Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

January 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010215_armeniaԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան երէկուընէ ի վեր միացած է Եւրասիական տնտեսական միութեան: Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը ստորագրուած էր 10 հոկտեմբեր 2014-ին:

Հայաստան 2 յունուար 2015-էն կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ, սակայն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմիններուն մէջ պիտի ներկայանայ փոքր կազմով` մինչեւ անոնց լիազօրութիւններուն աւարտը:

Մինչեւ 2015-ի աւարտը, մինչեւ աւարտի անոնց լիազօրութիւններու ժամկէտը, Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի կազմին մէջ պիտի ներկայանայ երեք անդամներով, որոնք քուէարկութիւններու ընթացքին պիտի ունենան մէկ ձայն:

Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածք ներածուող ապրանքներու մաքսատուրքերուն բաշխման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի շահաբաժինը պիտի կազմէ 1,13 առ հարիւր: Նոյն ատեն Պիելոռուսիոյ բաժինը պիտի կրճատուի` 4,7 առ հարիւրէն 4,65 առ հարիւրի, Ղազախստանինը` 7,3 առ հարիւրէն 7,25 առ հարիւրի, իսկ Ռուսիոյ բաժինը` 88 առ հարիւրէն 86,97 առ հարիւրի:

Ծառայութիւններու մարզին մէջ Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամներու համաձայնութիւններուն պիտի միանայ ընդհանուր հիմունքներով, իսկ առեւտուրի մարզին մէջ նախատեսուած է աստիճանական անցում Եւրասիական տնտեսական միութեան միասնական մաքսային սակագինին` մինչեւ 2022:

Մինչեւ 2022 Հայաստան պիտի կարենայ կիրարկել Եւրասիական տնտեսական միութեան դրոյքներէն տարբեր մաքսատուրքեր շարք մը ապրանքներու համար, ներառեալ` միսի եւ մտամթերքի: Մինչեւ 2020 հանրապետութեան համար պիտի գործէ առանձին սակագին որոշ կաթնամթերքի, հաւկիթի, մեղրի, իսկ մինչեւ 2019` միրգերու որոշ տեսակներու համար:

Բացի ատկէ, Հայաստանը մինչեւ 2018 զերոյական մաքսատուրքեր պիտի կիրարկէ պենզինին համար, իսկ միասնական մաքսային սակագինին անցում պիտի կատարէ 2020-ին:

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու կապակցութեամբ Հայաստան բանակցութիւններու պիտի սկսի Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հետ` իր պարտաւորութիւններուն փոփոխութեան շուրջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորած է իր հայ պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանը Հայաստանի` պաշտօնապէս Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելուն առիթով:

«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը շնորհաւորած է իր հայ պաշտօնակիցը Հայաստանի` պաշտօնապէս Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելուն կապակցութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են շարք մը արդիական հարցեր` համարկումի ծիրին մէջ համագործակցութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Եռօրեայ Սուգի Մթնոլորտի Մէջ. Նախկին Վարչապետ Օմար Քարամէ Հրաժեշտ Տուաւ Լիբանանին

Յաջորդը

Վահանը` Վահանի Վրայ

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան  Յարաբերութիւններուն Վերաբերող  Եւ Շրջանային Հարցեր
Հայկական

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Եւ Շրջանային Հարցեր

January 10, 2026
Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան  Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները
Հայկական

Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները

January 10, 2026
Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.