարհ նշեց, որ ատիկա այնպէս հասկցուած է, թէ Սուրիան Լիբանանի մէջ պիտի միջամտէ` աւելցնելով, որ Թրամփ լուծում կ՛որոնէ, եւ Դամասկոս կրնայ պետութեան ու...

Պըրրի. «Հնգեակի Դեսպանները Ինծի  Անկեղծօրէն Ըսին, Թէ Ընտրութիւններու  Յետաձգումը Կը Նախընտրեն»

Պըրրի Փորձառական Շրջաններու Ստեղծման Դէմ Է

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, հակառակ այն իրողութեան, որ «անոնք իմ գաղափարներէս տարբեր գաղափարներ ունին»: «Հըզպալլան զինադադարը կը շարունակէ յարգել, եւ Իսրայէլն է, որ զայն կը խախտէ: Մենք կը յուսանք, որ ատիկա ամերիկեան ճնշումով տոկայ, եւ կ՛ողջունենք որեւէ կողմէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԻ ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր. «Իսրայէլ պէտք չէ Լիբանանի մէջ զինադադարին համաձայնի»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը պիտի ստիպուի «Դեղին գիծ»-էն մասնակի կերպով հեռանալ: Լիբանանեան բանակը ամերիկեան խիստ հսկողութեան տակ պիտի գործէ եւ ստանձնէ պատասխանատուութիւնը այն շրջաններուն, որոնք ներկայիս իսրայէլեան բանակի վերահսկողութեան տակ չեն»: . ԻՍՐԱՅԷԼԻ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր. «Լիբանանի մէջ ախորժակներ չունինք, սակայն...

Միացեալ Նահանգներ. «Իսրայէլ-Լիբանան  Բանակցութիւնները Յառաջիկայ Շաբաթ  Պիտի Գումարուին Ուաշինկթընի Մէջ»

Միացեալ Նահանգներ. «Իսրայէլ-Լիբանան Բանակցութիւնները Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Գումարուին Ուաշինկթընի Մէջ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարեց, թէ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի 23 յունիսէն 25 յունիս: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պիկըթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ «անգամ մը եւս շեշտեց (Հըզպալլայի) զինաթափումը», եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը յայտնեց «լիբանանեան կառավարութեան...

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք  Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Քասեմ. «Իսրայէլի Գործելու Ազատութեամբ Զինադադար Կոչուած Բան Գոյութիւն Չունի»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ նշեց, որ Իրան իր հսկայական զոհողութիւններով աւելի ուժեղ դուրս եկաւ եւ փաստեց, որ իր իրաւունքէն զիջում չկայ, եւ ան շրջանին մէջ իր խօսքը ունի: «Շրջանին մէջ Հըզպալլայի եւ Դիմադրութեան վերջ տալու ծրագիր մը գոյութիւն ունէր, եւ այդ ծրագիրը տապալեցաւ», ըսաւ ան: Շէյխ Քասեմ յայտնեց. «Իսրայէլի գործելու ազատութեամբ զինադադարը յարձակումին շարունակութիւն է, եւ մենք...

Թրամփ. «Հըզպալլայի Թղթածրարը Սուրիոյ  Յանձնելու Եւ Սուրիոյ Նախագահին  Ուժ Տալու Կը Մօտենամ»

Թրամփ. «Հըզպալլայի Թղթածրարը Սուրիոյ Յանձնելու Եւ Սուրիոյ Նախագահին Ուժ Տալու Կը Մօտենամ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Եթէ իրանցիները Հորմուզի նեղուցը փակեն, անոնց երկիրը պիտի ոչնչացուի»` աւելցնելով, որ իր երկիրը կրնայ նեղուցի պահապան հրեշտակը դառնալ եւ քարիւղի 20 առ հարիւրը առնել, «եւ կրնանք Հորմուզի նեղուցը մեր վերահսկողութեան տակ առնել, եթէ ստիպուինք»: «Եթէ Իրանի հետ համաձայնութիւն չգոյացնենք, Հորմուզի նեղուցէն անցքի համար տուրք պիտի հաստատենք, եւ եթէ Իրան Հորմուզի...

Առաջին Բեռնարկղներու Սէուտական  Արաբիա Ուղղուելուն Առիթով`  Սալամ. «Լիբանան Արաբներու Անվտանգութեան  Եւ Բարգաւաճումին Գործընկեր Պիտի Ըլլայ»

Առաջին Բեռնարկղներու Սէուտական Արաբիա Ուղղուելուն Առիթով` Սալամ. «Լիբանան Արաբներու Անվտանգութեան Եւ Բարգաւաճումին Գործընկեր Պիտի Ըլլայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ` մասնակցելու համար լիբանանեան արտածումներու դէմ հաստատուած արգելքի ջնջումէն ետք լիբանանեան արտադրութիւններով բեռցուած առաջին բեռնարկղներու Սէուտական Արաբիոյ Ժետտայի նաւահանգիստ ուղարկման արարողութեան: Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Այսօր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կը կանգնինք ականատեսը դառնալու Լիբանանի երկարատեւ սպասած պահու մը` Սէուտական Արաբիա լիբանանեան արտածումներու արգելքի վերացումէն ետք առաջին բեռնարկղներու Ժետտայի նաւահանգիստ ուղարկման»: Սալամ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած...

Զինադադարի Խախտումներէ Ետք.  Զգուշաւոր Հանդարտութիւնը Տիրական`  Հարաւային Լիբանանի Մէջ

Զինադադարի Խախտումներէ Ետք. Զգուշաւոր Հանդարտութիւնը Տիրական` Հարաւային Լիբանանի Մէջ

Շաբաթ օր հարաւային Լիբանանի վրայ տեղի ունեցան իսրայէլեան բուռն յարձակումներ: Իսրայէլեան բանակը ուրբաթ օր յայտարարուած զինադադարի խախտման համար այպանեց Հըզպալլան: Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ կայունութիւնը պիտի իրականանայ, եթէ Հըզպալլան դադրի զինադադարի համաձայնութիւնները խախտելէ»: Իսրայէլացի զինուորական պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը կուսակցութեան շղթայազերծած յարձակումներէն ետք «Հըզպալլայի թիրախներ» կը հարուածէ: «Հըզպալլան գիշերուան ընթացքին 50 հրթիռներ...

Հըզպալլան Բուռն Կերպով Հակադարձեց Ապու Նաամէ Նասերի Ահաբեկման

Հըզպալլա. «Զինադադարին Մեր Յանձնառութեան Կողքին Պիտի Չտատամսինք Թշնամիին Իր Բռնագրաւումը Ընդլայնելու Որեւէ Փորձի Դէմ Դնել»

Հըզպալլայի գործողութիւններու կեդրոնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին անգամ մը եւս կը պատրուակէ սուտ պնդումներ` արդարացնելու համար խախտելը զինադադարին, որ ոչ իսկ օր մը յարգեց, ներառեալ այն խախտումները, որոնք երէկ գիշերուընէ մինչեւ այսօր կը կատարէ»: «Իսլամական դիմադրութիւնը կ՛ընդգծէ, որ երէկ` ուրբաթ, 19 յունիս 2026-էն ի վեր զինադադարը յարգեց, նոյնիսկ հակառակ թշնամիին առաջին պահէն խախտելուն, սակայն իր մատը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զինադադարը երաշխաւողող եւ լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հեռացումը ծրագրաւորող փոխըմբռնումի հասնելու համար Լիբանանեան պաշտօնական հաղորդակցութիւնները տարբեր մակարդակներու վրայ կը շարունակուին»: . ՔԱՂԱՂԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն հսկայական ճնշումներ կը բանեցնէ Թել Աւիւի վրայ` ստիպելու համար, որ վերջ տայ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններուն. ատոր զուգահեռ Հըզպալլայի վրայ կը բանեցուին տեղական ճնշումներ, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները»:...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Մագլցում.   Բուռն Բախումներ Ալի Թահերի Մէջ

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Մագլցում. Բուռն Բախումներ Ալի Թահերի Մէջ

Անցնող օրերուն յարձակումներու համեմատական նուազումէն ետք, հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ արձանագրուեցաւ իսրայէլեան մագլցում մը, որուն հետեւանքով Նապաթիէ քաղաքին մէջ արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր: Իսրայէլեան ռմբակոծումը կեդրոնացաւ Նապաթիէ գաւառի գիւղերուն եւ գիւղաքաղաքներուն վրայ: Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Նապաթիէ քաղաքի, Շարքիէ, Հարուֆ, Քֆարսիր, Քֆարթպնիթ եւ Նապաթիէ Ֆաուքա գիւղերուն վրայ, իսկ իսրայէլեան հրետանին բուռն կերպով ռմբակոծեց Նապաթիէ քաղաքը, Քֆարժոզի շրջանը, ինչպէս նաեւ Քֆարրման, Զըպտին,...

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ  Հաւանական Աղէտ Մը Կանխարգիլուած Է

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Հաւանական Աղէտ Մը Կանխարգիլուած Է

Պետութեան անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց տեսերիզ մը, որուն մէջ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր անդամները Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ հաւանական աղէտ մը կանխարգիլած են «վճռական քայլով մը, որ 4 օգոստոս 2020-ի ողբերգութեան կրկնութիւնը արգիլեց, եւ յաջողեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստէն հեռացնել ու երկրէն վերարտածել չափազանց հրավառ նաւթամթերք մը»:  

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն Պաշտպանելու Խաղաղ Բնակիչներն  Ու Պահպանելու Արցախի Բնակիչներու  Իրաւունքները Յարգելու Իր Պարտաւորութիւնները

Ելեւմուտքի Նախարարութեան Հաստատած Պատժամիջոցներէն Ետք. Ուաշինկթըն. «Հըզպալլան Լիբանանի Առողջացման Մեծագոյն Խոչընդոտն Է, Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Գործունէութիւնը Զուգահեռ Իշխանութեան Համակարգը Կ՛ամրապնդէ»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Հըզպալլայի առնչուած եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն ներառող պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց. «Պատժամիջոցներ հաստատեցինք Հըզպալլայի դաշնակից լիբանանցի պաշտօնատարներու վրայ` պետութեան իշխանութիւնը կանոնաւոր կերպով սահմանափակելնուն համար»: «Հըզպալլայի դաշնակիցներուն գործունէութիւնը կ՛ամրապնդէ համակարգը զուգահեռ իշխանութեան, որ Լիբանանը տկար եւ պառակտուած կը պահէ», նշեց նախարարութիւնը: «Հըզպալլան Լիբանանի առողջացման մեծագոյն խոչընդոտն է եւ...

Page 29 of 985 1 … 28 29 30 … 985

Արխիւներ