ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպում ունեցաւ 14 Մարտի քաղաքական ուժերը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սինիորա շեշտեց, որ ծայրայեղութիւնը քաջալերողը Լիբանանին եւ լիբանանեան էութեան թշնամին է` աւելցնելով, որ լիբանանեան գոյացութիւնը կրնայ գոյատեւել ուրիշը յարգելով եւ զայն ընդունելով:
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատի աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Ազգային երկխօսութեան նիստը սկզբունքով ճիշդ իր թուականին պիտի կայանայ, սակայն անիկա կրնայ յետաձգուիլ, եթէ 14 Մարտի քաղաքական ուժերը պոյքոթի ենթարկեն այդ նիստին իրենց մասնակցութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենց հիմնական նպատակն է Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը տապալել եւ կոչ ուղղեց` կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, հաստատելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրաժարելու որոշում իսկ չի կրնար տալ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ երկխօսութեան վերադառնալու կարելիութիւնները հետզհետէ կը նուազին` նկատի ունենալով 14 Մարտի քաղաքական ուժերուն դէմ կատարուող մնայուն ցեխարձակումները:
ԵՐԷԿ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ Զահլէի ժողովրդային պլոքի նախագահ Էլիաս Սքաֆ պիտի մեկնէր Սէուտական Արաբիա, ուր ան հանդիպում մը պիտի ունենար Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ: Աւելի ուշ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին շրջան ընող այս լուրերը` աւելցնելով, որ Հարիրի Փարիզ կը գտնուի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղէ խորհրդարանի լիագումար նիստի մը` պաղեստինցիներուն հանդէպ զօրակցութիւն ցուցաբերելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ 14 Մարտի քաղաքական ուժերը կարողութիւն չունին այս կառավարութիւնը տապալելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը լիբանանցիներուն փրկութեան լաստն է:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը գոհ պահող կառավարութիւն մը կազմելը կրնայ մեղմացնել համայնքային լարուածութիւնը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ առաջարկուելիք նախաձեռնութիւնը կը միտի Լիբանանէն հեռացնել համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր կոչ ուղղեց Հըզպալլայի` օգտագործելու իրեն տրուած վերջին առիթը եւ իր պատկերը սրբագրելու իսլամական աշխարհին դիմաց:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Հըզպալլա եւ Իրան նախորդ ժամերուն ընթացքին մեծ քանակութեամբ հրթիռներ փոխադրած են Կազա:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, միջազգային դէտեր կը զգուշացնեն, որ Հըզպալլայի եւ շէյխ Ահմետ Ասիրի համակիրներուն մի ջեւ միջյարանուանական բախումներ կրնան արձանագրուիլ:
«ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի անդամներ մարզելու խմբաւորումներ գոյութիւն ունին Սուրիոյ քիմիական զէնքի պահեստանոցներու կողքին:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ պետական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ֆրանսայի համար առաջնահերթութիւն է Լիբանանի պաշտպանութիւնը. անոնք աւելցուցին, թէ իբրեւ այդպիսի Ֆրանսա ոչ մէկ արգելք ունի մերժելու կառավարութեան փոփոխութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ` ներկայութեամբ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի, հանդիպումներ ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի, Մինայի քաղաքապետարանի եւ Թրիփոլիի թաղապետերուն հետ: Քննարկուեցան Թրիփոլին յուզող հարցերը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ հաստատեց, որ Լիբանան լուրջ տագնապ մը կը դիմագրաւէ եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է կառչած մնան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղղած Ազգային երկխօսութեան կոչին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկելը լուծում մըն է` Ազգային երկխօսութեան նիստի կայացման, ապա հարկ է յանգիլ այդ լուծումին:
«ՊԷՅՐՈՒԹԻ, Հիւսիսային Լիբանանի եւ Սայտայի մէջ արձանագրուած ապահովական բոլոր միջադէպերուն պատճառը Հըզպալլային զէնքն է», շեշտեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի:


