Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեց Կազայի մէջ վերջին զարգացումները եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումի կասեցումը դիւրացնելու մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան համար:
Մաշաալ Էրտողանը տեղեակ պահեց զինադադարի հաստատումէն ետք արձանագրուած զարգացումներուն մասին եւ շեշտեց, որ պաղեստինցիները երբեք պիտի չմոռնան Կազայի վերաբերեալ Էրտողանի ջանքերը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը ձերբակալած է յաւելեալ երեք անձեր, որոնք կը կարծուին անցեալ չորեքշաբթի օր Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցած փոխադրակառքի ականահարման մեղսակից եղած ըլլալ:


