Ամերիկայի Հայ դատի մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շնորհաւորած է Պարաք Օպաման Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուելուն առիթով:
Մարմինի ատենապետ Քեն Խաչիկեան հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշէ, որ «մենք կը շնորհաւորենք նախագահ Օպաման, նաեւ նախկին նահանգապետ Ռոմնին` լաւ քարոզարշաւի համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ամերիկահայ ընտրողներուն, որոնք ընտրութեան գացին` ընտրելու տեղական այն թեկնածուները, որոնք մեզի կ՛աջակցին` համայնքը յուզող հարցերուն մէջ»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Քոնկրեսի թեկնածուներէն, որոնց կ՛աջակցի հայ համայնքը, մեծ առաւելութեամբ յաղթած են Պոպ Մենենտեսը, Էտըմ Շիֆը, Էտ Ռոյսը, Ֆրենք Փալոնը եւ ուրիշներ:
Հայ դատի գրասենեակը Միացեալ Նահանգներու 30 նահանգներու մէջ կ՛աջակցէր աւելի քան 140 թեկնածուներու: Իսկ նախագահական թեկնածուներէն այս ընտրապայքարին մէջ Հայ դատի մարմինը պաշտօնապէս ոչ ոքի թեկնածութիւնը պաշտպանած էր` յայտարարելով, որ գործող նախագահը նախորդ ընտրութեան ընթացքին իր կատարած խոստումները չէր գործադրած, իսկ Ռոմնի հայ համայնքին որեւէ էական առաջարկ չէր ներկայացուցած:


