Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1962)

November 19, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամը

Կը սիրէր այսպէս կոչուիլ, հաւանաբար` այն պաշտամունքին համար, որ ունէր հանդէպ այն միւս Արամին, որուն վիճակուեցաւ մայիսեան առաւօտ մը մարմին տալ ցեղին դարաւոր երազին:

Փոքր տարիքէն որբ, անցած` կեանքի կրակէ ճամբաներէն, անձնական պատկառելի փորձառութեան մը պաշարով, հասած էր իրապաշտ հայեցողութեան մը, որուն դրոշմը կը դնէր հանրային ու կուսակցական բոլոր գործերուն վրայ:

Հակառակ իր ծանրախոհ արտաքինին` մտերմօրէն զուարթամիտ մարդն էր ան, որ գիտէր համոզել, առանց երբեք պարտադրելու, համոզուիլ` առանց տկարանալու:

Յամառ, անխոնջ, յարատեւ աշխատանքի ախոյեանն էր մեր ընկերը, որ հայ կեանքի դաժան պայմաններուն բերումով պատանի հասակէն ապրած էր իր ցեղին տառապանքները, բախտակից` այն սերունդին, որ չկրցաւ յագեցնել լոյսի իր ծարաւը:

Այդ ծարաւը, լոյսի եւ ուսման այդ անդիմադրելի տենչը կիրքի վերածուած էր Արամին մօտ, որ ինքնաշխատութեամբ, ներքին մղումի անօրինակ թափով մը նուաճեց բարձունքներ` ո՛չ միայն հանրային-հասարակական կեանքի, այլ նաեւ` գրական անդաստանէն ներս, շնորհիւ իր բնածին ձիրքերուն եւ բանաստեղծ հոգիին:

Կարելի չէ լիովին ու ամբողջապէս ըմբռնել զինք` առանց այդ բանաստեղծ հոգիին: Որովհետեւ Արամը, իսկական Արամը, բեմերու վերասլաց հռետորը չէ միայն, գանգահար հրապարակագիրը չէ պարզապէս, այլ այդ բոլորին հետ ու անոնցմէ վեր, զգայուն գրողն է, «Քերթուած գարնան գիշերուան»-ի երազատեսը, որ գիտէ զգայուն լարեր թրթռացնել ընթերցողներու հոգիին մէջ:

Իրապաշտ ու խոհուն այս մարդը երբեմն պատանիի խանդավառութիւններ կ՛ունենար, երբ կուսակցական եռուն կեանքի ասպարէզ կը բացուէր զանազան պայքարներու առթիւ:

Պէտք էր տեսնել զինք այդ պահերուն, ակումբի մէկ սենեակին մէջ կամ բեմին վրայ, բազմութիւնները գործի մղող իր հրաբորբ խօսքերով: Այդ պահերուն, գերագոյն նուիրումի այդ վայրկեաններուն, յեղափոխաշունչ ղեկավարն էր ան, որ գիտէր խօսիլ բոլորին սրտին, մեծին ու փոքրին, մտաւորականին թէ բանուորին, որովհետեւ անկեղծութիւն կը դնէր իր խօսքին մէջ, գիտէր ըլլալ պարզ եւ անսեթեւեթ, վերջապէս` առինքնող ու վարակիչ անհատականութիւն:

Կը մեկնի անժամանակ, երբ տակաւին այնքա՛ն պէտք ունէինք իր խրախուսիչ ներկայութեան, պէտք ունէին գաղափարի իր ընկերները, որոնք Արամին մէջ ճանչցած ու սիրած էին տիպար դաշնակցականը. այն, որուն համար Դաշնակցութիւնը գերազանցօրէն հայաշունչ ըմբռնում մըն էր, հայ ժողովուրդի ընդերքէն բխած մշտակայ ներկայութիւն մը` իբրեւ ոգի ու գաղափար:

Յարգա՜նք իր խնկելի յիշատակին:

Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ

Հատեթի Ազգային Զաւարեան Վարժարանի
Բացման
Հանդէսը

Կիրակի, 4 նոյեմբեր 1962-ին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Հատեթի նորակերտ Ազգային Զաւարեան վարժարանին:

Հանդիսութեան հովնաւորութիւնը ստանձնած էր առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան: Կը նախագահէր տոքթ. Ժան Վասոյեան:

Օրուան հիւրերուն մէջ աչքի կը զարնէին Հատեթի քաղաքապետ տոքթ. Վիքթոր Քարամ` խորհուրդի լրիւ կազմով, տոքթ. Ե. Խաթանասեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լ. Սասունի եւ այլ ազգայիններ:

Յարգելի նախագահը իր բացման խօսքին մէջ դրուատեց շրջանի կորովի երիտասարդութեան տարած ազգօգուտ աշխատանքը:

Ապա յաջողութեամբ մեներգեց Աղաւնի Քարակոբեան «Երգիր ինձ համար» հայրենաբոյր երգը, որմէ ետք վարժարանի պատասխանատու ուսուցչուհին` Հռիփսիմէ Մարտիրոսեան խոր ապրումով արտասանեց Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» քերթուածը: Ապա յուզումով մեներգեց Անահիտ Տեմիրճեան «Իմ անուշ տաւիղ» երգը:

Վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ խօսք առնելով` Լեւոն Փանոսեան շեշտեց կարեւորութիւնը ուսումին եւ անոր ունեցած դերը մեր ժողովուրդի մտային զարգացման մարզին մէջ:

Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ Լ. Սասունի, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Երուանդ Էքմեքճեանին, որ 3 տարի շարունակ ձրիաբար տրամադրած էր նախկին վարժարանին սենեակները: Ահա յաջողութիւն մաղթելով հոգաբարձութեան` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով 200 լ. ոսկիի նուիրատուութիւն մը ըրաւ վարժարանին:

Խօսք տրուեցաւ տեղւոյն քաղաքապետ տոքթ. Վիքթոր Քարամին, որ ըսաւ. «Հաճոյք է մեզի համար գտնուիլ մեզի եղբայր հայ հասարակութեան մէջ, որոնց աչքերուն մէջ յիրաւի կը տեսնեմ զոհաբերող եւ շինարար ազգի մը զաւակները: Մեր կարելի բոլոր միջոցներով կը խոստանանք զօրավիգ կանգնիլ ձեզի, որպէսզի ուսանին եւ զարգանան եղբայր ազգի մը մատղաշ զաւակները»: Քաղաքապետին այս յայտարարութիւնը երկարատեւ ծափերու արժանացաւ:

Վարժարանի Ե. դասարանէն Մակի Փոլատեան կարդաց գեղեցկագիր ուղերձ մը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ տոքթ. Ե. Խաթանասեան: Տոքթորը յորդորեց ծնողները, որ ամէն կարելի միջոցներով օգնեն դպրոցին ո՛չ միայն իրենց զաւակներուն համար, այլ` ազգին վերելքին համար: Զաւարեանը, ըսաւ ան, մեր հայ իրականութենէն ներս զոհաբերութեան տիպարն է, եթէ կ՛ուզէք յաւերժացնել յիշատակը այդ մեծ հայուն, հետեւեցէք օրինակին:

Վերջապէս բեմ բարձրացաւ թեմի առաջնորդը` տալու իր պատգամը: Սրբազան հայրը նախ յայտնեց իր անսահման ուրախութիւնը նոր դպրոցի մը բացման առիթով, ապա աւելցուց. «Այսօրուան սփիւռքի ցիրուցան տարածքին վրայ մեծ վտանգ մը կը սպառնայ մեր ժողովուրդին: Հայ դպրոցը ազգային ինքնապաշտպանութեան հզօրագոյն աշտարակն է, անոր վրայ հայեցի դրոշմ եւ ազգային կնիք պիտի դնենք»: Ապա յանուն Ազգային իշխանութեան` 500 լ. ոսկիի նուիրատուութիւն մը ըրաւ վարժարանին:

Պատմական այս հանդիսութենէն խանդավառուած` ազգայիններ սկսան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ընել Ազգային Զաւարեան վարժարանի վերելքին համար:

Նախորդը

Խմբագրական. Քայլ Առ Քայլ Դէպի Իրաւական Ճանաչում

Յաջորդը

Ժամանակակից Կենցաղ. Մշակոյթ` Խոհանոցին Մէջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.