Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն քուէարկողներուն հրաւէրը պիտի ուղղուի 4 ապրիլէն առաջ, «այսինքն` 4 մայիսին նախատեսուած առաջին փուլէն մէկ ամիս առաջ»:
«Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան մօտ թեքնիք յետաձգումը բացառուած է», նշեց ան:
Մինչ որեւէ յետաձգում խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական նիստի ընթացքին օրէնքի վաւերացում կը պահանջէ, խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սամատ «Նիտա Ուաթան»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով թեքնիք յետաձգման հարցին նշած է. «Ատիկա պարզապէս խօսք է, պատրաստութիւնները ընթացքին մէջ են, եւ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի ունենան»:


