Հայկական

Հակահայ «Թալէաթ Փաշա» Կոմիտէին  Կ՛արգիլուի Մուտք Գործել Աթէնք

Հակահայ «Թալէաթ Փաշա» Կոմիտէին Կ՛արգիլուի Մուտք Գործել Աթէնք

«Հորիզոն» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական ազգայնական «Թալէաթ Փաշա» կոմիտէի մէկ պատուիրակութեան արգիլուած է մուտք գործել Աթէնք, ուր պիտի հրապարակէր յայտարարութիւն մը` բողոքելով ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող յունական օրէնքին որդեգրման դէմ: Պատուիրակութեան անդամները 9 յունուարին մեկնած են Աթէնք` պահանջելու համար, որ սեպտեմբեր 2014-ին որդեգրուած նշեալ օրէնքը ջնջուի: 13 անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը օդակայանին մէջ դիմաւորուած է յունական ոստիկանութեան կողմէ, որ «ապահովական պատճառներով»...

«Բացարձակապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչնալու Մտադրութիւն Չունինք»  Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը

«Բացարձակապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մտադրութիւն Չունինք» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը

Ռաֆայէլ Հարփազ Ազրպէյճանական Trend.az կայքը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռաֆայէլ Հարփազ յայտնած է. «Իսրայէլ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մտադրութիւն չունի»: Ան կը մեկնաբանէր իսրայէլացի կարգ մը քաղաքագէտներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչերը: «Իսրայէլ ժողովրդավարական երկիր է, բոլորը երկու տեսակէտ ունին եւ ոչ թէ մէկ, իսկ կառավարութիւնը շատ յստակ տեսակէտ ունի եւ զայն յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանը»: Հարփազ...

Ստեփանակերտ. «Արցախի Միջազգային  Ճանաչումը Կը Շարունակէ Առաջնահերթ Մնալ»

Ստեփանակերտ. «Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Կը Շարունակէ Առաջնահերթ Մնալ»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական գործունէութեան առաջնակարգ ուղղութիւնները 2015 թուականին կը շարունակեն մնալ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: Այս մասին NEWS.am-ին տուած  հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, տագնապի վերջնական լուծման հասնելու հարցին մէջ ըլլալով ամէնէն շահագրգռուած կողմը, այսուհետեւ նոյնպէս պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը` ամուր խաղաղութիւն...

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահը  Այցելած Է Ֆրանսայի Դեսպանատուն

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահը Այցելած Է Ֆրանսայի Դեսպանատուն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ  այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ  Ֆրանսայի դեսպանատուն` իր ցաւակցութիւնը յայտնելու ֆրանսացի ժողովուրդին «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթի խմբագրատան մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան առնչութեամբ: Ազգային ժողովի նախագահը դեսպանատան մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ գրած է. «Հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունովս խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթի խմբագրատան մէջ իրականացուած սարսափելի ահաբեկչութեան պատճառով ինկած զոհերու...

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Կը Մասնակցի  Փարիզի Ահաբեկչութիւնը  Դատապարտող Բողոքի Շարժումներուն

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Կը Մասնակցի Փարիզի Ահաբեկչութիւնը Դատապարտող Բողոքի Շարժումներուն

Ֆրանսայի հայ համայնքը երկրին տարբեր քաղաքներուն մէջ կը մասնակցի «Շարլի Էպտօ» երգիծական պարբերաթերթին դէմ իրականացուած  ահաբեկչութիւնը դատապարտող եւ զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցող հանրահաւաքներուն:

«Շարլի Էպտօ»-ի Հայ Ծաղրանկարիչը  Այդ Չարաբաստիկ Օրը Գործի Չէր Գացած

«Շարլի Էպտօ»-ի Հայ Ծաղրանկարիչը Այդ Չարաբաստիկ Օրը Գործի Չէր Գացած

Ֆրանսական «Հաֆինկթըն Փոսթ»-ը կը տեղեկացնէ, որ «Շարլի Էպտօ»-ի ծաղրանկարիչներէն Մաթիու Մատէնեան հաստատութեան վրայ կատարուած անարգ յարձակումին ընթացքին գործէն բացակայութեան բերումով ազատուած էր հաւաստի մահէն: Չարաբաստիկ այդ օրուան առաւօտուն Մատէնեան հեռաձայնած էր «Շարլի Էպտօ»-ի իր գրասենեակը եւ տեղեկացուցած, որ գործի պիտի չգայ: Մատէնեան կատակելով իր գործընկերներուն յայտնած է, որ գրասենեակ գալու ատեն իրեն հետ Յայտնութեան պատկերով տորթ պիտի բերէ: «Փոսթ»-ի լրագրողը...

Թուրքիա Կեանքի Պիտի Կոչէ «Մշակութային  Քաղաքականութիւն» Նախագիծը  Եւ Անակնկալ Գործունէութիւններ Պիտի Ցուցադրէ

Թուրքիա Կեանքի Պիտի Կոչէ «Մշակութային Քաղաքականութիւն» Նախագիծը Եւ Անակնկալ Գործունէութիւններ Պիտի Ցուցադրէ

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը մտադիր է 2015-ին կեանքի կոչել «Մշակութային քաղաքականութիւն» նախագիծը, որուն ծիրին մէջ հայ եւ թուրք երիտասարդներու միջեւ պիտի աւելցուի «փոխադարձ տեղեկացուածութեան» մակարդակը, ինչպէս նաեւ պիտի վերակառուցուին հայերու համար հոգեւոր մեծ արժէք ունեցող կառոյցներ: Նախարարութիւնը մտադիր է «մօտեցնել 1915-ի դէպքերուն առնչութեամբ միակողմանի մօտեցում ունեցող երիտասարդները» եւ իրականութիւն դարձնել իրարու նկատմամբ յարգանք սերմանող փոխադարձ...

Ձմեռնային Զօրակոչը Սկսաւ. Առաջին Նորակոչները Ճամբեց Նաեւ Նախարարը

Ձմեռնային Զօրակոչը Սկսաւ. Առաջին Նորակոչները Ճամբեց Նաեւ Նախարարը

Հայաստանի մէջ նախանցեալ օր  սկսած է  ձմեռնային զօրակոչը: Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ  ծառայութենէն յայտնած են, որ նախարար Սէյրան Օհանեան, պաշտպանութեան նախարարութեան   ղեկավար կազմին եւ զինեալ ուժերու  բարձրաստիճան սպայակազմի ներկայացուցիչներուն հետ այս կապակցութեամբ այցելած է Հանրապետական կեդրոնական հաւաքակայան` 2015 թուականի ձմեռնային զօրակոչի ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով: Պաշտպանութեան նախարարը նախ զրուցած է զաւակները ճամբելու եկած ծնողներուն հետ...

Աւստրալիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Ցեղասպանութեան  Հարցին Մէջ Թուրքիոյ  Կիրարկած «Լռեցնելու Գործելաոճ»-ը

Աւստրալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կիրարկած «Լռեցնելու Գործելաոճ»-ը

Ճուլի Պիշըփ «Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ Հայ դատի մարմինին տրամադրուած փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ «լռեցնել» Աւստրալիոյ կառավարութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին ուղղուած նամակին մէջ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշըփ կը գրէ. «Հաշուի առնելով երկու երկիրներուն վտանգուած կարեւոր շահերը` ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ որեւէ որոշում չկայ, որ...

Ազրպէյճանական Կողմը Շարունակած Է  Կրակել Հայկական Գիւղերուն Վրայ

Ազրպէյճանական Կողմը Շարունակած Է Կրակել Հայկական Գիւղերուն Վրայ

Չորեքշաբթի գիշեր ազրպէյճանական կողմը կրակած է Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերուն վրայ: «Երկիր»-ին  հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ գիշերուան  ընթացքին հնչած է շուրջ 400 կրակոց:   «Բարեբախտաբար, վիրաւորներ չունինք: Հայկական կողմը կրակոցներուն պատասխանած  է խիստ անհրաժեշտութեան պարագային», ըսած է ան:   Ուշագրաւ է, որ ազրպէյճանական կողմի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները կրակոցներուն ժամանակ հեռացած են տուներէն:

Արցախ.  Հակառակորդը Զինադադարը Խախտած Է  400 Անգամ, Արձակած 5500 Կրակոց

Արցախ. Հակառակորդը Զինադադարը Խախտած Է 400 Անգամ, Արձակած 5500 Կրակոց

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին տուեալներով, չորեքշաբթի գիշեր Ղարաբաղի եւ  Ազրպէյճանի հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը շուրջ 400 անգամ խախտած է զինադադարը: Տարբեր տրամաչափի զէնքերու տեսակներէ  հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 5 հազար 500 կրակոց: «Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին վստահօրէն կ՛իրականացնեն մարտական հերթապահութիւն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու», հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան...

Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի  Հանրապետութեան Պաշտպանութեան  Նախարարութեան Մէջ

Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցած է  խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար Եուրի Խաչատուրով, փոխնախարարները եւ բանակի հրամանատարին տեղակալները, պաշտպանութեան նախարարութեան վարչութիւններու եւ բաժանմունքներու պետեր, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ  քաղաքացիական յատուկ ծառայողներ: Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են  սահմանագիծին վրայ եւ մնայուն տեղակայման վայրերուն մէջ անձնակազմի զգօնութեան եւ կարգապահութեան, մարտական եւ ...

«Երրորդ Երկիրներու Մէջ  Ցեղասպանութեան Մասին  Պնդումները Կ՛աւելնան»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Երրորդ Երկիրներու Մէջ Ցեղասպանութեան Մասին Պնդումները Կ՛աւելնան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ թուրք դեսպաններու հաւաքի մը ընթացքին անոնց հետ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքն ու արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Հանդիպումին ընթացքին Ճեմիլ Չիչեք նշած է, որ պետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է միասնական ըլլայ: «Ամէն կառոյց չի կրնար լարի մը վրայ նուագել: Նոյնիսկ եթէ այդպէս ըլլայ, ատիկա պէտք է մտածելով ու...

Երեւանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատան Մօտ  Ծաղիկներ Եւ Մատիտներ Զետեղեցին

Երեւանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատան Մօտ Ծաղիկներ Եւ Մատիտներ Զետեղեցին

Հայաստանցիները երէկ ծաղիկներ եւ մատիտներ զետեղած են Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան շէնքին մօտ` ի յիշատակ չորեքշաբթի օր Փարիզի մէջ  «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթին դէմ իրականացուած յարձակման զոհերուն: Յիշեցնենք, որ  Փարիզի կեդրոնական շրջանին մէջ «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթը չորեքշաբթի ենթարկուած էր յարձակման, որուն  պատճառով 12 մարդ զոհուած էր, իսկ 10 ուրիշներ` վիրաւորուած:

Լաս Վեկասի Քլարք Գաւառին Մէջ Հայոց  Ցեղասպանութեան  Յուշակոթող Մը Պիտի Կառուցուի

Լաս Վեկասի Քլարք Գաւառին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթող Մը Պիտի Կառուցուի

Լաս Վեկասի Քլարք գաւառի յանձնակատարներու խորհուրդը երեքշաբթի, 6 յունուարին միաձայնութեամբ որդեգրած է Սանսեթ հանրապարտէզին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող մը կառուցելու Լաս Վեկասի Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան առաջարկը: Սանսեթ հանրապարտէզը կը գտնուի Լաս Վեկասի կեդրոնը եւ քաղաքին մեծագոյն հանրապարտէզներէն մէկն է: Կը հաղորդուի, որ յառաջիկային ընկերակցութիւնը պիտի առնէ քայլեր` շինարարութեան անհրաժեշտ արտօնութիւնը ձեռք ձգելու, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական ուրուագիծը, կառուցումը եւ քաղաքին կողմէ...

Արցախի Բանակը Պատասխան Գործողութեամբ Կը Պատժէ Թշնամին

Արցախի Բանակը Պատասխան Գործողութեամբ Կը Պատժէ Թշնամին

Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ 5-էն 6 յունուարի  լուսցող գիշերը հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 320 անգամ: Ըստ պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան, «հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշելու համար պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են պատասխան գործողութիւններու, որոնց արդիւնքով սպաննուած է ազրպէյճանական զինուժի առնուազն 3 զինուորական ծառայող»: «Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, սպաննուածներէն մէկը ազրպէյճանական բանակի 703-րդ զօրամասի ենթասպայ...

Մանոյեան. «Ազրպէյճան  Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարը»

Մանոյեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարը»

Տեսանելի ապագային Ազրպէյճան պիտի չփոխէ ղարաբաղեան հարցին մէջ իր քաղաքականութիւնը,  NEWS.am-ի թղթակիցին  հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` 2015 թուականին ղարաբաղեան հարցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի զարգացումները կանխատեսելով: Ըստ անոր, պաշտօնական Պաքուն սահմանագիծին վրայ կը  դիմէ հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւններու` ղարաբաղեան հարցի լուծման հոլովոյթէն ունեցած դժգոհութենէն մեկնելով: «Այդ ձեւով Ազրպէյճան իր դժգոհութիւնը կ՛արտայայտէ...

Մինասեան. «2015-ին  Կ՛ունենանք 5-6 Առ Հարիւր  Տնտեսական Աճ»

Մինասեան. «2015-ին Կ՛ունենանք 5-6 Առ Հարիւր Տնտեսական Աճ»

2015 թուականը Հայաստանի տնտեսութեան համար շատերը շրջադարձային կը նկատեն, որովհետեւ երկիրը մուտք կը գործէ նոր տնտեսական տարածք` անդամակցելով Եւրասիական տնտեսական միութեան: Ի դէպ, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը կրնայ ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասաբար անդրադառնալ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի, ատիկա կախեալ է կառավարութեան ձեռնարկած քայլերէն, թէ  որքանո՛վ անոնք տրամաբանական կ՛ըլլան: «Եւրասիական տնտեսական...

Էրտողան Կը Խօսի Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Թուրքիոյ Ընելիքներուն Մասին

Էրտողան Կը Խօսի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Թուրքիոյ Ընելիքներուն Մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ դեսպաններու համաժողովին ընթացքին խօսք առնելով  անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Թուրքիոյ ընելիքներուն: Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի թրքական ծառայութեան, Էրտողան  մասնաւորապէս ըսած է. «Հայաստան  կը նախընտրէ իր ներուժը վատնել այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան հարցին վրայ կեդրոնանալով: Հայաստան հարցը քաղաքականացնելով կը շարունակէ սեփական տեսակէտը թելադրել: Այս հարցին մէջ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը լայնածաւալ աշխատանք կը  տանի:...

Մահացած Է Հայաստան – Թուրքիա Փորձի  Փոխանակման Ծրագիրով Երեւան Եկած Լրագրողը

Մահացած Է Հայաստան – Թուրքիա Փորձի Փոխանակման Ծրագիրով Երեւան Եկած Լրագրողը

7 յունուարին Երեւանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է լրագրող Կայէ Ճոշար, որ 2014 թուականի 26 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած էր: Կայէ Ճոշար 2014 թուականի  նոյեմբերէն «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին մէջ ներառուած էր իբրեւ լրագրող եւ հետազօտող, Թուրքիայէն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի կողմէ իրականացուող փորձի փոխանակման նախագիծով: Նախագիծը Եւրոպական Միութեան դրամական յատկացումով  իրականացուող «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու...

Page 680 of 681 1 679 680 681

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?