Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումը 5-րդ Օրն Ըլլալով Նոյն Թափով Շարունակուեցաւ. 48 Վճռորոշ Ժամեր Զինադադարի Եւ Իսրայէլեան Ցամաքային Գործողութեան Մը Միջեւ

November 19, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան Կեցուածքը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Կազայէն Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումը այն ազդակն է, որ Կազայի մէջ տագնապի յառաջացումը «արագացուց»: Ան վերահաստատեց, որ «Միացեալ Նահանգներ լիովին կը զօրակցին Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին»:

Ան նշեց, որ յառաջիկայ 36 կամ 48 ժամերը պիտի ճշդեն, թէ Կազայի տագնապին վերջ տալու իմաստով յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրուի՞, թէ՞ ոչ: Օպամա ըսաւ, որ իրենք առանց յաւելեալ մագլցումի Համասի հրթիռարձակումները դադրեցնելու նպատակով կապի մէջ են տարածաշրջանի ղեկավարներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ «հրթիռարձակումներու շարունակուիլը խաղաղութեան հոլովոյթը կը վտանգէ»:

Նշենք, որ շաբաթ օր Սպիտակ տունը յայտարարած էր, թէ Կազայէն հրթիռարձակումները Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ ճակատումը «պայթեցնող ազդակ են»: Նախագահին Ազգային ապահովութեան խորհրդատուին օգնականը` Պեն Ռոտզ յայտնեց, որ Օպամա եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը զօրակցին կացութեան մէջ մագլցում չարձանագրելու հանգամանքին` պայմանով, որ Համաս հրթիռարձակումները դադրեցնէ` աւելցնելով, որ երկու ղեկավարները ամէն օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կ՛ունենան իրարու հետ: Ան նաեւ հաղորդեց, որ Օպամա խորհրդակցած է Եգիպտոսի նախագահ Մուհամատ Մուրսիի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւս` նշելով, որ «այս վերջիններս կրնան մագլցումը կանխարգիլելու մեքանիզմի մը գոյացումը քաջալերելու համար Համասի հետ խորհրդակցութեան ճամբով դրական դերակատարութիւն մը ունենալ»: Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տունը Համասի կողմէ հրթիռարձակումները «անարդարանալի» նկատած էր:

Նշենք, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով պաղեստինցի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 66-ի, իսկ վիրաւորներունը` 600-ի:

Իսրայէլեան Կեցուածքներ

Իսրայէլեան մամուլը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վերջերս օտար երկիրներու ղեկավարներու հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեանց ընթացքին վստահեցուցած է, որ ինք պատրաստ է Կազայի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ զինադադարի հաստատումը ընդունելու, եթէ Իսրայէլի դէմ պաղեստինեան հրթիռարձակումները դադրին:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու ուրբաթ եւ շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Օպամայի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի հետ, որոնք Նեթանիահուէն պահանջած են քանի մը օրուան առիթ տալ Եգիպտոսի, որպէսզի Համասի հետ իր միջնորդական ջանքերը յաջողութեամբ պսակէ: Ան ընդունած է այդ առաջարկը: Արեւմուտքցի դիւանագէտներ «Հաարեց»-ի յայտնեցին, որ Նեթանիահու վերոնշեալ ղեկավարներէն խնդրած է Եգիպտոսի հետ աշխատանք տանիլ, որպէսզի Համասին փոխանցուի այն յստակ պատգամը, որ եթէ հրթիռարձակումները չդադրեցնէ, Իսրայէլ պիտի ստիպուի Կազայի մէջ ցամաքային գործողութիւն մը կատարելու: Նեթանիահու երէկ հաստատեց, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի Կազայի դէմ գործողութիւնը մեծապէս ընդլայնելու:

Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես երէկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանին յայտնեց, որ զինադադարը ներկայիս գործնական չի թուիր: Իսկ բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան դրուատեց զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի ջանքերը եւ Համասը ամբաստանեց Մուրսիի առաջարկը մերժելու յանցանքով: Ան վստահեցուց, որ իր երկիրը խաղաղութիւն կ՛ուզէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերով նախարար Ուզի Լանտօ յայտնած է, թէ Կազայի մէջ ներկայիս զինադադար հաստատելը մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ:

Իսրայէլի փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն երէկ յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակը Եգիպտոսի մէջ (Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ) բանակցութեանց արդիւնքներուն պիտի չսպասէ եւ պիտի շարունակէ Կազայի դէմ իր յարձակումները»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն կողմէ հրթիռարձակումը կասեցնելը զինադադարի հաստատման հիմնական նախապայման է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը կը քննարկէ ցամաքային ուժերուն Կազա մուտք գործելու կարելիութիւնը:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր.Պենի Կանց երէկ հրամայեց ահաբեկել Համասի բարձրաստիճան ղեկավարները: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կանց իսրայէլեան բանակի սպայակոյտին հետ հանդիպումի մը ընթացքին նաեւ հրամայած է Կազայի մէջ «ահաբեկչական» թիրախներու դէմ յարձակումները աշխուժացնելու:

Իսրայէլեան բանակի արաբական լրատուամիջոցներու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ «Պողպատեայ գմբէթ» հակահրթիռային համակարգը կը շարունակէ յաջողութեամբ վնասազերծել պաղեստինեան հրթիռները, որոնք Հարաւային եւ կեդրոնական Իսրայէլի քաղաքներն ու գիւղերը կը հարուածեն: Ան նաեւ նշեց, որ «Համասի անդամները կը շարունակեն քաղաքայինները օգտագործել` իբրեւ մարդկային վահաններ, եւ մզկիթներու, դպրոցներու ու հիւանդանոցներու մէջ կը թաքնուին»:

Սակայն իսրայէլեան ներքին ճակատի հրամանատարութեան ղեկավար Ցֆիքա Թիսլըր հաստատեց, որ «Պողպատեայ գմբէթ»-ը Իսրայէլի դէմ արձակուած որոշ հրթիռներ կը վնասազերծէ, սակայն չի կրնար իսրայէլեան քաղաքներուն դէմ արձակուած հրթիռներէն կատարեալ պաշտպանութիւն ապահովել:

Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Կազայի մէջ պաղեստինցի զինեալները ունին 10 հազար միջին հասողութեամբ եւ հեռահաս հրթիռներ:

Համասի զինեալ թեւ Քասամի ջոկատները երէկ յայտարարեցին, որ իսրայէլեան մարտանաւ մը հարուածած են, սակայն իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի հերքեց այս լուրը:

Կազայի Դէմ Ռազմական
Գործողութիւններուն
Գինը

«Իզրայէլ Թուտէյ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կազայի դէմ յարձակումը Իսրայէլի ռազմական պիւտճէին օրական 12-էն 15 միլիոն տոլար ծախս կը պատճառէ: Օրաթերթը գրած է, որ Կազայէն արձակուած իւրաքանչիւր հրթիռի վնասազերծումը պետութեան պիւտճէին շուրջ 60 հազար տոլար կ՛արժէ, պատերազմական օդանաւերու թռիչքը` 130-էն 190 հազար տոլարի, ուղղաթիռներու թռիչքը` շուրջ 25 հազար տոլարի, իսկ առանց օդաչուի թռչող սարքերու թռիչքը` միայն 2500 տոլարի: Նշենք, որ մինչեւ շաբաթ օր իսրայէլեան օդուժը կատարած էր 950 յարձակումներ, որոնց միայն 300-ը` շաբաթ օր: «Իզրայէլ Թուտէյ» նաեւ կը նշէ, որ զօրակոչի ենթարկուած 75 հազար պահեստի զինուորներէն իւրաքանչիւր զինուոր շաբաթական 1800 տոլար կը ստանայ:

Արաբ Արտաքին Գործոց
Նախարարներու
Նիստ

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները շաբաթ օր Գահիրէի մէջ գումարեցին Կազայի մէջ զարգացումներու քննարկման յատկացուած ժողով մը, որուն ընթացքին յառաջացուցին պատուիրակութիւն մը, որ վաղը Կազա պիտի ուղղուի: Նախապէս հաղորդուած էր, որ պատուիրակութիւնը երէկ կամ այսօր պիտի մեկնի Կազա: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արաբական լիկայի նիստի նախագահ, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի եւ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթ օր արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի բացման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ պահանջեց` «Իսրայէլի մէջ եղող դեսպանները տուն կանչել, անոր հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը դադրեցնել եւ համաձայնութիւնները չեղեալ նկատել»:

Ան շեշտեց, որ «պաղեստինցի ժողովուրդը յայտարարութիւններէն ձանձրացաւ եւ արաբներէն քաջ կեցուածք մը կ՛ուզէ»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի իր կարգին կոչ ուղղեց` խաղաղութեան արաբական բոլոր նախաձեռնութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու` շեշտելով, որ «իսրայէլեան ջարդերը պէտք չէ անպատիժ մնան»: Ան ըսաւ, որ «մենք կը գտնուինք ճշմարտութեան մը առջեւ. այնքան ատեն որ պաղեստինեան հողամասերու այս բռնագրաւումը կը շարունակուի, լուծում, խաղաղութիւն կամ կայունութիւն չի կրնար ըլլալ»:

Արապի զգուշացուց, որ գոյութիւն ունի այն վտանգը, թէ իսրայէլեան յարձակումը ընդլայնուելով վերածուի պաղեստինցիներուն դէմ համապարփակ պատերազմի: Ան հարց տուաւ, որ խաղաղութեան գործընթացի եւ պաղեստինեւիսրայէլեան հարցով քառեակի աշխատանքներու շարունակութիւնը ի՞նչ օգուտ ունի: Ան կոչ ուղղեց` «արաբական նախկին նախաձեռնութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու»` աւելցնելով, որ խաղաղութեան հոլովոյթը այլեւս դադրած է խաղաղութեան առաջնորդելէ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նապիլ Ամրօ յայտնեց, որ իր երկիրը Կազայի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի` աւելցնելով, որ «պաղեստինցիները սովի մատնող շրջափակումի մը հաստատումը պիտի չարտօնենք»: Ան նաեւ նշեց, որ ժամանակը հասած է «Իսրայէլի վերաբերեալ ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու»:

Ամրօ ըսաւ, որ խաղաղութեան գործընթացը իր իմաստէն պարպուած է, իսկ պաղեստինեան հողերը օրէ օր կ՛իւրացուին: «Խաղաղութեան գործընթացը վերատեսութեան ենթարկելու ժամանակը հասած է», շեշտեց ան:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտնեց, որ «այսօր կացութիւնը յստակ եւ անկեղծ վերատեսութիւն կը պահանջէ»` աւելցնելով, որ «մենք` արաբներս, դժբախտաբար, մեր պաղեստինցի եղբայրներու շրջափակման օժանդակեցինք»: Ան ըսաւ, որ «ո՛չ խաղաղութեան գործընթացը ընթացքի մէջ է, ոչ ալ` բանակցութիւնները»` աւելցնելով, որ «մենք կացութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պէտք ունինք. Պաղեստինեան դատին վերաբերեալ յստակ քաղաքականութեան կարիք ունինք»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ «մեր հանդիպումները ժամանակի վատնումի ու պետական դրամի մսխումի վերածուած են»:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի յայտնեց, որ Իսրայէլ Կազայի դէմ յարձակումին ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ` աւելցնելով, որ այն ինչ որ այսօր Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ 4 տարի առաջ տեղի ունեցած դիպաշարին կրկնութիւնն է: «Իսրայէլ մեզի եւ բոլոր արաբներուն մարտահրաւէր կ՛ուղղէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «հարկ է Իսրայէլի ցոյց տանք, որ արաբները պիտի չընդունին յարձակումին շարունակուիլը»:

Ան պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներուն կոչ ուղղեց միաւորուելու եւ նշեց, որ «միջազգային ընտանիքին լռութիւնը Իսրայէլը կը քաջալերէ իր յարձակումը շարունակելու»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտարարեց, որ «Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին անպատիժ մնալը անընդունելի է»` զգուշացնելով «կացութեան զարգացումէն եւ յարձակումի շարունակուելէն»:

Արաբական Կեցուածքներ

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի շաբաթ օր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը պաղեստինցիներուն ու իսրայէլեան կառավարութեան հետ կապի մէջ է, եւ գոյութիւն ունին «ցուցանիշեր», թէ մօտ օրէն կարելի է երկու կողմերուն միջեւ զինադադար մը գոյացնել. սակայն զգուշացուց, որ այս առումով «երաշխիքներ գոյութիւն չունին»:

Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մուրսիի հետ` քննարկելու համար զինադադարի հաստատման ջանքերը: Հանիյէի գրասենեակը հաղորդեց, որ հաղորդակցութիւնը տեւած է քսան վայրկեան, որուն ընթացքին պաղեստինցի ղեկավարը իր բարձր գնահատականը արտայայտած է Մուրսիի եւ Եգիպտոսի որդեգրած կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի վարչապետին Կազա այցելութեան:

Հանիյէ զօրակցութիւն յայտնած է Կազայի դէմ յարձակումը դադրեցնելու համար Մուրսիի ջանքերուն` պայմանաւ որ անոր մէջ ներառուին երաշխիքներ, թէ իսրայէլեան յարձակումը պիտի չկրկնուի:

Եգիպտոսի նախագահը իր կարգին յայտնած է, որ իր երկիրը ամբողջական կերպով կը կանգնի Կազայի բնակչութեան կողքին, եւ որ յարձակումը դադրեցնելու ու ժողովուրդին տառապանքը նուազեցնելու համար իր կարելին կ՛ընէ:

ԱՖՓ հաղորդեց, որ պաղեստինցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ «այսօր` կիրակի կամ վաղը` երկուշաբթի» Իսրայէլի հետ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութեան գոյացման կարելիութիւն գոյութիւն ունի` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ «եգիպտական, քաթարական եւ թրքական ջանքեր կան»: Եգիպտացի ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնած է, որ համաձայնութեան գոյացման ուղղութեամբ ջանքերը մեծ արդիւնքներու հասած են եւ զինադադարի հաստատման, մագլցումի առաջքը առնելու եւ յարձակումին կրկնութիւնը կանխարգիլող երաշխիքներու ապահովման համար քիչ բան կը մնայ:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապր Ալ Թանի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ: Քաթարական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քննարկուած են տարածաշրջանին վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար` Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը:

Յորդանանի կառավարութիւնը դարձեալ կոչ ուղղեց` Կազայի դէմ «իսրայէլեան յարձակումը» դադրեցնելու` նշելով, որ յորդանանեան դիւանագիտութիւնը «ամէն ջանք կը թափէ յարձակումը դադրեցնելու ու պաղեստինցի եղբայրներուն օժանդակելու»: Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար եւ կառավարութեան բանբեր Սամիհ Մաաթիյա յայտնեց, որ «կառավարութիւնը բուռն կերպով կը դատապարտէ եւ կը մերժէ Կազայի մէջ պաղեստինեան ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան յարձակումը»: Ան ըսաւ, որ իսրայէլեան յարձակողական քաղաքականութիւնը շրջանի կայունութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այսօր Գահիրէ պիտի այցելէ:

Պահրէյնի իշխանութիւնները երէկ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին դէմ բողոքի ցոյցերը արգիլեցին:

Ապահովական Կացութիւնը

Երէկ Իսրայէլ շարունակեց Կազայի մէջ թիրախներ հարուածել: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Ռաֆահի շրջանին դէմ: Պաղեստինցիները իրենց կարգին ռմբակոծեցին, Աշքոլը, Ովակիմը, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Թել Աւիւի հիւսիսային շրջանը: Հաղորդուեցաւ, որ պաղեստինցիք յաջողած են Կազայի վերեւ իսրայէլեան «Ափաշի» տիպի ուղղաթիռ մը վար առնել:

Իսրայէլեան սպառնալիքներէ ետք, օտար լրագրողները հեռացան Կազայի Շուրք շէնքէն, որ աւելի ուշ յարձակումի ենթարկուեցաւ: Լրագրողներուն շարքին արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ քանդեց Կազայի մէջ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին գրասենեակը:

Մինչ այդ, իսրայէլեան ոստիկանութեան եւ Կազայի վրայ եղած յարձակումին դէմ բողոքող ցուցարարներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան Ժուրարայի եւ Քալանտիայի մէջ անցարգելներու մօտ: «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Այսրյորդանանի մէջ Աուֆար բանտին մօտ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ բախումները քսան վիրաւոր պատճառած են:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին, Համաս կրնայ չորս շաբաթ այս թափով հրթիռարձակումներ շարունակել, նոյնիսկ եթէ ցամաքային գործողութիւն տեղի ունենայ` աւելցնելով, որ մինչեւ այսօր գլխաւոր թիրախներուն մեծամասնութիւնը հարուածուած է, իսկ մնացեալը երկրորդական թիրախներ են:

Թրքական Կեցուածքը

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլի վերաբերումին նկատմամբ վճռական որոշում մը չորդեգրելու առումով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն իր յուսահատութիւնը յայտնեց: «Ապահովութեան խորհուրդէն յուսահատեցայ, որովհետեւ չի ջանար պաղեստինեան դատին համապարփակ եւ արդար լուծումի հասնիլ»: Ան նաեւ քննադատեց Արաբական լիկայի եւ Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ Կազայի դէպքերուն նկատմամբ դրսեւորուած կեցուածքները` լիկային հարց տալով. «Ե՞րբ ձեր ձայնը պիտի լսենք: Ձեր գումարած ժողովը ի՞նչ իմաստ ունի»:

Էրտողան Համասի եւ Ֆաթհի կոչ ուղղեց` իրենց տարակարծութիւնները լուծելու` նշելով, որ այդ տարակարծութիւնը անկախ պետութեան մը երազին հասնելու արգելքներէն մէկն է: Ան պահանջեց Կազայի շրջափակումը հանգրուանային կերպով ջնջել:

Էրտողան ըսաւ, որ Կազայի դէմ յարձակումը «ընտրական նպատակներ» կը հետապնդէ: «Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, թէ 2008-ը այսօրուընէ տարբեր է», նշեց ան: «Անոնք իսրայէլացի 3 զոհերու մասին կը խօսին, մինչ պաղեստինցիները տասնեակներով կ՛իյնան, եւ Համասէն կը պահանջեն ռմբակոծումը դադրեցնել», ըսաւ ան` հարց տալով. «Ձեր կեանքերը յարգի՞ են, իսկ Կազայի բնակիչներու կեանքերը ո՞չ»:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ իր երկիրը չի հանդուրժեր Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը եւ «տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ միասնական ճակատով» հանդէս պիտի գայ` այդ գործողութիւնները անյապաղ դադրեցման համար:

Ըստ «Միկնիուզ»-ի ան նաեւ յայտարարած է, որ «Իսրայէլ տարածաշրջանը արեան ծովի վերածած է»` աւելցնելով, որ «պաղեստինեան արեան իւրաքանչիւր կաթիլ մեր ընդհանուր իսլամական երակներէն կը հոսի, պաղեստինցի երեխաներու աչքերէն ինկած արցունքները` նաեւ մեր արցունքներն են»:

«Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովումը, սկսեալ Սուրիայէն, ուր արիւնահեղութեան պատճառը Դամասկոսի վարչակարգն է, հասնելով Պաղեստինի եւ Լիբանանի իրավիճակն ու հոն գոյութիւն ունեցող հարցերը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին են», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

«Անարդար է, որ միայն 5 երկիրներ (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները) կը կառավարեն ամբողջ միջազգային յարաբերութիւնները», յայտարարեց ան` պնդելով, որ անհրաժեշտ է «վերանայիլ եւ փոխել թէ՛ ՄԱԿ-ի կառոյցը, թէ՛ Ապահովութեան խորհուրդը»:

Նշենք, որ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարած էր, որ Կազայի մէջ «անմեղ մանուկներու դէմ կատարուած ջարդին համար պէտք է հաշուետուութեան ենթարկել Իսրայէլը»:

Նախորդը

«Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Համար Կարելի Չէ Վստահիլ ՄԱԿ-ին Կամ Ապահովութեան Խորհուրդին» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.