Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի գիշեր Պոլսոյ մէջ հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա իր ապահովութիւնը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ միջոցառումները պիտի որդեգրէ` շեշտելով, որ Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման պէտք չէ «տարբեր իմաստներ» տալ:
Ան ըսաւ, որ Թուրքիա ստիպուած է իր հողերուն վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ տեղակայել` առ ի զգուշութիւն «նախապէս թրքական հողերուն դէմ հրթիռներ արձակած եւ Թուրքիոյ դէմ լայնածաւալ յարձակումներ գործած Սուրիոյ կողմէ լայնածաւալ յարձակումի մը հաւանականութեան»:
Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը միշտ խաղաղութեան հարցերը երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեանց միջոցով լուծելուն կը զօրակցի` նշելով, որ երբ հարցը երկրի ապահովութեան սպառնալիքի կը վերաբերի, Անգարա պիտի չտատամսի անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «երբ վտանգը մեր սահմանէն վերանայ, «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռները պիտի վերադարձուին այն երկիրներուն, ուրկէ բերուած են»:
Ան դարձեալ նշած է, որ այդ հրթիռները պաշտպանողական բնոյթի համակարգեր են եւ կ՛օգտագործուին միայն, երբ Թուրքիոյ դէմ հրթիռային յարձակում կատարուի: «Կարեւորը Թուրքիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի սահմանի համար վտանգ նկատուող գործօններու վերացումն է: Ատոր համար պիտի կատարուի ամէն բան, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ», ընդգծեց Տաւութօղլու:
Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ թրքական բանակէն եւ ՕԹԱՆ-էն պատուիրակութիւններ այսօր պիտի սկսին հետազօտութիւններ կատարել` ճշդելու համար «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներու տեղակայման վայրերը: Բանակի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, որ համակարգերու տեղակայումը միայն պաշտպանութեան նպատակի համար է` հերքելով, որ անոնց տեղակայման նպատակը թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը ստեղծումը կամ օդային որեւէ գործողութիւն կատարելն է:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ իր երկիրը արտաքին յարձակումէն պաշտպանուելու զէնքեր կը տրամադրէ Սուրիոյ` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ զինուորական գործակցութիւնը միշտ ալ թափանցիկ եղած է: Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնը «շատ սահմանափակ» է:
Ռուսիոյ վարչապետը յայտնեց, որ Ֆրանսայի կողմէ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդի ճանաչումը «անընդունելի է»` նշելով, որ սուրիացի ժողովուրդը պէտք է վարչակարգին ճակատագիրը ճշդէ, իսկ ընդդիմութիւնը կրնայ իշխանութեան հասնիլ օրինական ճամբով եւ ոչ թէ երբ այլ երկիրներ անոր զէնք ու զինամթերք մատակարարեն:
Մետվետեւ քննադատեց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ գործուած արարքները, որոնք երկիրը դէպի քաղաքացիական պատերազմ կ՛առաջնորդեն: Ան զգուշացուց, որ Սուրիոյ մասնատումը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծել լարուածութեան նոր վայր մը, որմէ կրնան օգտուիլ ծայրայեղական տարրերը` նշելով, որ «այդ դիպաշարը Սուրիոյ, Ռուսիոյ կամ որեւէ այլ երկրի շահերէն չի բխիր»:
Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նուսուր յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ պետութեան քանդումը շրջանին համար մեծ աղէտ մը պիտի ըլլայ, որմէ ոչ ոք պիտի փրկուի»: Ան նշեց, որ «Յորդանան կրակէ գօտիի մը եւ փոթորկած ովկիանոսներու մէջ կ՛ապրի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ պատերազմին եւ «Արաբական գարնան» զարգացումներուն պատճառով վերջին 50 տարուան ընթացքին ամէնէն վատ տնտեսական կացութիւնը կը դիմագրաւէ»:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կիրակի գիշեր սուրիական կողմէն բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներուն ուղղութեամբ արձակուած փամփուշտներ իսրայէլեան բանակին պատկանող մեքենայի մը շատ մօտէն անցած են, առանց որ զոհեր կամ նիւթական վնասներ պատճառեն: Իսկ այդ դէպքէն քանի մը ժամ առաջ եւս փամփուշտներ Կոլանի բարձունքներուն կեդրոնը գտնուող Ալոնի Հապշան գիւղին մօտ հասած են:
Ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ իսրայէլեան բանակը մէկ շաբաթէ ի վեր այդպիսի միջադէպերուն չի հակադարձեր:


