ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արքայազուն իշխան Հերին Աֆղանիստանի հարաւային Համլանտ շրջանին մէջ կատարուած յատուկ գործողութեան մը ընթացքին Թալեպան շարժումի մարտական ղեկավարներէն մէկը չէզոքացուցած է:
Բրիտանական «Սան ան Սանտէյ» օրաթերթը երէկ հաղորդած է, որ ղեկավարելով հարուածային «Ափաչի» տիպի ուղղաթիռը` 28-ամեայ իշխան Հերի թիրախը հարուածած է «Հելֆայըր» տեսակի հրթիռով: Կը նշուի, որ հարուածին իբրեւ արդիւնք թիրախը ոչնչացուած է:


