Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Բարեկարգումը լիբանանեան կարիք է եւ ոչ միայն միջազգային կամ շրջանային պահանջ»:
«Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ հողերու եւ բլուրներու բռնագրաւման շարունակումը կը խոչընդոտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը եւ կը հակասէ համաձայնութեան, որ անցեալ նոյեմբերին գոյացաւ», ըսաւ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շեշտեց. «Իսրայէլ մերժեց հինգ բլուրները դատարկելու համար Լիբանանի ներկայացուցած բոլոր առաջարկները»:
Պերպոք իր կարգին ընդգծեց բարեկարգումներ կատարելու որոշումի կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է Լիբանանի, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանի կացութեամբ:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին Պերպոքի հետ հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց. «Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդումը կը սկսի հարաւէն»:
«Կայունութեան հաստատումը Լիբանանին աջակցութիւն կ՛ենթադրէ տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար վերաշինութեան թղթածրարին, եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ, մանաւանդ որ կառավարութիւնը շարունակեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները եւ բարեկարգումի համապարփակ ծրագիր հաստատեց, եւ իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ յանձնառու դարձաւ բարեկարգումին` իբրեւ ազգային կարիք եւ անհրաժեշտութիւն», նշեց վարչապետը:
«Սուրիոյ մէջ, այդտեղ տեղի ունեցած փոփոխութեան հիմամբ լուրջ առիթ գոյութիւն ունի», ըսաւ Սալամ` Գերմանիոյ կոչ ուղղելով սուրիացի գաղթականներու տունդարձի անհրաժեշտ պայմանները ապահովելու:
Պերպոք իր կարգին յայտնեց, որ Գերմանիան այս փուլին կը շարունակէ Լիբանանին աջակցիլ` աւելցնելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մասնակցութեան ճամբով լիբանանեան բանակի աջակցութեան շարունակումը:


