ՖԻՊԱ Եւրոպան հաստատեց 2027-ի պասքեթպոլի Եւրոպայի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւններու քաղաքներն ու ժամկէտները:
Տղոց մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան Բ. կարգի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 9-էն 18 յուլիս 2027-ին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան):
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը աւելի կանուխ ներկայացուցած էր մրցաշարքին մասնակցելու դիմումնագիրը:
Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ՖԻՊԱ-ի ժողովին որոշուեցաւ ընդունիլ ախոյեանութեան` Ազրպէյճանի հիւրընկալման առաջարկը:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը դիմումներ ներկայացուցած էր տարիքային բոլոր 6 կարգերուն մասնակցելու` մինչեւ 16, 18 եւ 20 տարեկաններու երկսեռ խումբերով:
Այս ձեւով Հայաստանի մինչեւ 20 տարեկաններու տղոց հաւաքականը կրնայ մասնակցիլ Ազրպէյճանի մէջ կատարուելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: Միեւնոյն ժամանակ, դիմում ներկայացնելը անպայման չի նշանակեր մասնակցութեան վերջնական հաստատում:
Մասնակիցներու պաշտօնական կազմը եւ վիճակաձգութեան արդիւնքները կը հրապարակուին աւելի ուշ:
ՖԻՊԱ Եւրոպայի հրապարակած օրացոյցին համաձայն կը ներկայացնենք այն մրցաշարքերը, որոնց մասնակցելու դիմում ներկայացուցած է Հայաստանի ֆետերասիոնը.
ՏՂԱՔ.- Մինչեւ 16 տարեկան – Բ. կարգ, 5-էն 14 օգոստոս, Պրաթիսլաւա, Սլովաքիա:
Մինչեւ 18 տարեկան – Գ. կարգ, 17-էն 25 յուլիս, Նիկոսիա, Կիպրոս:
Մինչեւ 20 տարեկան – Բ. կարգ, 9-էն 18 յուլիս, Պաքու, Ազրպէյճան:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- Մինչեւ 16 տարեկան – Գ. կարգ, 6-էն 11 յուլիս, Երեւան, Հայաստան:
Մինչեւ 18 տարեկան – Գ. կարգ, 20-էն 25 յուլիս, Փեչ, Քոսովօ:
Մինչեւ 20 տարեկան – Բ. կարգ, 3-էն 11 յուլիս, Թուլչա, Ռումանիա:
Հայաստանի մայրաքաղաքը երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով կը հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը: 2025-ին Երեւան հիւրընկալած է մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի Բ. կարգի ախոյեանութիւնը, իսկ 2026-ին` մինչեւ 16 տարեկանի Գ. կարգի մրցաշարքը, որուն ախոյեանը դարձած է Հայաստանի հաւաքականը:


