Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաշեմ. «Իսրայէլեան Գոյացութեան Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Լիբանանի Վրայ Ճնշումները Շրջանը Պիտի Ներքաշեն Վտանգաւոր Փուլի Մէջ»

March 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքին եւ մասնաւորաբար Լիբանանին խոստացած խաղաղութիւնը, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամբողջ արաբական աշխարհի մէջ Իսրայէլի ծրագիրներուն ու ձգտումներուն ծիրին մէջ, վերածուեցաւ յաւելեալ պատերազմներու կոչերու, «եւ այդ է, որ այսօր հարաւային Լիբանանի մէջ կը տեսնենք լիբանանեան գերիշխանութեան վրայ իսրայէլեան առօրեայ յարձակումներու ճամբով, մինչ ամբողջ աշխարհը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ միջազգային դերակատարները կը լռեն:

Հաշեմ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ անոր ետին կանգնող Միացեալ Նահանգներու` Լիբանանը սիոնական գոյացութեան հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մղելու համար բանեցուցած զինուորական ու ապահովական ճնշումները ամբողջ շրջանը պիտի ներքաշեն վտանգաւոր փուլի մը մէջ, որ ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կ՛աւարտի, մանաւանդ որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ՄԱԿ-ի մէջ ցոյց տուած մեծն Իսրայէլի քարտէսը սկսաւ ուրուագծուիլ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարաւին մէջ:

Երեսփոխանը նշեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի կ՛ունենայ, Իսրայէլի աշխարհաքաղաքական ծրագիրէն անջատ չէ:

«Ներլիբանանեան առումով ցաւալին գոյութիւնն է բարձր ձայներու, որոնք իսրայէլացի թշնամիի քանդածներու վերաշինութիւնը կը կապեն շրջանին մէջ ներկայ զարգացումներուն: Պատկերասփիւռէն ելոյթ ունեցող եւ լրատուական մարզի մէջ լայն փորձառութիւն ունենալ յաւակնող լրագրողներ մեզ ապշեցուցին աւետելով, թէ այլեւս պայմաններն ու մթնոլորտը պատրաստ են իսրայէլացի թշնամիին հետ խաղաղութիւն հաստատելու: Ատիկա տեղի կ՛ունենայ այն պահուն, երբ Լիբանան աւելի քան երբեւէ կարիքը ունի միասնականութեան եւ անոր զաւակներուն, քաղաքական ու կրօնական ղեկավարներու կողք-կողքի կանգնելուն` շրջանցելու համար ներկայ փուլը եւ Լիբանանի միութիւնը պահպանելու համար:

«Լիբանանի վրայ ճնշումները յառաջիկայ օրերուն կրնան ընդլայնիլ, որովհետեւ այն, որուն իսրայէլացի թշնամին ու անոր թիկունքին կանգնող ամերիկացին կը ձգտին, շատ աւելին է, քան միջազգային որոշումի մը կամ զինադադարի մը գործադրութիւնը: Փաստը լիբանանան շրջաններու վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներու շարունակումն է, հակառակ Պաապտայի պալատէն կամ Այն Թինէէն շարունակ կատարուող այն յայտարարութեան, թէ Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, եւ լիբանանեան բանակը շարունակեց, զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ, Լիթանի գետի հարաւը գտնուող շրջանին մէջ իր տեղակայումը», ըսաւ Հաշեմ:

 

Նախորդը

Հաժժար. «Ընտրութիւններուն Քուէարկողներուն Հրաւէրը Պիտի Ուղղուի 4 Ապրիլէն Առաջ»

Յաջորդը

Պերպոքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Իսրայէլ Հինգ Բլուրները Դատարկելու Համար Լիբանանի Ներկայացուցած Բոլոր Առաջարկները Մերժեց»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.