
Ռուսիոյ պետական Տուման պատրաստ է որեւէ պատասխան քայլի դիմելու, մինչեւ իսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման, եթէ Միացեալ Նահանգներ ռուս երեսփոխանները ներառէ «Մակնիթսքի ցուցակ»-ին մէջ:
Մէկ օր առաջ Սպիտակ տան կայքէջին վրայ տեղադրուած էր Տումայի կողմէ ռուս երեխաներու ամերիկացիներու կողմէ որդեգրումը արգիլող օրէնքի մասին խնդրագիր մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուէր ամերիկացի քաղաքացիներու կողմէ ռուս որբերու որդեգրումը արգիլող օրէնքին թեր քուէարկած բոլոր ռուս երեսփոխանները ներառելու աղմկայարոյց «Մակնիթսքի ցուցակ»-ին մէջ:
«Ատիկա պիտի ըլլայ աննախադէպ գայթակղութիւն եւ, ըստ ամենայնի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պիտի խզուին: Մեր պատասխան քայլն ալ, ի հարկէ, պիտի ըլլայ «Մակնիթսքի օրէնք»-ին կողմ քուէարկած բոլոր քոնկրեսականները եւ ծերակուտականները «մեր ցուցակ»-ին մէջ ներառելը», յայտարարած է Տումայի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Վիաչեսլաւ Նիքոնով: Սակայն ան յոյս յայտնած է, որ Ուաշինկթըն այդպիսի քայլի չի դիմեր:
Ներկայիս Սպիտակ տան կայքէջին վրայ տեղադրուած խնդրագիրը արդէն հաւաքած է 22 հազար ձայն, եւ երեք հազար ձայն եւս հաւաքելու պարագային Օպամայի վարչակարգը պարտաւոր պիտի ըլլայ զայն քննարկել եւ վերջնական որոշում տալ:
Յիշեցնենք, որ ուրբաթ օր Տուման վաւերացուցած է որդեգրումի դէմ օրէնքը, որ իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մէջ որդեգրուած մարդկային իրաւանց խախտման մէջ մեղադրուող ռուս պաշտօնատարներու դէմ ելեւմտական եւ Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիրին դէմ պատժամիջոցներ սահմանող «Մակնիթսքի օրէնք»-ին պատասխան է:


