Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները երէկ Ռապիէի մէջ թրքական դեսպանատան առջեւ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք շեշտեցին, որ յառաջիկայ 1 յունուար 2013-էն սկսեալ պիտի հարուածեն Լիբանանի մէջ թրքական բոլոր շահերը, եթէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները տուն չվերադառնան:
Առեւանգեալներուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք փոխադարձ առեւանգումներու եւ յաւելեալ մագլցողական քայլերու չեն դիմած, որովհետեւ կը յարգեն լիբանանեան պետութիւնը, հակառակ անոր որ ան իրենց յարգանքին արժանի չէ։ «Սակայն ի հարկին մենք պատրաստ ենք Լիբանանի մէջ թուրք քաղաքացիներ առեւանգել, որպէսզի մեր հարազատներուն տունդարձը ապահովենք», նշեցին անոնք:
Առեւանգեալներուն ընտանիքները նկատել տուին, որ իրենց հարազատները առեւանգուած պահելը մարդկային ոճիր է, որուն պատասխանատու է թրքական պետութիւնը` ուղղակի թէ անուղղակի կերպով, եւ ան ոչ մէկ լուրջ կեցուածք ցուցաբերած է մարդկային այս թղթածրարին նկատմամբ:
Առեւանգուածներուն ընտանիքները իրենց հաղորդագրութեան մէջ անդրադարձան նաեւ օսմանեան իշխանութեան օրերուն արաբներուն դէմ Ճեմալ փաշայի կառավարութեան գործած ոճիրներուն եւ բռնարարքներուն:
Առեւանգեալներուն ընտանիքները կոչ ուղղեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կապուելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի հետ` իմանալու համար, թէ առեւանգեալները ազատ արձակելու առումով բանակցութիւնները ո՞ւր հասած են:
Առեւանգեալներուն ընտանիքները դեսպանատան յանձնեցին թրքական պետութեան ուղղուած նամակ մը:


