Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նազարեան ՄԱԿ-ի Մէջ Խօսեցաւ Պաքուի Հայատեացութեան Մասին

November 8, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի  Ընդհանուր ժողովի 67-րդ նստաշրջանի շրջագիծին մէջ խօսք առաւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան օրակարգի «ցեղապաշտութեան, ցեղային խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան այլ ձեւերու վերացում» կէտով: Ան յայտարարեց, որ տակաւին չեն սպիացած Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին վէրքերը եւ այդ երկիրը կը շարունակէ պետական մակարդակով քարոզել ատելութիւն հայերուն նկատմամբ:

Դեսպանը նիստին մասնակցող ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ուշադրութեան յանձնեց պաշտօնական Պաքուի յայտարարութեան փաստերը` նշելով, որ այս առիթով կ՛ահազանգէ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորաբար ցեղապաշտութեան դէմ պայքար մղող միջկառավարական կառոյցները:

Նազարեանի խօսքին առանցքային նիւթն էր մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելը, ինչ որ ոչ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքի մարդկային նպատակներուն, այլեւ մարտահրաւէր կը նետէ մարդկային իրաւունքներու ամբողջ համակարգին:

Դեսպանը նշեց, որ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ մարդասպանի ներումը անպատժելիութեան սարսափելի օրինակ է: Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճան կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ «հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու, իբրեւ բարի դրացիներ խաղաղութեան մէջ միասին ապրելու» ՄԱԿ-ի նպատակը եւ անով իսկ կը խափանէ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման հոլովոյթը շրջանին մէջ:

Կարէն Նազարեան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ միջազգային հանրութեան` շարունակելու բողոքի ձայն բարձրացնել ընդդէմ այս աններելի վարքագիծին, որ անարգելով մարդկային իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը, կը վտանգէ նաեւ շրջանային խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Դիտարկումը Անցաւ Առանց Միջադէպերու

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Օպաման

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.