Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ջերմապէս շնորհաւորեց լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ բանակը եւ բոլոր արաբներն ու օտարները, որոնք Լիբանան կը գտնուին:
Բանակի հրամանատարութիւնը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին եւ կոչ ուղղեց արաբներուն եւ օտարներուն այցելելու իրենց երկրորդ հայրենիք Լիբանանը, ուր անոնց անվտանգութիւնը երաշխաւորուած է` բանակին եւ ապահովական բոլոր ուժերուն կողմէ:
Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղած էր այս հանգրուանին Լիբանան չուղղուելու, բացի եթէ անոր մեծ անհրաժեշտութիւն կայ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած էր, որ իր կոչը հիմնուած է այն տուեալներուն վրայ, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը:


