Կիրակի գիշեր իտալացի Քիմի Անթոնելլի դարձաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի ամէնէն երիտասարդ աշխարհի ախոյեանը:
4-րդ դիրքէն սկսելով Մեքսիքայի կրան փրին, Անթոնելլի 2 կէտերու պէտք ունէր դառնալու ախոյեան եւ 3-րդ դիրքի վրայ աւարտելով կրցաւ ախոյեան դառնալ:
20 տարեկան Անթոնելլի, որ 2026-էն առաջ որեւէ կրան փրի չէր շահած, այս տարի շահեցաւ 9 կրան փրի (19 մրցումներէ ետք)` շահելով «Ֆորմիւլա 1»-ի տիտղոսը, 2024-ի Ֆորմիւլա 2-ի տիտղոսէն ետք:
Անտրէա Քիմի Անթոնելլի անցեալ օգոստոսին նշեց իր 20-րդ տարեդարձը եւ «Ֆորմիւլա 1»-ի իր երկրորդ տարեշրջանին կրցաւ դառնալ ախոյեան:
Մեքսիքայի կրան փրին շահեցաւ 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափեն, որ 5-րդ դիրքէն սկսելէ ետք լաւապէս օգտուեցաւ «Ֆեռարի»-ի զոյգ Լուիս Համիլթընի եւ Շարլ Լըքլերի սուր մրցակցութենէն` գրաւելու համար առաջին դիրքը նոյն պահուն գրաւելէ ետք ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը:


