Մահացած Է Հայաստան – Թուրքիա Փորձի Փոխանակման Ծրագիրով Երեւան Եկած Լրագրողը
7 յունուարին Երեւանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է լրագրող Կայէ Ճոշար, որ 2014 թուականի 26 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած էր: Կայէ Ճոշար 2014 թուականի նոյեմբերէն «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին մէջ ներառուած էր իբրեւ լրագրող եւ հետազօտող, Թուրքիայէն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի կողմէ իրականացուող փորձի փոխանակման նախագիծով: Նախագիծը Եւրոպական Միութեան դրամական յատկացումով իրականացուող «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու...