17 նոյեմբերին Եգիպտոսի Ասիութ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ահաւոր արկած մը, երբ Գահիրէէն Ասիութ ուղղուող շոգեկառքը բախեցաւ 4-8 տարեկան 48 աշակերտներ փոխադրող պասի մը` պատճառելով բոլորին մահը: Արկածին իբրեւ հետեւանք մահացան նաեւ պասին մէջ եղող աշակերտներուն հսկիչն ու վարորդը:
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամէտ Մուրսի այս առիթով պատկերասփռուած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ընդունած է փոխադրութեան հարցերու նախարար Մոհամէտ Ռաշատ Մութայնիի հրաժարականը, զոր վերջինը ներկայացուցած էր արկածէն ետք, ինչպէս նաեւ երկաթուղագիծի յանձնաժողովի նախագահ Մուսթաֆա Քանուիի հրաժարականը: Ան հաստատեց, որ այս առնչութեամբ հետաքննութիւն կը կատարուի, եւ բոլոր պատասխանատուները իրենց արժանի պատիժը պիտի ստանան:
Ականատեսներու համաձայն, դպրոցական պասը երկուքի բաժնուած էր շատ զօրաւոր բախումին պատճառով: Աշակերտներուն արեան հետքերը յստակ տեսանելի եղած են շոգեկառքին վրայ, իսկ անոնց պայուսակներն ու տետրակները ցրուած են ամէնուրեք: Շոգեկառքին մէջ եղողներէն մէկը, որ մեծապէս ցնցուած էր, պատմած է, թէ երբ շոգեկառքէն իջած է տեսած է մանուկներու գանկեր` իրենց մարմիններէն անջատուած: Պատասխանատուներ դիտել տուին, որ դիակներուն այլանդակ վիճակին պատճառով հարազատները դժուար ճանչցան իրենց զաւակները:
Մահացած մանուկներուն ծնողները եւ հարազատները այս առիթով կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը, որուն պատճառով արկածի վայր այցելել ուզող Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ չկրցաւ հոն հասնիլ:
Քանտիլի եւ անոր ընկերակցող նախարարներուն դիմաց փակուեցան ճամբաները: Ցուցարարները նաեւ քանի մը ժամուան համար արգիլեցին շոգեկառքերուն երթուդարձը:


