Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնի առաջին օրուան ընթացքին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը քաջութեան, իմաստութեան, պայքարի եւ գոյատեւման կարողութեան բացառիկ պատկեր մը կը պարզէ: Ան աւելցուց, որ այդ դիմադրութեան շուրջ գոյացած զօրակցական միջավայրը, իր կարգին, կը նկատուի անոր ուժի հիմնական ազդակներէն մէկը:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ դէպի Կազա ցամաքային ներխուժումի որոշումը թեթեւամտութիւն պիտի ըլլայ:


