Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 11, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատը յայտարարեց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն հրապարակած է դրամատուներու բարեկարգման, կացութեան եւ վերադասաւորման 10 սեպտեմբերի թիւ 71 օրէնքը, որ կը բարեփոխէ 14 օգոստոս 2025-ի թիւ 23 օրէնքը:

. ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ ցրուողներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա հերքեց պենզինին վրայ նոր տուրք հաստատելու մասին տարաձայնութիւնները եւ նշեց, որ պենզինին գինը ուրբաթ առաւօտեան շուրջ 30 տոլարի պիտի հասնի:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Այլեւս հաստատ է, որ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները պիտի յետաձգուին լիբանանեան բանակին աջակցութեան նախապատրաստութեան Փարիզի խորհրդաժողովէն ետք. խորհրդաժողովին Ուաշինկթըն պիտի մասնակցի զօր. Քլիրֆիլտի ճամբով»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակի տեղակայման ամրապնդումը ներքին եւ արտաքին շրջանակներուն կը յղէ պատգամ մը, թէ պետութիւնը իր իշխանութիւնը հաստատելու եւ իր քաղաքացիները պաշտպանելու հարցին մէջ վճռական է: Երբ բանակը ներկայ է, Իսրայէլ դէմ առ դէմ կանգնած կ՛ըլլայ Լիբանանի պետութեան, եւ ոչ թէ միլիսներու»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այլեւս կարելի է ըսել, թէ Նապաթիէն ու անոր մերձակայքը օրինականութեան ձեռքն են, որովհետեւ բանակը, որ արդէն ներկայ էր, իր տեղակայումը աշխուժացուց եւ գետնի վրայ իր վերահսկողութիւնը ամրապնդեց»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Ալի Թահերի դատարկումը Հըզպալլայի Թեհրանէն անկախ ինքնագլուխ որոշում մը չէր, այլ բազմաթիւ միջնորդներու ճամբով պատրաստուած իրանեան կարգաւորման մը պսակումը, որ ապահովեց բլուրին տակ գտնուող Յեղափոխական պահակագունդի զինուորական փորձագէտներու անվտանգ հեռացումը»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Համաներման օրէնքի վերջնական բնագիրին շուրջ կասկածները կ՛աւելնան` լոյսին տակ որոշ երեսփոխաններու շշուկներուն, թէ խորհրդարանին կողմէ քուէարկուած տարբերակը որոշ մանրամասնութիւններով պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ հրապարակուածէն կը տարբերի»:

. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Դատաւորներ համաներման օրէնքի իրողական գետնի վրայ կիրարկումը կը նկատեն չափազանց դժուար, եւ իւրաքանչիւր թղթածրարի համար կը պահանջուի առանձին քննութիւն: Ուրբաթ օր ընդհանուր դատախազի նախագահութեամբ  բոլոր դատախազներու ընդլայնուած ժողով մը պիտի գումարուի»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Մուտուն»-ին. «Արդարադատական իշխանութիւնները մտադիր են ստեղծել միացեալ «կեդրոնական կէտ» մը` ստուգելու համար կալանաւորուածներու տուեալները` տարբեր դատարաններու կողմէ անոնց դէմ բոլոր դատերէն տեղեակ ըլլալու համար, ինչ որ երկար ժամանակ պահանջող գործողութիւն է»:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը 15 Սեպտեմբերին Պիտի Քուէարկէ Հայաստանի Համար Մաքսային Արտօնութիւններ Սահմանելու Հարցին Շուրջ

Յաջորդը

Իզէտտին. «Լիբանանեան Իշխանութիւնը Մեղսակից Է Լիբանանի Մէջ Որեւէ Տեղ Թափուած Արիւնին»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.