. ԻՍՐԱՅԷԼ 1100 թոն պայթուցիկ նիւթերով պայթեցուց Ալի Թահեր բարձունքները:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռ. «Իսրայէլեան ուժերը հեռացան Ալի Թահեր բարձունքներէն եւ տեղակայուեցան Շքիֆի շրջանին մէջ ետեւի դիրքերու վրայ: Մեր ուժերը Ալի Թահեր բարձունքները կրակային վերահսկողութեան տակ առած են, եւ Հըզպալլայի այդտեղ վերադառնալու որեւէ փորձի դէմ պիտի դնեն»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պետական պատկերասփիւռ. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը պիտի գումարուի երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր, Հռոմի մէջ:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պետութիւնը մինչեւ երէկ գիշեր տակաւին Հռոմի մէջ բանակցութիւններու նոր փուլի թուականէն տեղեակ չէր, հակառակ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանի այն յայտարարութեան, թէ անիկա պիտի գումարուի երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանան տակաւին ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններու որեւէ թուականի մասին չտեղեկացաւ: Լիբանանեան կողմը ամերիկացիներուն ըսած էր, թէ կը նախընտրէ, որ բանակցութիւնները 16 սեպտեմբերին տեղի ունենան»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակին Նապաթիէի մէջ տեղակայուելու քայլը առնուեցաւ նախագահին հրամանով եւ Պըրրիի կողմէ շիիական հաւանութեամբ, այդ տեղակայումը պիտի ընդլայնուի ներառելու համար Նապաթիէի, Սուրի եւ Զահրանիի մէջ գիւղեր: Այս որոշումը միայն ապահովական չէ, այլեւ` նախ եւ առաջ քաղաքական»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պետութիւնը յոյս կը դնէ Ուաշինկթընի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ կապերուն վրայ` հարաւային Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու համար, միեւնոյն ժամանակ փնտռելով այս փուլը կարելի եղածին չափ քիչ կորուստներով յաղթահարելու ձեւը: Բայց եւ այնպէս, Հըզպալլայի զէնքին վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը կը թուին նոյնը ըլլալ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ արաբ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը մէջբերելով «Տիար» օրաթերթին յայտնած են. «Կացութիւնը շատ վտանգաւոր է, եւ Եմէնի մէջ իրանեան խիստ «պատգամէն» ետք «երկրաշարժ» մը հարուածեց Արաբական ծոցի շրջանը, եւ հարցը կարիք ունի շտապ աշխատանքի` իրավիճակը շտկելու համար»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանգստեան կոչուած զինուորականներու եւ պետական պաշտօնեաներու պահանջները արդար են, սակայն Ալի Թահերի անկումէն ու Հըզպալլայի եւ Իրանի ազդեցութեան նահանջէն ետք փողոցը տեղաշարժի ենթարկելը կեղծիքով հիմնաւորուած արդար պահանջի տրամաբանութեան ծիրին մէջ է»:
. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան անվտանգութեան ուժերը, նախ եւ առաջ բանակը Եւրոպական խորհուրդին հետ գործակցելու նոր ծրագիրի մը դէմ յանդիման կը գտնուին: Ծրագիրը աջակցութիւն պիտի տրամադրէ մարզումի եւ խորհրդատուութեան ոլորտներուն մէջ, եւ ամբողջացումը պիտի ըլլայ ներկայ աջակցութեան»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզիններու գիները բարձրացան 49000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.679.000 լ.ո.-ի եւ 2.697.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 52000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.539.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.190.000 լ.ո.:


