Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, շեշտեց, որ յանձնախումբը սերտեց պաշտպանութեան նախարարութեան եւ անոր պատկանող հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն պիւտճէի ծրագիրը:
Ան նկատել տուաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը ամավարկին մասին իր պատկերացումը յղած էր յանձնախումբին` աւելցնելով, որ այդ պատկերացումին հիման վրայ բարեփոխումի ենթարկուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած պիւտճէի ծրագիրը:
«Մենք կարելիի սահմաններուն մէջ կը գործենք` ամավարկին մէջ լաւագոյնը տրամադրելու լիբանանեան բանակին: Ամէն ճիգ ի գործ կը դնենք, որպէսզի 2024-ի պետական ամավարկը հարկային իր աղէտներով չհրապարակուի` կառավարական հրամանագիրով մը, եւ այդ նպատակով ալ ամէնօրեայ նիստեր կը գումարենք», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, նախանցեալ օր Քանաան նախագահեց յանձնախումբին մէկ այլ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ:
Յանձնախումբը քննարկեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան պիւտճէի ծրագիրը, որուն մէջ նշմարեց, թէ հանրային բարօրութիւնը ապահովող նորոգութիւններ կատարելու համար նախարարութեան կարիքը կը հասնի 248 միլիոն տոլարի, իսկ կառավարութիւնը այդ բաժինին տրամադրած է միայն 61 միլիոն տոլար:
Քանաան նկատել տուաւ, որ նոյն օրինակով Պէյրութի միջազգային օդակայանին նորոգութեան համար կարիքը կայ 250 միլիառ լ. ոսկիի, իսկ կառավարութիւնը տրամադրած է միայն 3 միլիառ լ. ոսկի:
Քանաան հաստատեց, որ կառավարութիւնը խորհրդարան կը յղէ օրինագիծեր, որոնք լաւ չեն սերտուած:


