Սլովենիացի Լուքան Տոնչիչ 45 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 5 սթիլներու կողքին` օգնելով իր խումբին Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, որ յաղթէ Թորոնթօ Ռեփթըրզին` 131-125 արդիւնքով:
Տոնչիչ 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց եւ գրաւեց սքորըրներու պարագլուխի դիրքը` առնուազն 37 կէտ նշանակելով 4-րդ յաջորդական մրցումին:
Օսթըն Ռիվզ 19 կէտ աւելցուց եւ Ուոքըր Քեսլըր 16 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 17 կէտով պարտութենէ ետք (Կոլտըն Սթէյթի դէմ) ինքզինք վերագտաւ: Սքոթի Պարնզ (29 կէտ) եւ Ար. Ճէյ. Պերեթ (22 կէտ) եղան Թորոնթոյի լաւագոյն մարզիկները` սկսելով դաշտէն դուրս 4 մրցումներու բացման պարտութիւնը: Պէտք է ըսել, որ ասիկա Ռեփթըրզի 3-րդ պարտութիւնն էր վերջին 4 մրցումներուն:
Պոսթըն Սելթիքս 108-97 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը, ուր Ճէյսըն Թէյթըմ 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի:
Պրուքլին Նեթց իր 6-րդ մրցումին ձեռք ձգեց իր առաջին յաղթանակը: Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտին վրայ Նեթց կրցաւ 98-90 արդիւնքով յաղթել, ուր Մայքըլ Փորթըր 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Էնտրու Նեմպհարտ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը (7 մրցումներու ընթացքին):
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր 5-րդ մրցումին 124-112 արդիւնքով պարտուեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: Ռոք Հաշիմուրա 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ մէկ մրցում կրցած է յաղթել:


