Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 15, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Բանակի աջակցութեան Փարիզի նախապատրաստական ժողովի նախօրեակին Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. վեհաժողով մը տեղի պիտի ունենայ»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «մինչեւ հիմա Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու ո՛չ սեպտեմբերին, ո՛չ ալ հոկտեմբերին ճշդուած թուական գոյութիւն ունի»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններու հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու որոշումով ու մղումով: Ուաշինկթըն անհրաժեշտ կը նկատէ բանակցութիւններու յետաձգուած փուլը փոխարինել յառաջընթացով մը, որպէսզի երկու կողմերն ալ չզգան, թէ բանակցային հոլովոյթը անարդիւնաւէտ է»:

. ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ հոլովոյթին ծանօթ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու փուլերը քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումը դրին ճիշդ ուղիի վրայ, եւ մենք կրցանք ձեռք բերել շրջագծային համաձայնագիրը ամերիկացի հովանաւորին անմիջական հովանաւորութեամբ ու գործընկերութեամբ, սակայն Իսրայէլի կողմէ ձգձգումը եւ համաձայնագիրի խախտումը այս ամբողջ հոլովոյթը վերածեցին դատարկ շրջանակի մէջ պտոյտի»:

. ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ հոլովոյթին ծանօթ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բոլոր լիբանանցիները իրաւունք ունին կասկածի տակ առնելու բանակցութիւններու եւ շրջագծային համաձայնագիրի օգտակարութիւնը, քանի տակաւին Իսրայէլ սկիզբէն ի վեր կը խաթարէ այս հոլովոյթը եւ չէ ձեռնարկած որեւէ քայլի, որ համաձայնագիրին նկատմամբ իր յանձնառութեան հաւաստիութիւնը կ՛ապացուցէ, այլ ընդհակառակն` կասկածելի ձեւով կ՛ուժեղացնէ իր յարձակումները»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Յայտնի է, թէ Նեթանիահուն բացարձակապէս խանդավառ չէ բանակցութեան սեղան նստելու եւ Ուաշինկթընի պահանջած որեւէ զիջում կատարելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն նախօրեակին, որոնց մէջ կը փորձէ առաջնահերթութիւնը տալ մագլցումին ու մարտադաշտին»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Հըզպալլան տակաւին անձնատուր չեղաւ, եւ Իսրայէլ պէտք է արագ կերպով աշխատի լիբանանեան կառավարութիւնը ամրապնդելու համար»:

. ԻՐԱՆԵԱՆ «Ֆարս» լրատու գործակալութիւն. «Լրատուամիջոցներու պնդումը, թէ հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր փապուղիին մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի շարք մը անդամներ պաշարուած են, ճիշդ չէ»:

. ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ժապեր «Տիար» օրաթերթին. «Դրամատուներու բարեփոխման օրէնքի որոշումը բացառապէս բարեկարգչական է, սակայն հիմնականը ելեւմտական բացի օրինագիծի որդեգրումն է: Բարեկարգումներու գնացքը յառաջ կ՛ընթանայ, սակայն դանդաղ կերպով, եւ ներկայ փուլին առաջնահերթութիւնը բարեկարգչական աշխատանքի թափը պահպանելն ու իրագործուածին վրայ կառուցելն է»:

 

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

Յաջորդը

Նախկին Երեսփոխան Տորի Շամուն Մահացաւ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.