Լիբանանեան

Փեզեշքիան. «Պատրաստ Չեմ Բանակցելու Համար  Ամերիկեան Նուաստացուցիչ  Պայմանները Ընդունելու»

Փեզեշքիան. «Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւնները Շրջանին, Մասնաւորաբար Լիբանանի Մէջ Լարուածութիւնը Թուլացուցին»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները տնտեսական առիթներ ստեղծեցին, եւ շրջանին, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը թուլացուցին: «Մենք կ՛ողջունենք ազգային շահերու երաշխաւորման համար երկխօսութիւնը եւ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ զիջում չկատարեցինք», նշեց Փեզեշքիան: Իրանի նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը շրջանային ու միջազգային հաւասարակշռութիւններուն մէջ ազդեցիկ ուժի վերածուած է, «եւ թշնամին, հակառակ ճնշումներուն, չկրցաւ մեզ ընկրկումի ենթարկել»: «Փոխըմբռնումը երկկողմանի հարց...

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը`  «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին.  «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Բանակներուն  Շրջագծային Համաձայնութեան Նկատմամբ  Յանձնառութեան Հսկողութեան Մէջ Դեր Պիտի Ունենանք»

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Բանակներուն Շրջագծային Համաձայնութեան Նկատմամբ Յանձնառութեան Հսկողութեան Մէջ Դեր Պիտի Ունենանք»

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց. «Լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն շրջագծային համաձայնութեան նկատմամբ յանձնառութեան հսկողութեան մէջ դեր պիտի ունենանք»: Ամերիկացի պաշտօնատարը ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին նշեց. «Մեր դերը կը ներառէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ գետնի վրայ ամերիկեան ուժերու օգտագործումը»: «2024 թուականի համաձայնութենէն ի վեր դիտարկման առաքելութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ ուժեր կը պահպանենք», ըսաւ պաշտօնատարը: «Մեր ուժերը այժմ պիտի ստանձնեն երկու...

Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական  Յանձնախումբը Վաւերացուց Բնակեցման  Արտօնագիրի Մասին Օրինագիծը

Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց Բնակեցման Արտօնագիրի Մասին Օրինագիծը

Գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ ներկայութեամբ երեսփոխաններ Էտկար Թրապուլսիի, Սեզար Ապի Խալիլի, Ատնան Թրապուլսիի, Հատի Ապու Հասանի, Հիւսէյն Ժաշիի, Ղասսան Աթալլայի եւ Ահմետ Ռըսթոմի: Ժողովին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ գաղթականներու հարցերու նախարար Քամալ Շհատէ եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Մահմուտ: Յանձնախումբը ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց,...

Քըրքաշ. «Ապու Տապին Լարուածութիւնը,  Սպառնալիքներն Ու Յարձակումը Իբրեւ  Միջին Արեւելքի Մէջ Նոր Իրականութիւն  Պիտի Չընդունի»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Քաղաքացիներուն Կ՛արտօնեն Լիբանան Այցելել

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկիրը երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ իր քաղաքացիներուն կ՛արտօնէ Լիբանան ճամբորդել: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Լիբանան այցելել ուզող քաղաքացիները պէտք է արձանագրուին «Գտնուելու վայրի ծառայութեան» մէջ, նախքան ճամբորդելը, եւ չեն կրնար արձանագրութիւնը աւարտելէ առաջ երկրէն մեկնիլ` ճամբորդութեան ընթացակարգերու կասեցումէն եւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկուելէ խուսափելու համար: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շրջանին մէջ զարգացումներուն պատճառով 30 ապրիլին...

Պայրագտարեան Ընդունեց Սէուտական  Արաբիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆահետ Պըն Ապտելռահման Տոսարին, որ փրոթոգոլային այցելութիւն տուաւ նախարարութիւն: Հանդիպումի ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանան-Սէուտական Արաբիա պատմական եւ արմատացած յարաբերութիւններու խորքը, թագաւորութեան աջակցութեան նկատմամբ Լիբանանի գնահատումը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ սէուտական առնչակից կողմերուն հետ գործակցութեան նոր հորիզոններ բանալու կարեւորութիւնը: Դեսպանը նաեւ շեշտեց...

Տանոն Ապահովութեան Խորհուրդին Կը Յայտնէ,  Որ Հըզպալլան Եւ Իրանը Ուաշինկթընի Մէջ  Լիբանանի Դեսպանին Կը Սպառնան

Տանոն Ապահովութեան Խորհուրդին Կը Յայտնէ, Որ Հըզպալլան Եւ Իրանը Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Կը Սպառնան

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յայտնեց, որ Հըզպալլան եւ Իրանը կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատին` անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութիւնը ստորագրելէն ետք: Տանոն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ բոլորը Իսրայէլի դիւանագիտական մեկուսացման մասին կը խօսին, սակայն նաեւ դրական զարգացումներ կան:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ի յայտ եկաւ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին չ՛ուզեր կառավարութեան տապալումը նպատակադրող որեւէ բախումի մէջ ներքաշուիլ: «Ըստ տեղեկութիւններու, Պըրրի սէուտական կողմին հետ չյայտարարուած հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտած է, որ կառավարութիւնը փողոցի ճամբով տապալելու որեւէ ծրագիրի նկատմամբ յանձնառու չէ: «Սակայն, միւս կողմէ, նշած է, որ Լիբանան-Իսրայէլ շրջագծային համաձայնութեան շուրջ առաջարկուած տարազը կը խաթարէ ազգային հաւասարակշռութեան խորքը` զգուշացնելով ներքին...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «Շրջագծային Համաձայնագիրը Պիտի Չգործադրուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած շրջագծային համաձայնագիրը որակեց «ցուցմունքներ», ըսելով, որ «անիկա 17 մայիս 1983-ի համաձայնութենէն տասնեակ անգամներով աւելի վատ է»` աւելցնելով. «Թող տասնապատիկը 17 մայիսի համաձայնութիւնը ըլլայ, սակայն ոչ այս համաձայնութիւնը»: Պըրրի շեշտեց, որ պէտք չէ դիմել փողոցին մէջ շարժումներու եւ հակազդեցութիւններու, որոնք կրնան շահագործուիլ, երկիրը քաոսի եւ ներքին կռիւներու...

Քաց. «Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական  Հրամանատարութեան Պետին Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացուցինք Լիբանանի, Սուրիոյ Եւ Կազայի Մէջ  Ապահովական Շրջաններէն Չքաշուելու Շուրջ»

Քաց. «Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութեան Պետին Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցինք Լիբանանի, Սուրիոյ Եւ Կազայի Մէջ Ապահովական Շրջաններէն Չքաշուելու Շուրջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Լիբանանեան բանակը յանկարծ Հըզպալլայի վրայ յարձակում գործող առիւծի պիտի չվերածուի, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լիբանանեան եւ իրանեան թատերաբեմերը Ամերիկայի շահին համար իրարու կապեց»: «Լիբանանի մէջ շրջանային ախորժակներ չունինք, սակայն Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ պիտի չհեռանանք», ըսաւ Քաց` աւելցնելով. «Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետին հետ համաձայնեցանք Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի մէջ ապահովական շրջաններէն...

Սալամ-Պըրրի Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Սալամ-Պըրրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կիրակի գիշեր հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ անոր հետ քննարկեց երկրի կացութիւնն ու զարգացումները: Սալամ Պըրրիի հետ համակարծիք գտնուեցաւ լիբանանցիներուն միջեւ որեւէ սադրանքի մերժման, անոր դէմ դնելու համար աշխատելու եւ քաղաքական որեւէ տարակարծութեան ազգային պառակտման եւ անհամաձայնութեան աղբիւրի վերածումը մերժելու շուրջ:

Նախարարաց Խորհուրդը Առկախեց Կարգ Մը  Ապրանքներու Վրայ Տուրքերու Հաստատումը

Նախարարաց Խորհուրդը Առկախեց Կարգ Մը Ապրանքներու Վրայ Տուրքերու Հաստատումը

Նախարարաց խորհուրդը վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նիստի աւարտին նշեց, որ արտակարգ նիստը գումարուած է մէկ օրակարգով, որ կը վերաբերի կարգ մը ապրանքներու վրայ տուրքերու հաստատման` նշելով, որ նախարարաց խորհուրդը, նկատի ունենալով ապրուստի ու տնտեսական ներկայ պայմանները, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքները, քննարկումէ ետք որոշեց առկախել 16 յունիս 2026 թուակիր թիւ 3214...

Սահեր Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Օրինակով  Բոլոր Երկիրներէն Վտարելու Իրանի Դեսպանները

Սահեր. «Լիբանանի Հետ Խաղաղութիւնը Կարելի Է, Պայմանով Որ Հըզպալլայի Ճամբով Լիբանանի Իրանեան Բռնագրաւումին Վերջ Տրուի»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր նշեց. «Իսրայէլի ռազմավարական նպատակը Լիբանանի հետ խաղաղութեան եւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումն է»: Ան ըսաւ, որ այս ձգտումը կարելի է, «պայմանով, որ Հըզպալլայի ճամբով Լիբանանի իրանեան բռնագրաւումին վերջ տրուի»: «Վերջին համաձայնութիւնը երկու երկիրներուն հասարակաց մէկ ձգտումը կ՛արտացոլէ», յայտնեց Սահեր` նշելով. «Լիբանան իրանեան իրողական բռնագրաւումի տակ է, որ կը գործադրուի Հըզպալլա շարժումին կողմէ, իբրեւ Թեհրանի գործակատար»:...

Քումաթի. «Դիմադրութեան Զէնքին Երկարող Ձեռքը  Կտրելու Խօսքը Ուղղուած Է Իսրայէլացիին,  Հաւատադրժողականներուն Եւ Ներքին Հրեաներուն»

Քումաթի. «Շրջագծային Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Պիտի Չարտօնենք Եւ Մօտիկ Ապագային Կառավարութենէն Պիտի Չհրաժարինք»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի «Արապի Ժատիտ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլան սկիզբէն` նախքան շրջագծային համաձայնութեան գոյացումն ու ստորագրուիլը, մերժեց Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնը եւ յայտնեց, որ անոր բոլոր արդիւնքները մերժելի են, զանոնք չի ճանչնար եւ պիտի չյարգէ, եւ այդ դիրքորոշումը տակաւին նոյնն է»: «Արդիւնքները սպասելի էին եւ զարմանալի չէին, յատկապէս այն բանէն ետք, երբ կառավարութիւնը` իր...

Ժոմպլաթ. «Ասիկա Երկարատեւ Պատերազմ Է`  Հետեւանքներով, Զորս Կարելի Չէ Երեւակայել.  Միայն Ազգային Միասնութիւնը Մեզ Կը Պաշտպանէ»

Ժոմպլաթ. «Աւագ Բանագնացները, Պաապտայի Պալատի Բարձրաստիճան Խորհրդականներն Ու Վարչապետարանի Փորձագէտները Անտեսեցին Զինադուլի Համաձայնութիւնը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Յիշեցման կարգով. զինադուլի (1949 թուականի, «Ա.») համաձայնագիրը հիմնարար նշանակութիւն ունի Լիբանանի պետութեան եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններուն համար, որովհետեւ անիկա Թաէֆի համաձայնագիրին մէկ անբաժանելի մասը կը կազմէ: «Անիկա նշուած է երդման արարողութեան խօսքին մէջ եւ ընդգծուած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ: Սակայն, աւագ բանագնացները, Պաապտայի պալատի բարձրաստիճան խորհրդականներն ու վարչապետարանի մասնագէտներու խումբը որոշեցին զայն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Շրջագծային համաձայնութիւնը պիտի ներկայացուի կառավարութեան առաջին նիստին, ուր պէտք է նախարարներու երկու երրորդի զօրակցութեան արժանանայ, եւ սահմանադրութեան համաձայն, համաձայնութիւնը պէտք է նաեւ հաւանութեան համար խորհրդարան ուղարկուի, որպէսզի անոր կնքումը սահմանադրութեան համահունչ ըլլայ»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «26 յունիսի համաձայնութիւնը Լիբանան-Իսրայէլ հակամարտութեան մէջ շրջադարձի մեծ կէտ մը պիտի ըլլայ` անկախ Իսլամապատի բանակցութիւններէն եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնագիրի առնչուած զինուորական լարուածութենէն,...

Լիբանան Եւ Իսրայէլ Պաշտօնապէս Ստորագրեցին Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը

Լիբանան Եւ Իսրայէլ Պաշտօնապէս Ստորագրեցին Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը

Լիբանան եւ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնապէս ստորագրեցին եռակողմ շրջագծային համաձայնութիւն մը: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կնքուած համաձայնութիւնը հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան աստիճանական փոխանցման, ներառեալ որոշակի գօտիներու լիբանանեան բանակին յանձնման ճամբան կը հարթէ: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը աղբիւրներ մէջբերելով նշեց. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը կը պարունակէ ապահովական գաղտնի յաւելուած մը, որուն յօդուածները չեն բացայայտուած»` աւելցնելով, որ համաձայնութեան հիմամբ ստեղծուելիք միացեալ...

Աուն-Թրամփ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Աուն-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ գիշեր հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ զինք շնորհաւորած Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ, շրջագծային համաձայնութեան ստորագրութեան առիթով` ընդգծելով, որ իր երկիրը կը կանգնի Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի կողքին, եւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ու կայունութեան վերականգնման նպատակով աշխատանք կը տանի համաձայնութեան բոլոր կէտերու գործադրութեան համար: Թրամփ Աունին...

Շըրրի. «Իսրայէլ Կ՛ուզէ Լիբանանցիներուն  Միջեւ Պատերազմ Յառաջացնել»

Շըրրի. «Իսրայէլ Կ՛ուզէ Լիբանանցիներուն Միջեւ Պատերազմ Յառաջացնել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին վերահաստատեց Հըզպալլայի` Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները մերժող դիրքորոշումը: Շըրրի աւելցուց, որ Իսրայէլ կը փորձէ լիբանանցիներուն միջեւ պատերազմ յառաջացնել` իրագործելու համար այն, ինչ որ երկու պատերազմներու ընթացքին ձախողեցաւ իրագործել, եւ կը շարունակէ Լիբանանը մղել յաւելեալ զիջումներու: Երեսփոխանը ըսաւ, որ լիբանանեան բանակին Լիթանի գետէն հարաւ տեղակայման Հըզպալլայի հաւանութիւնը պայմանաւորուած է շրջանէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Համաձայնութիւնը Իսրայէլին կը տրամադրէ թիւով ոչ քիչ եղող ձեռքբերումներ, սակայն սառի վրայ գրուած է, եւ որպէսզի համաձայնութիւնը յաջողի, պէտք է Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դիմակայման ներքին թղթածրարը փակել, եւ ոչ ոք այդ մէկը կատարելու ուժը կամ ժամանակը ունի»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն հեռացման կշռոյթը կախեալ է գետնի վրայ...

Ռուպիօ. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Երէկուան Բանակցութիւններու  Արդիւնքները Շատ Լաւ Էին»

Ռուպիօ. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Երէկուան Բանակցութիւններու Արդիւնքները Շատ Լաւ Էին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց. «Հորմուզի նեղուցէն անցքը պէտք է պատերազմէն առաջուան կացութեան վերադառնայ, եւ կը յուսանք, որ այսօր կը կարողանանք երէկ Լիբանանի եւ Իսրայէլի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին վրայ յենիլ»: «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երէկուան բանակցութիւններուն արդիւնքները շատ լաւ էին, եւ փոխըմբռնման յուշագիրը համապարփակ համաձայնութիւն մը չէ, այլ բանակցութիւններու ընդհանուր գիծեր մշակող փաստաթուղթ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան...

Page 27 of 985 1 … 26 27 28 … 985

Արխիւներ