Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 11-րդ հանգրուանին, քաթալաններու Պարսելոնա ակումբը հոկտեմբեր ամսուան իր վերջին մրցումին 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Ալավեսը:
Այս յաղթանակը յոբելեան եւ պատմական եղաւ գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիթըր (Հանզի) Ֆլիքի համար, որ սակայն մրցումէն ետք այնքան ալ գոհ չէր:
«Կիսախաղին խօսեցանք այն մասին, որ պէտք էր մեր բերդը անառիկ պահէինք: Շատ կարեւոր էր երկրորդ կիսախաղին եւս անառիկ պահել մեր բերդը:
Ես դժգոհ եմ, ինչպէս որ իրենք ալ բնականաբար դժգոհ են», ըսած էր Ֆլիք մրցումէն ետք: Ֆլիք վստահաբար այդքան ալ գոհ չէ, որ խումբի պաշտպանողական դերը նոյն տարողութեամբ չի գործեր, որքան յարձակողականը:
Պարսելոնա իր վերջին 5 մրցումներուն 18 կոլ նշանակած է, բայց 10 կոլ ստացած է, բան մը, որ շատ լաւ չէ:
Հակառակ այս թիւերուն, Ալավեսի դէմ յաղթանակը եղաւ 100-րդը Ֆլիքի հետ: Այս յոբելեան յաղթանակին հասնելու համար Ֆլիք պէտք ունեցաւ 130 մրցումներու: Յաղթանակներու 76,33 տոկոս ցուցանիշով Ֆլիք ամրապնդեց իր կարգավիճակը` իբրեւ Պարսելոնայի պատմութեան ընթացքին յաղթանակներու բարձրագոյն տոկոսը ունեցող մարզիչ:
Աւելցնենք, որ 100 յաղթանակներու սահմանը հասնելու արագութեամբ Ֆլիք երկրորդ դիրքը կը գրաւէ քաթալաններու ակումբի պատմութեան մէջ: Զայն կը գերազանցէ միայն Լուիս Էնրիքէ, որ 126 մրցումներէն կրցած էր 100 յաղթանակ արձանագրել, բայց անոր յաղթանակներու տոկոսը (76,24) աւելի նուազ է, քան Ֆլիքինը:


