Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Քայլ Առ Քայլ Դէպի Իրաւական Ճանաչում

November 17, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահին եւ անոր ընկերակցող բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացած պատուիրակութեան  Արցախի հանրապետութիւն տուած այցելութեան քաղաքական մեկնաբանութիւնը կատարելէ առաջ պէտք է վերյիշել ոչ շատ հեռու անցեալէն շատ կարեւոր հանգրուաններ: Նախ պէտք է յատկապէս ընդգծել Ուրուկուէյ – Լեռնային Ղարաբաղ հետեւողականութեամբ յատկանշուող յարաբերութիւններուն ընթացքը եւ այդ առումով ալ որոշ կանխատեսում կատարել, թէ ո՞ւր կրնան յանգեցնել հաստատուն քայլերով ընթացող միջպետական այցելութիւնները, քննարկումներն ու հասկնալիօրէն զուսպ նկատուող երկկողմանի յայտարարութիւնները:

9 սեպտեմբեր 2011-ին, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական խումբին կողմէ նախաձեռնուած Հայաստան-Ուրուկուէյ յարաբերութիւններու թեմային յատկացուած համաժողովին ընթացքին կը կատարէր աննախադէպ յայտարարութիւն. «Այսօր մենք կ՛ուսումնասիրենք հարցը` պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն մաս կը կազմէ Հայաստանին եւ պէտք է ըլլայ անկախ կամ կարճ ժամանակամիջոցին կցուի Հայաստանին: Այս է արցախեան խնդիրին միակ լուծումը»:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին փոխադարձ քայլը չէր ուշանար:  Երեք ամիս ետք արդէն` 1 դեկտեմբերին, Մոնթեվիտէոյի մէջ նախագահ Սահակեան կը յայտարարէր, որ Ուրուկուէյի հետ կապերու սերտացումը դրականօրէն կրնայ ազդել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին վրայ:

Եւ այժմ Ուրուկուէյի ներկայացուցիչներու տան պալատի նախագահը կը յայտարարէր. «Մեր մօտ ոչ ոք կը հակադրուի այն իրողութեան, որ այսօր կը տիրէ այստեղ»: Պարզ է, որ «այստեղ»-ը Արցախն է եւ «այսօրուան իրողութիւն»-ը անոր իրողական անկախութիւնն է: Ուրուկուէյցի խորհրդարանականները սակայն, իրողականով չէին բաւարարուեր:

Խորխէ Օրիքոն նաեւ յայտարարած է, որ Ուրուկուէյի մէջ կ՛ընդունին եւ կը հասկնան, որ այլ ժողովուրդներ եւս ունին ինքնորոշման օրինական ցանկութիւն: Այստեղ «օրինական» բնութագրումը վերը նշուած իրողականէն անդին կ՛անցնի եւ իրաւական անկախութիւնը կը նախանշէ: «Օրինական ցանկութիւն»-ը փաստօրէն միջազգային օրէնքի համապատասխան ժողովրդային հանրաքուէին կ՛ակնարկէ` իբրեւ անհրաժեշտ նախաքայլ հանրապետութեան իրաւական ճանաչման:

Տակաւին. Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Ուրուկուէյի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռուսէն Մարտինես Ուելմոն, չէր բացառեր, որ իր երկիրը առաջինը ըլլայ` Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցողը: Այս, որպէս տեսութիւն պարզաբանած էր ուրուկուէյցի պետական գործիչը` աւելցնելով, որ ճանաչումը քաղաքական գործընթաց է եւ պէտք է քայլ առ քայլ ընթանայ:

Փաստօրէն, այս քաղաքական գործընթացը քայլ առ քայլ կ՛ընթանայ: Արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւն, ապա նախագահ Սահակեանի այցելութիւնը Մոնթեվիտէօ եւ այնտեղէն Արցախի անկախութեան ճանաչումի անհրաժեշտութեան յիշեցում` ամբողջ շրջանին մէջ առաջադրելի խաղաղութեան համար, Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխուժ բանակցութիւններ, տեղւոյն Հայ դատի գրասենեակի կատարած կարեւոր կամրջումներ եւ համադրումներ, իսկ այժմ Ուրուկուէյի արեւելեան հանրապետութեան ներկայացուցիչներու տան պալատի նախագահին շրջադարձային նշանակութիւն ունեցող այցելութիւն Արցախի Հանրապետութիւն եւ այնտեղէն հնչած նախաճանաչումի յայտարարութիւններ:

Այո՛. քայլ առ քայլ իրականացուող գործընթացին մասին է խօսքը, որուն ներգրաւուած են Արցախի Հանրապետութիւնը, Հայ դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը, Ուրուկուէյի թէ՛ գործադիր, եւ թէ՛ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները եւ փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այս բոլորը կը յուշեն, որ իրաւամբ կ՛ընթանանք դէպի Արցախի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչումի առաջին հանգրուանը: Քայլ առ քայլ:

Նախորդը

Ի՞նչ Պայմանով ՀՅԴ-ն Կը Սատարէ Սերժ Սարգսեանի

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1962)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.