Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղպտիները Կը Բողոքեն Եգիպտոսի Մէջ Իրենց Թիւի Մասին Տուեալներուն Նուազեցման Դէմ

October 2, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին պաշտօնական բողոք արտայայտած է` յայտարարելով, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով երկրին մէջ ղպտիներու թիւին վերաբերեալ նուազեցուած տուեալներ կը հրապարակեն:

Ըստ Եգիպտոսի Կեդրոնական վիճակագրական գործակալութեան անցեալ շաբաթ հրապարակած տուեալներուն, երկրին մէջ կը բնակին 5.13 միլիոն քրիստոնեաներ, ինչ որ Եգիպտոսի 83 միլիոն բնակչութեան 4 առ հարիւրը կը կազմէ:

Միեւնոյն ժամանակ, անցեալ տարի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ կատարուած մարդահամարը այլ արդիւնք ցոյց տուած էր: Ըստ այդ վիճակագրութեան, Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներուն թիւը 17 միլիոն է, ինչ որ Եգիպտոսի բնակչութեան 20 առ հարիւրը կը կազմէ: Այս տուեալները կը հաստատեն նաեւ աւստրիական «Փրօ Օրիենթէ» հիմնադրամի փորձագէտները:

Եգիպտոսի քրիստոնեաներու թիւին վերաբերեալ տուեալները երկար տարիներ իրականութենէն լրջօրէն տարբեր եղած են: Նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգի շրջանին տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին, թէ Եգիպտոսի մէջ 3.3 միլիոն քրիստոնեայ կը բնակի, իսկ ըստ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ, միայն այդ եկեղեցւոյ անդամներուն թիւը 2008-ին 12 միլիոն էր:

Եգիպտոսի քրիստոնեաները մտավախութիւն ունին, որ կառավարական կեղծ վիճակագրական տուեալները կրնան նոր իշխանութիւններուն կողմէ օգտագործուիլ քրիստոնեաները լուսանցքայնացնելու համար, ինչպէս երկար տարիներ շարունակ ատիկա կը կատարուէր Մուպարաքի կառավարման շրջանին:

Այս հարցով Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ բողոքին միացած են նաեւ Եգիպտոսի քրիստոնէական այլ համայնքներ:

 

 

Նախորդը

Ըստ ՄԱԿ-ի Սննդեղէնի Եւ Հողագործութեան Կազմակերպութեան Եմէնցիներուն Կէսը Յեղափոխութենէն Ետք Անօթութենէ Կը Տառապի

Յաջորդը

Ըստ Եգիպտացի Պաշտօնատարի Մը Փերեսի Հետ Հանդիպումի Սուտ Լուրին Նպատակը Մուրսիի Ժողովրդականութեան Վնաս Հասցնելն Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.