ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր պատրաստած տեղեկագիրին մէջ նշեց, որ ՄԱԿ խիստ մտահոգ է Լիբանանի մէջ տիրող կացութեամբ` աւելցնելով, որ հարկ է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս սուրիական տագնապին հետեւանքներէն:
Քի Մուն դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, բանակին եւ շրջանի բնակչութեան միջեւ գործակցութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է պահպանել սահմանային Կապոյտ Գիծի շրջանի խաղաղութիւնը:
Քի Մուն խստիւ դատապարտեց հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը` շեշտելով, որ հարկ է յանցագործները անպայման հաշուետուութեան կանչել: Ան նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` պահպանելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը:
Քի Մուն դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերը` շեշտելով 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները թափանցիկ եւ ազատ կերպով, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Իսրայէլի օդային սահմանները խզելու Հըզպալլայի քայլին` Քի Մուն անհրաժեշտ նկատեց ինքնազսպումը, աւելցնելով, որ Իսրայէլ հիւսիսային Ղաժարէն պէտք է հեռացնէ իր բանակը:


