Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ը Կը Շարունակէ Քաջալերել Լիբանանահայ Շնորհալի Աշակերտները

November 19, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 18 նոյեմբեր 2012-ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճը տարբեր հմայք ունէր: Լիբանանահայ խումբ մը շնորհալի աշակերտ-աշակերտուհիներ, ծնողներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ եկած էին միասնաբար ողջունելու «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»-ի աշակերտական մրցանակի բախտաւորները եւ վերահաստատելու հայոց լեզուով, գրականութեամբ, հայոց պատմութեամբ, մշակոյթով եւ քրիստոնէական աւանդութիւններով ու արժէքներով հպարտ հայ աշակերտի իրենց ուխտը:

Արդարեւ, երրորդ տարին ըլլալով տօնական արտայայտութիւնը կարելի էր կարդալ բոլոր ներկաներուն դէմքերուն վրայ: Լիբանանահայ գրեթէ բոլոր միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները` 17 միջնակարգ եւ 12 երկրորդական կրթօճախներ, 89 երկսեռ աշակերտ-աշակերտուհիներով, մասնակցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»-ի կազմակերպած հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանքներուն: Բոլորը ուրախ էին եւ միաժամանակ` անհամբեր: Հասկաքաղի պահը մօտեցած էր:

Մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան բացումը կատարելով` Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ կրթական հարցերու գրասենեակի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, դատական կազմի անդամներուն եւ մասնակից աշակերտներուն, «որոնք իրենց ամբողջական գործակցութեամբ մեծապէս նպաստեցին այս օգտաշատ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակելու ճիգերուն եւ այս մրցանքին տուին իւրայատուկ գրաւչութիւն»: Այնուհետեւ, ան դիտել տուաւ, որ հակառակ նոր ժամանակներու կախարդական նորութիւններուն եւ համակարգչային արհեստագիտութեան արագընթաց զարգացումներուն, լիբանանահայ աշակերտները կը փորձեն կառչած մնալ ազգային արժէքներուն ու գանձերուն, նոյնիսկ եթէ իրենց հայագիտական արդիւնքները որոշ չափով հեռու կը մնան ցանկալի մակարդակէն:

Եզրակացնելով` Ս. Կիրակոսեան շեշտեց, որ մեծագոյն յաղթականը այսօր հա՛յ դպրոցն է, իսկ մրցանակակիրները` բոլո՛ր մասնակիցները: Ապա ան հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ եւ հայ աշակերտին առաջին բարեկամ ու հայր Արամ Ա. կաթողիկոսը, որպէսզի իր ձեռամբ պարգեւատրէ բախտաւորները եւ կատարէ մրցանակաբաշխութիւնը:

Մրցանակաբաշխութեան սրտայոյզ պահէն ետք իր հայրական խօսքը ներկաներուն փոխանցելով` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դժբախտաբար հայոց լեզուն ու հայագիտական նիւթերը սկսած են կամաց-կամաց նահանջ արձանագրել մեր կեանքին մէջ: Հայ դպրոցին առաքելութիւնը ամէն բանէ առաջ հայակերտում է: Նման նախաձեռնութիւններ մեծապէս կը նպաստեն նոր սերունդի հայակերտման աշխատանքին»: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ վարժարաններուն աշակերտներուն ու ծնողներուն` յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ուսուցման ու տարածման, որովհետեւ անոնք կը կազմեն ողնասիւնը հայու ինքնութեան ու գոյութեան:

Նախորդը

Մեծ Խանդավառութեամբ Սկսաւ «Երգ Երգոց» Երգի Մրցանքը

Յաջորդը

48 Աշակերտներ Մահացան Եգիպտոսի Ահաւոր Արկածին Պատճառով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.