Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

April 29, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժումի կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի 24 ապրիլ 2009-ին Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ հանդիպումին ընթացքին առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգներ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հրապարակած է 24 ապրիլ 2009-ին Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու օրուան դեսպան Ճէյմս Ճեֆրիի հետ Տեւլեթ Պահչելիի հանդիպումին մասին դեսպանի հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ երեք կէտ նշուած է:

Առաջին` Պահչելի մտահոգուած է կուսակցութեան նկատմամբ Ուաշինկթընի պատկերացումներէն եւ իր կուսակցութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ չափաւոր քաղաքական ուժ, երկրորդ` կուսակցութիւնը կը շարունակէ լաւատես մնալ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու հարցին մէջ, զոր բնորոշած է իբրեւ «ռազմավարական գործընկերութիւն»: Իսկ երրորդ կէտը, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հաղորդագրութեան մէջ անակնկալ կը նկատուի, Պահչելիի անդրադարձն է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, որ ըստ էութեան «հրաւէր էր նախագահ Օպամային` ճանչնալու ցեղասպանութիւնը»:

Պահչելի զգացական եւ խիստ, սակայն ոչ զայրացկոտ ոճով ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան մինչեւ 24 ապրիլ ամիսներ շարունակ փոխադարձաբար վնասաբեր շրջանի մէջ ինկած են այն բանավէճին մէջ, թէ արդեօք այս տարի Միացեալ Նահանգներու նախագահը պիտի ըսէ՞ ցեղասպանութիւն բառը: Ըստ Պահչելիի, իրավիճակը հակաամերիկեան մթնոլորտ կը ստեղծէ յատկապէս երիտասարդ սերունդին պատկանող ընտրողներու մօտ, որոնք իւրաքանչիւր տարի կը տանին քաղաքական այս լարուածութիւնը: «Թող Միացեալ Նահանգները հիմա ըսեն, այն ինչ որ կը պատրաստուին ըսել», առաջարկած է թուրք ազգայնական կուսակցապետը` կարծիք յայտնելով, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ այդպիսով պիտի փակուի «թարախոտ վէրքը»:

Դեսպան Ճեֆրի իր հաղորդագրութեան մեկնաբանութեան բաժինին մէջ նշած է, որ Պահչելիի մարտահրաւէրը Միացեալ Նահանգներուն` վերջնականապէս հանդարտեցնելու Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը, կ՛արտայայտէ այն լայն ըմբռնումը, որ ցեղասպանութեան խնդիրը կ՛օգտագործուի իբրեւ քաղաքական գործիք: «Թուրքիոյ հանրութեան մէկ լայն հատուածը կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են 1915-ի դէպքերը ի վերջոյ կոչել ցեղասպանութիւն, սակայն բանավէճի երեւութականութիւնը կը պահպանէ` իբրեւ լծակ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ», նշած է դեսպանը:

Ճէյմս Ճեֆրի նաեւ նշած է, որ «Պահչելիի մարտահրաւէրը անկասկած կը հետապնդէ նաեւ իր սեփական շահը: Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կը բխի այն հաշուարկներէն, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պարագային Թուրքիոյ մէջ զգացական արձագանգի իբրեւ արդիւնք իրենք օգուտներ կը քաղեն»: Դեսպանը աւելցուցած է, որ իրականութեան մէջ Պահչելի կը փորձէ քաղաքական աղմուկ բարձրացնել` պնդելով, որ Օպամայի կողմէ Մեծ եղեռն եզրի օգտագործումը հաւասարազօր է Ցեղասպանութիւն բառին:

 

 

Նախորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ

Յաջորդը

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԴՌՆԵՐԸ ԿԻՍԱԲԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։