. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Էրտողան անկեղծօրէն նախագահ Աունին նշեց, որ Իսրայէլի ծրագիրին նպատակը ոեւէ մէկու հետ խաղաղութեան կառուցումը չէ, եւ անոր յորդորեց աշխատանք տանելու Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնը ամրապնդելու, Դամասկոս այցելելու եւ Սուրիոյ նախագահ Շարհի հետ հանդիպելու»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետը, նախագահ Աունի Թուրքիա այցելութեան արդիւնքներուն հետեւելու ծիրին մէջ, մօտ օրէն Պէյրութ պիտի այցելէ: Այցելութիւնը պիտի կեդրոնանայ Էրտողանի եւ Աունի միջեւ գոյացած փոխըմբռնումներուն գործադրութեան եւ բանակցութիւններուն հետեւելուն վրայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Թուրքիան շրջանին մէջ ոչ միայն աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ հիմնական դերակատարութիւն ունի, այլ նաեւ տնտեսական մակարդակի վրայ, եւ Լիբանան իր գրաւը կը դնէ յառաջիկայ փուլին երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան զարգացման վրայ»:
. ԱՅՆ Թինէի այցելուները, վկայակոչելով խորհրդարանի նախագահը, «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի նախագահ Աունի հետ գումարած ժողովը յստակացնելու համար էր, թէ Իսրայէլ իրականութեան մէջ մտադիր չէ Լիբանանէն դուրս գալու, եւ Իսրայէլի համաձայնագիրը չյարգելը համաձայնութեան գործադրութեան պիտի չյանգեցնէ»:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին. «Շրջագծային համաձայնութիւնը մեռելածին է, ոչ ոք անոր մասին կը խօսի, եւ Իսրայէլ զայն թաղեց անոր գործադրութեան յանձնառու չըլլալով»:
. ԱՈՒՆ-ՊԸՐՐԻ հանդիպումին ծանօթ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Իշխանութեան երկու պետերուն միջեւ տեղի ունեցաւ անկեղծ խօսակցութիւն, առանց որ շրջագծային համաձայնութեան կամ ուղղակի բանակցութիւններու հարցին վերաբերեալ անոնց դիրքորոշումներուն մէջ փոփոխութեան յանգեցնէ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ներկայ փուլին չի թուիր փափաք ունենալ որեւէ հանդիպումի մասնակցիլ, սակայն Պասիլին յղեց փաստաթուղթի բովանդակութեան իր հաւանութիւնը»:
. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հռոմի ժողովը բանակցային ուղիին մէջ հիմնական փուլ կը նկատուի, եւ անոր ընթացքին պիտի քննարկուի փորձնական առաջին շրջանէն իսրայէլեան հեռացման ամբողջացումը եւ զինադադարի ամրապնդումը` առ ի պատրաստութիւն փորձնական երկրորդ շրջան անցում կատարելուն»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Իրաւական շրջագիծի բացակայութեան պատճառով Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ եւրոպական ուժի կազմութեան դժուարութեան լոյսին տակ, այսօր Լիբանանի մէջ մնալու հետաքրքրութիւն արտայայտող պետութիւններու շրջագիծը կ՛ընդլայնի: Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ կողքին, Ինտոնեզիան ու Չինաստանը փափաք յայտնեցին մասնակցելու»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Երեսփոխաններուն կատարած բարեփոխումները, խորհրդարանին կողմէ օրէնքի որդեգրման պարագային, իսլամականներու աւելի քան 70 առ հարիւրի անմիջապէս ազատ արձակման պիտի առաջնորդեն»:
. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Քաթարի արտաքին հարցերու պետական նախարարի Պէյրութ այցելութիւնը, որ նախապէս որոշուած էր, սակայն իշխանի հօր մահուան պատճառով յետաձգուեցաւ, շատ մօտալուտ դարձաւ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանին, մասնաւորաբար սահմանադրական ղեկավարութիւններուն ուղղուած պատգամները չդադրեցան, աշխուժ կերպով կը շարունակուին եւ ունին յստակ պարունակութիւն մը` անհրաժեշտ է խուսափիլ զինուորական մագլցումի մէջ ներքաշուելէ»:
. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլեան ընտրութիւնները միայն Լիբանանի կրակի լոյսին տակ կրնան տեղի ունենալ, եւ պատերազմի երրորդ փուլը կրնայ Նեթանիահուի նախընտրական քարոզարշաւի հիմնական տարրը ըլլալ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 42000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.444.000 լ.ո.-ի եւ 2.462.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 91000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.276.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.157.000 լ.ո.:


