Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերունեւորական Յուշաթափութիւն

November 6, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս երեւոյթին համար նոր բառ մը կը ստեղծէ «Տը Կարտիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի հաւատարիմ աշխատակիցը` Ճորճ Մոնպիոթ, որ թերթի 5-11 հոկտեմբեր 2012-ի թիւին մէջ կ՛առաջադրէ «Ռոմնիժիա» բառը` Միացեալ Նահանգներու նախագահական հանրապետական թեկնածուի Ռոմնի մականունին ու «ամնիժիա» (յուշաթափութիւն) բառին ագուցումով. գէթ այդպէս կարելի է հետեւցնել կարդալէ ետք իր յօդուածը` «Գերունեւորները կը տառապին Ռոմնիժիայի ծանր անհանգստութենէն»:

Ի՞նչ իմաստ կ՛ուզէ տալ յօդուածագիրը այդ բառին. «Այն ունակութիւնը, որ շատ հարուստները ունին` մոռնալու այն շրջարկը, ուր անոնք իրենց հարստութիւնը դիզեցին: Մոռնալ իրենց ուսումը, ժառանգութիւնը, ընտանեկան ցանցը, կապերն ու ծանօթութիւնները: Մոռնալ այն բանուորները, որոնց աշխատանքը հարստացուց զիրենք: Մոռնալ պետութեան կողմէ իրենց հայթայթուած ենթակառոյցը եւ ապահովութիւնը, ուսեալ աշխատուժը, կապորդները, նպաստներն ու նիւթական օժանդակութիւնները»:

Խորհրդային Միութիւնը իր առասպելը ստեղծած էր Ալեքսէյ Սթախանով հանքագործով, որ 100 թոն ածուխ դուրս բերած էր հանքէն` վեց ժամուան մէջ (ինչ որ հաւանաբար կեղծուած քանակ մըն էր): Ամերիկան ալ ունէր Հորաշիօ Ալճըրի յօրինած Ռիչըրտ Հանթըրի կերպարը, իր «Ցնցոտիներէն` հարստութիւն» հեքիաթներով: Սակայն այս առասպելները, որքան ալ որ իրականութեան կորիզ մը ունեցած ըլլան իրենց մէջ, այնքան աւելի բուռն կերպով կ՛օգտագործուին որպէս արդարացման միջոց, որքան տուեալ համակարգերը աւելի ու աւելի կը հեռանան իրենց սկզբնական իտէալներէն:

Քանի զարգացած երկիրները ծայրայեղ անհաւասարութեան եւ ընկերային անշարժութեան կը մատնուին, «ինքնակերտ» մարդու առասպելը աւելի զօրեղ միջոցի կը վերածուի արդարացնելու համար իր իսկ բեւեռային հակառակը` վարձոյթ որոնող, անխոցելի դասակարգ մը, որ իր ժառանգած դրամները կ՛օգտագործէ կարենալ խլելու համար ուրիշներու հարստութիւնը:

Այս երեւոյթին` Ռոմնեզիայի ամէնէն կոպիտ պաշտպանն է աւստրալիացի հանքային մեծ գործատէր Ճինա Ռայնհարթ, որ կը պնդէ, թէ` «միլիոնատէր ըլլալը մենաշնորհ մը չէ», եւ որ` «եթէ կը նախանձիք անոնց, որոնք ձեզմէ աւելի դրամ ունին, պարզապէս մի՛ նստիք ու գանգատիք. գացէք եւ բան մը ըրէք, որ դուք ալ աւելի դրամ վաստկիք. խմելու կամ ծխելու եւ բարեկամներու հետ ժամանակ անցընելու տեղ աւելի՛ աշխատեցէք… Յիշեցէք մեր արմատները ու ստեղծեցէք ձեր սեփական յաջողութիւնը»: Բայց ճիշդ այդ է, որ ինք կը մոռնայ ընել, կ՛ըսէ Մոնպիոթ, քանի որ միլիոնատէր Ռայնհարթի պարագային, միլիառատէր ըլլալու համար կ՛օգնէ, որ երկաթի հանք մը ու հօրդ հարստութիւնը ժառանգես ու գտնուիս շուկայի բարձրակէտի մը վրայ:

Այդ գերհարուստներուն մէջ կը վխտան անոնք, որոնք կա՛մ ժառանգած են իրենց հարստութիւնը, կա՛մ` վարձոյթով ստացած, այսինքն ոչ` իրենց նորարարական կամ արտադրական ջանքերով մէջտեղ բերած. «Անոնց մաս կը կազմեն չարաշահորդներ, կալուածատէր «պարոն»-ներ, դուքսեր, տեղեկատուական արհեստագիտութեան մենավաճառներ, փոխատու շանաձուկեր, դրամատան ղեկավարներ, քարիւղի շէյխեր, հանքատէրեր, սակաւապետեր եւ ընկերութեանց աւագ գործադիրներ, որոնք կը վարձատրուին իրենց արտադրած արժէքէն անհամեմատ աւելի բարձր ռոճիկներով: Կողոպտիչներ` մէկ խօսքով»: Հեղինակը կ՛աւելցնէ, որ` «ամէնէն հարուստ հանքատէրերը անոնք են, որոնց չնչին գինով մը պետութիւնը ծախած է երկրին բնական հարստութիւնները: Ռուս, մեքսիքացի եւ բրիտանացի սակաւապետերը (ինչո՞ւ միայն այդ երկիրներուն… – Վ.-Ա.) ցած գիներով ձեռք ձգեցին հանրային ինչքերը` սեփականաշնորհման ճամբով, ու հիմա իրե՛նք կը վարեն երկրին փակ տնտեսական կեանքը: Դրամատան տէրերն ալ անհասկանալի գործիքներ կը գործածեն իրենց յաճախորդներն ու հարկատուները կթելու համար»:

Միթ Ռոմնի կը համարձակի յայտարարելու, որ` «ինչ որ Աննը ու ես ունինք, հին եղանակով վաստկած ենք»: Այո՛, կ՛ըսէ Մոնպիոթ, հին` Սեւամօրուս ծովահէնին ոճով… առողջ ընկերութիւններ գնելով ու քանդելով, արժէքներ ու գործեր փճացնելով ու տակաւին պետութենէն ալ մեծ նպաստներ կորզելով:

Ռոմնի կը մարմնացնէ տնտեսական մակաբուծութիւնը: Դրամական ոլորտը դարձած է գործ փճացնող, տուն քանդող, կեանքերը ճզմող մեքենայ մը, որ ուրիշները կ՛աղքատացնէ ի՛նք հարստանալու համար:

Կայ անշուշտ պատմութեան միւս երեսն ալ: «Ոեւէ մէկը կրնայ ընել (հարստանալ), ես առանց օգնութեան ըրի», կը թարգմանուի` «կը մերժեմ հարկ վճարել ուրիշներուն օգնելու համար, քանի որ անոնք կրնան իրենք իրենց օգնել», իրենց հօրմէն երկաթի հանք ժառանգած ըլլան կամ ոչ:

«2010-ին,- դիտել կու տայ յօդուածագիրը,- Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հարուստ մէկ առ հարիւրը խլեց այդ տարուան եկամուտներուն ապշեցուցիչ` 93 առ հարիւր համեմատութիւնը: Նոյն տարին ընկերութիւններու գլխաւոր գործադիր տնօրէնները միջին հաշուով վաստկած են միջին աշխատողի մը եկամուտին 243 անգամը»:

Ինչ կը վերաբերի ընկերային շարժունակութեան, Տնտեսական համագործակցութեան ու զարգացման կազմակերպութիւնը (OECD) կը հաստատէ, որ այն երեք երկիրները, ուր մարդոց եկամուտը ամէնէն աւելի կրնայ նմանիլ իրենց հօր եկամուտին, կը հանդիսանան, այս կարգով` Միացեալ թագաւորութիւնը, Իտալիան ու Միացեալ Նահանգները: «Պատահականութիւն չէ-, կ՛ըսէ յօդուածագիրը,- որ այս երեք պետութիւնները իրենք զիրենք կը ջատագովեն որպէս անզուգական պատեհութեան երկիրներ»:

Ճորճ Մոնպիոթ հետեւեալ բառերով կ՛եզրակացնէ իր յօդուածը. «Հաւասար պատեհութիւն, ինքնաստեղծում, հերոսական անհատապաշտութիւն. ահա այն առասպելները, որ գիշատիչ դրամատիրութիւնը կը պահանջէ իր քաղաքական վերապրումին համար: «Ռոմնեզիա» յուշաթափութիւնը կ՛արտօնէ, որ գերհարուստները թէ՛ հերքեն այլոց դերակատարութիւնը իրենց անձնական հարստութեան ստեղծումին մէջ եւ թէ՛ մերժեն օգնել նուազ բախտաւորներուն: Դար մը առաջ ձեռնարկատէրերը կը ջանային քողարկել իրենց մակաբոյծ ըլլալը, կ՛որդեգրէին տիտղոսաւորներու, շահակեացներու բարքերը: Այսօր մակաբոյծները իրենք զիրենք ձեռնարկատէր կը հռչակեն»:

Այս մտահոգիչ, աղէտաբեր կացութիւնը կը տիրէ նաեւ մե՛ր երկրին մէջ` Հայաստանի: Ատոր գլխաւոր հետեւանքը… արտագաղթն է: Ինչպէ՞ս վերջ պիտի տրուի անոր, եւ ո՞վ պիտի յաջողի վերջ տալ:

 

 

 

Նախորդը

Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

Յաջորդը

Հայաստան, Համաշխարհային Սննդի Տագնապ, «Ինչու»-ներ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.