ՄԱԿ-ի Սննդեղէնի եւ հողագործութեան կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ եմէնցիներուն շուրջ կէսը կը տառապի անօթութենէ, մինչ քաղաքական անկայունութիւնը կը բազմապատկէ սննդեղէնի եւ վառելանիւթի միջազգային սակերու բարձրացման ժխտական ազդեցութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ Եմէն աշխարհի վրայ մանուկներու թերսնումին մակարդակով երրորդ դիրքը գրաւէ:
Կազմակերպութեան բանբեր Պարի Քիմ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, թէ Եմէն, որ մշակման յարմար իր հողերուն սակաւութեան պատճառով կը ստիպուի իր սննդական պէտքերուն մեծամասնութիւնը ներածել, նաեւ սննդեղէնի եւ վառելանիւթի միջազգային սակերու բարձրացումէն կը տառապի:
Ան նշեց, որ «5 միլիոն եմէնցիներ կամ բնակչութեան 22 առ հարիւրը չի կրնար իր կերակուրը ապահովել կամ իրեն բաւարար կերակուր ապահովել… անոնց մեծամասնութիւնը այն աշխատաւորներէն են, որոնք հողեր չունին, ուստի իրենց կերակուրը չեն ցաներ եւ սննդեղէնի գիներու բարձրութեան պատճառով զայն չեն կրնար գնել»` աւելցնելով, որ «աւելի՛ն, գոյութիւն ունին 5 միլիոն այլ անձեր, որոնք մեծապէս կը վնասուին սննդեղէնի սակերու բարձրացումէն եւ սննդական ապահովութեան բացակայութեան կացութեան մէջ են, ուստի 10 միլիոն անձեր իւրաքանչիւր գիշեր անօթի վիճակով կը քնանան»:


