Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը 1-2 յունուարին խախտած է զինադադարը, սակայն կրակոցները սովորականէն աւելի չեն եղած: Այս մասին երէկ յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան:
«Զինադադարը խախտուած է, կրակոցները սովորականին նման եղած են, արտակարգ ոչ մէկ դէպք եղած է: Իրավիճակը վերահսկելի է», ըսած է ան: