Հայկական

Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը  Հայ Երիտասարդներ Պիտի Հրաւիրէ Թուրքիա

Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը Հայ Երիտասարդներ Պիտի Հրաւիրէ Թուրքիա

Էօմեր Չելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ` Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը պատրաստութիւններ կը տեսնէ: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էօմեր Չելիք յայտարարած է, որ հայ երիտասարդներ Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալելու վերաբերեալ ծրագիրի մը վրայ կ՛աշխատին: Նպատակը պատմութեան ծալքերը հայ երիտասարդներուն «լուսաբանելն» է: «Մեզի համար ամէնէն կարեւորը, խորհրդարաններու կողմէ որոշումներու կայացումէն աւելի, աշխարհի հանրութեան ճիշդ տեղեկութիւն փոխանցելն է, որպէսզի դէպքերուն նային մեր...

Երեւանի Արձագանգը  Փարիզի Ահաբեկչութեան

Երեւանի Արձագանգը Փարիզի Ահաբեկչութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Էդուարդ Նալբանդեանի ցաւակցական ուղերձը` Փարիզի ահաբեկչական իրադարձութեան կապուած: Ուղերձին մէջ  նախարարը նշած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք 7 յունուարին Փարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» պարբերականի խմբագրութեան մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը, որուն պատճառով բազմաթիւ  մարդկային զոհեր կան:   Մեր ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը կը  յայտնեմ բարեկամ Ֆրանսայի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն, «Շարլի Էպտօ» պարբերականի խմբագրութեան եւ զոհերու  հարազատներուն: Ծայրայեղականներու այսպիսի...

Լուիս Ալմակրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային  Ընտանիքին Ճանչնալու  Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Լուիս Ալմակրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին Ճանչնալու Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Կիրակի, 4 յունուարին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ հանդիպում մը ունեցան Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար տոքթ. Լուիս Ալմակրոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն կարգին յատկապէս քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի քաղաքական իրադարձութիւններն ու Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի բազմաթիւ խախտումները, ինչ որ նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց: Նախարար Ալմակրօ նոյնպէս կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը...

Ազրպէյճան Կը Բազմապատկէ  Զինադադարի Խախտումները

Ազրպէյճան Կը Բազմապատկէ Զինադադարի Խախտումները

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իրադրութիւնը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ կը մնայ լարուած եւ  հակառակորդը բազմապատկած է զինադադարի խախտումները  ամբողջ  առաջին գիծին երկայնքին: «4 յունուարի գիշերը հակառակորդին կողմէ արձանագրուած են զինադադարի 350 խախտումներ, որոնց ընթացքին, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ, հայ դիրքապահներուն  ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 4500 կրակոցներ: Բացի հրաձգային զէնքերէ, հակառակորդը սահմանագիծին  տարբեր հատուածներուն...

Վերջին Հրաժեշտ Եւ Յուղարկաւորութիւն` Վահան Յովհաննիսեանին

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ շաբաթ, 3 յունուար 2015-ին տեղի ունեցաւ վերջին հրաժեշտը Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանին: Վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ իր խօսքին մէջ  անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեան...

Նայիր Շուրջդ,  Դու Բոլորի Մէջ Ես…

Նայիր Շուրջդ, Դու Բոլորի Մէջ Ես…

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը` Վահան Յովհաննիսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութեան. Որքան մարդկանց սրտեր է հիմա տակնուվրայ անում ափսոսանքի ու ցաւի զգացումը... Վահան ջան, գնալուցդ յետոյ այնքան բան եմ յիշել, որ թւում է մի քանի օրուայ մէջ վերապրեցի այն 25 տարիները, որ կողք կողքի ենք անցկացրել: Մտովի վերականգնեցի համատեղ անցած մեր ողջ ուղին` Դաշնակցութեան` Հայաստանում վերակազմակերպման նախնական...

Ազրպէյճան Ներթափանցումի Գործողութիւն  Կը Կատարէ. Երկու Զոհ` Հայկական Կողմէն

Ազրպէյճան Ներթափանցումի Գործողութիւն Կը Կատարէ. Երկու Զոհ` Հայկական Կողմէն

2-էն 3 յունուարի լուսցող գիշերը` ժամը 3:15-ի ահմաններուն (Երեւանի ժամանակացոյցով), Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային եւ  արեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը ձեռնարկած է  հետախուզական ներթափանցման երկու գործողութիւն: Այդ մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած  գործողութիւններուն շնորհիւ` հակառակորդը, կորուստներ կրելով, ետ քաշուած է իր դիրքերը:  Հակառակորդին դիմակայելու ընթացքին զոհուած են պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներ...

Նախագահ Սարգսեանի Եւ Այլ Պետական  Պաշտօնատարներու Ներկայութեամբ.  Տեղի Ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի  Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը

Նախագահ Սարգսեանի Եւ Այլ Պետական Պաշտօնատարներու Ներկայութեամբ. Տեղի Ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ երէկ` Երեւանի Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ այսօր, ժամը 11:00-13:00-ին, Կոմիտասի անուան  երաժշտութեան տան մէջ, յուղարկաւորութիւնը` կէսօրէ ետք, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ: Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ...

Հասրաթեան. «Սահմանին Տօնական  Օրերուն Իրավիճակը Խաղաղ Է»

Հասրաթեան. «Սահմանին Տօնական Օրերուն Իրավիճակը Խաղաղ Է»

Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը 1-2 յունուարին խախտած է զինադադարը, սակայն կրակոցները սովորականէն աւելի չեն եղած: Այս մասին երէկ յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան: «Զինադադարը խախտուած է, կրակոցները սովորականին նման եղած են, արտակարգ ոչ մէկ դէպք եղած է: Իրավիճակը վերահսկելի է», ըսած է  ան:

Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական  Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան երէկուընէ ի վեր միացած է Եւրասիական տնտեսական միութեան: Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը ստորագրուած էր 10 հոկտեմբեր 2014-ին: Հայաստան 2 յունուար 2015-էն կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ, սակայն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմիններուն մէջ պիտի ներկայանայ փոքր կազմով` մինչեւ անոնց լիազօրութիւններուն աւարտը: Մինչեւ 2015-ի աւարտը, մինչեւ աւարտի անոնց...

Page 681 of 681 1 680 681

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?