Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Կազայի պատերազմէն ետք պէտք է սեղանը Իրանի եւ շրջանին մէջ անոր հետեւորդներուն վրայ շրջել, ինչպէս նաեւ պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել:
Միւս կողմէ, Հէյլ ընդգծեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այս փուլին ատակ անձնաւորութիւնն է:
Միւս կողմէ, լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութեան յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խորհրդարանին կողմէ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը արգիլեց յաւելեալ դատարկ պաշտօններ ունենալու կարելիութիւնը:
Յանձնախումբը ընդգծեց, որ այդ որոշումը հիմնական էր` նախագահական ընտրութիւն կատարելու ուղղութեամբ, նկատել տալով, որ արտերկրի լիբանանցիները կ՛ողջունեն խորհրդարանին վաւերացուցած այս որոշումը եւ զայն կը նկատեն լիբանանեան գերիշխանութեան զօրակցող որոշում:


