Հայաստանը ներկայացնող թենիսվումըն Ալինա Չարայեւա դարձաւ Իտալիոյ Քուրմայոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Տապըլեու. Թի. Էյ. 125» մրցաշարքի ախոյեան` շահելով յաջորդական իր երկրորդ տիտղոսը:
Աւարտականին, 100-րդ դիրքը գրաւող 24 տարեկան Չարայեւա երկու սեթերով պարտութեան մատնեց գերմանացի Նոմա Նոհա Աքուկէն` 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:
Տիտղոսին հասնելու ճամբուն վրայ, Չարայեւա 5 յաղթանակներ արձանագրած էր: Կիսաւարտականին ան յաղթած էր ֆրանսացի Էլսա Ժաքմոյին` 6-2, 4-6 եւ 6-1 արդիւնքով, իսկ քառորդ աւարտականին ան յաղթած էր սպանացի Մարինա Ռեհետային` 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:
Չարայեւա իր այս յաղթանակով ընդհանուր դասաւորման մէջ պիտի բարձրանայ 82-րդ դիրք` այսպիսով սահմանելով իր լաւագոյն դիրքը: Ան նախապէս հասած էր 97-րդ դիրք:
Այսպիսով, հայ թենիսվումընը կը շարունակէ ամրապնդել իր դիրքը աշխարհի լաւագոյն 100-ին մէջ եւ կը մօտենայ 80-րդ դիրքին:


