Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կառավարութեան անունով խոստացաւ պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը համապատասխան դարձնել երկրին ելեւմտական իրավիճակին:
Միքաթի առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Համիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետի պաշտօնատարը ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, որմէ Միքաթի իմացաւ ընկերութեան ընդհանուր վիճակին մասին մանրամասնութիւններ:


