Ալիեւը Հայաստանը Կը Մեղադրէ Տագնապի Լուծման «Պատրանքին» Ստեղծումով
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ 2014 թուականին Հայաստանը կիրարկած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման պատրանքի մարտավարութիւն: Այս մասին, «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ի փոխանցումով, Ալիեւ յայտարարած է կառավարութեան հետ ընդլայնուած նիստին ընթացքին ու պնդած, որ անցեալ տարի Հայաստանը տագնապի լուծման ուղղուած որեւէ կառուցողական քայլ չէ առած: Ալիեւ նշած է, որ միջազգային գետնի վրայ Ազրպէյճանի «դրական պատկերը փճացնելու» բոլոր փորձերը «դատապարտուած են անյաջողութեան»` աւելցնելով,...