Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ռակպիի մրցում մը հաշմանդամ մարզիկներու միջեւ: Ութ հայ մարզիկներ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած են հաշմանդամներու յատուկ անիւով աթոռներու ռակպիի մրցում մը` նախաձեռնութեամբ ամերիկացի հետազօտողներու, որոնք իրենց հայաստանցի գործընկերներուն հետ Հայաստան բերած էին իրենց մշակած 10 յատուկ մարզական անիւով աթոռներ:
Երկարաժամկէտ հեռանկարով կազմակերպիչները յոյս ունին, որ նախագիծը հիմք կը դառնայ Հայաստանի մէջ անիւով աթոռներով ռոկպիի սեփական լիկայի ստեղծման:
Առայժմ գլխաւոր ձեռքբերումը առաջին հանդիպումի կազմակերպիչն էր, որ հայ մարզիկներուն կարելիութիւն տուաւ ծանօթանալու նոր խմբային փարալիմփիք մարզաձեւի հետ:


