Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարածուած 8 Սխալ Պատկերացումներ Քունի Մասին

October 29, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քունը կը կազմէ մեր կեանքին գրեթէ մէկ երրորդը եւ առիթ կու տայ մեզի վերականգնուելու` թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեբանօրէն: Ստորեւ` 8 սխալ պատկերացումներ քունի մասին:

– 1 –

Չափահաս մարդիկ պարտադիր 8 ժամ պէտք է քնանան:

Սխալ: 8 ժամը միջին է եւ ոչ թէ` կանոն: Քունի իտէալական տեւողութիւնը կը տարբերի մարդէ մարդ: Անհրաժեշտ քունի տեւողութիւնը կախեալ է ոչ միայն անհատէն, այլեւ` անոր սննդակարգէն, առողջական վիճակէն, ընկճախտի մակարդակէն եւ այլն… Ընդհանուր առմամբ, 18-64 տարեկան անձերը պէտք է քնանան 7-9 ժամ: Նաեւ նկատուած է, որ քունի պահանջը կը նուազի տարիքի հետ:

– 2 –

Կէսօրուան կարճատեւ մրափը կը խանգարէ գիշերուան քունը:

Սխալ: Ճաշէն ետք, կէսօրուան կամ յետմիջօրէի 15-20 վայրկեան տեւողութեամբ քունը ոչ մէկ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ գիշերուան քունին վրայ: Կարճատեւ սիեսթը պարզապէս կը բարելաւէ զգօնութիւնը:

– 3 –

Ելեկտրոնային սարքերը չեն ազդեր քունին:

Սխալ: Երեկոյեան լոյսը կը յետաձգէ մելաթոնինի (քունի հորմոնի) արտադրութիւնը, իսկ ելեկտրոնային սարքերու բովանդակութիւնը ինքնին ուղեղը արթուն կը պահէ:

– 4 –

Քունը փախչելու պարագային նախընտրելի է անկողինին մէջ մնալ եւ սպասել:

Սխալ: Մօտ 20 վայրկեան ետք նախընտրելի է տեղէն ելլել, ուրիշ սենեակ երթալ, հանգստացնող բանով մը զբաղիլ, մինչեւ որ քունը վերադառնայ: Այս հնարքին նպատակն է չձգել, որ մահճակալը դառնայ այն վայրը, ուր դուք կը պայքարիք:

– 5 –

Խռմփոցը առողջական հետեւանքներ չունի:

Սխալ: Պարզ խռմփոցը անվնաս է, բայց երբ անոր կը միանան շնչառութեան դադարներ, յանկարծակի արթնութիւններ եւ ցնցումներ, ասոնք նշաններ են քունի ափնէաի` արագ ախտորոշուող եւ բուժուող անհանգստութիւն:

– 6 –

Բաժակ մը ոգելից ըմպելին կ՛օգնէ աւելի արագ եւ երկար քնանալու:

Սխալ: Ասիկա ամենատարածուած սխալ պատկերացումներէն մէկն է: Խմիչքը կ՛արագացնէ քնանալը, բայց կը վատթարացնէ գիշերուան երկրորդ կէսը` աւելի մասնատուած քուն, նուազ հանգիստ վերականգնում:

Թէկուզ խմիչքը կ՛արագացնէ քունը, սակայն կը վնասէ անոր որակին:

– 7 –

Լաւ քնանալու նախապայմանը տաք լոգանքն է:

Սխալ: Նախքան քնանալը` նախընտրելի է գաղջ լոգանք առնել, քանի որ տաքը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը եւ կը խանգարէ քունը:

– 8 –

Անբաւարար քունը կը նիհարցնէ:

Սխալ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ անբաւարար քունը կը նպաստէ ախորժակի բարձրացման, քանի որ շատ կարճ գիշերէ մը ետք լեփթին կոչուած հորմոնը (յագեցումի հորմոն) որոշ խախտումներ կ՛արձանագրէ, մինչ անօթութեան պատասխանատու հորմոնը կը գերիշխէ: Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, քունի պակասը կը նպաստէ գիրութեան եւ սոնքութեան, մասնաւորաբար` գիշերային ժամերու աշխատողներուն եւ երեխաներուն մօտ:

* * *

Բոլորս ալ պարբերաբար քունի խանգարումներ կ՛ունենանք, բայց երբ անոնք յաճախակի կը դառնան, պէտք է մտածել պատճառներուն եւ լուծումներու մասին: Ահաւասիկ` սխալներ, որոնք կը խանգարեն մեր քունը:

Ա – Շատ լուսաւոր ննջասենեակը,
Բ – Շատ տաք կամ ցուրտ ննջասենեակը,
Գ – Քաֆէինի չարաշահումը մինչեւ ուշ գիշեր,
Դ – Քունի ժամերու յաճախակի փոփոխութիւնը,
Ե – Դուրսի կամ շրջապատի աղմուկը,
Զ – Ծանր, իւղոտ ընթրիքը,
Է – Ապականած օդը,
Ը – Ննջասենակին մէջ ելեկտրական սարքերու առկայութիւնը,
Թ – Անհանգստաւէտ բարձն ու ներքնակը:

* * *

Ծանօ՞թ էք այն 8 մթերքներուն, որոնք կ՛օգնեն աւելի արագ քնանալու. պանանը, քիուին, նուշը, քաղցր գետնախնձորը, կեռասը, հնդկահաւի միսը, վարսակի փաթիլները եւ կաթը կը նպաստեն արագ քնանալու: Գիտական հիմք չունենալով հանդերձ, որոշ հետազօտութիւններ յանգած են այս եզրակացութեան:

Հետաքրքրական

 «Հացը Գետին Ձգողը
Չի Կրնար Կին Ու Մայր Դառնալ»

Հայ ժողովուրդի ազգային սովորութիւններէն է հարսի ուսին լաւաշ դնելը, որ կը նշանակէ, թէ աղջիկը հացառատ կը դարձնէ այն օճախը, ուր հարս կ՛երթայ: Նաեւ կար համոզում, որ հարսանեկան լաւաշը կը պաշտպանէ չար աչքերէն եւ կ՛ապահովէ նորապսակներուն երջանկութիւնը:

Ըստ դիցաբանութեան, հայոց ռազմի աստուած Վահագնի եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հարսանիքին աստուածներու հայր Արամազդը Աստղիկի ուսին լաւաշ դրած է` որպէս յաջողութեան եւ երջանկութեան խորհրդանիշ:

Վահագնի տան ճամբուն լաւաշը ինկած է Աստղիկին ուսէն: Արամազդը զայրացած ու ըսած է.

«Հացը գետին ձգողը չի կրնար կին ու մայր դառնալ»:

Այսպէս, Վահագն ու Աստղիկը չեն ամուսնանար եւ յաւերժ սիրահարներ կը մնան:

Մէկ այլ սովորութեան համաձայն, փեսային մայրը հարսանիքի ժամանակ լաւաշ կը դնէր իր տղուն ուսին, այդ արարքով ան ըսել կ՛ուզէր` «Այսօրուընէ քու ընտանիքիդ հացը վաստակելու խնդիրը քու ուսիդ կը դնեմ»:

Կենցաղավարութիւն

 Այցելութեան Կանոնները

Լաւ վարուելակերպը միայն քաղաքավարութեան քանի մը կանոն իմանալը չէ. լաւ վարուելակերպը միասին լաւ ապրելու արուեստն է:

Կենցաղավարութեան օրէնքները կրնան հնամաշ թուիլ, մինչդեռ անոնք մի՛շտ այժմէական են, քանի որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ կը դիւրացնեն յարաբերութիւնները եւ կը կանխեն բազմաթիւ անյարմար իրավիճակներ:

Կենցաղավարութիւնը կեանքի իսկական փիլիսոփայութիւն է, ուրիշներու նկատմամբ յարգանքի եւ հասարակութեան մէջ համակեցութեան խոր ըմբռնում:

* * *

Որքան ալ զարմանալի թուի, սովորական այցելութիւն մը, թէկուզ` հարազատի մը կամ մտերիմ բարեկամուհիի մը, ունի իր կանոնները, որոնց բոլորս ալ ծանօթ ենք, բայց որքանո՞վ կը գործադրենք զանոնք: Եւ այսպէս`

– Հարցնել` նախքան անակնկալ այցելելը: Վստահ ըլլալ, որ սխալ, անյարմար ժամու դուռը չենք թակեր ու չենք խանգարեր:
– Հասնիլ ճշդուած ժամին: Շատ կանուխ կամ ուշ հասնելով, չխանգարենք տանտիկնոջ ծրագիրները` ճաշի պատրաստութիւն, երեխաները դպրոցէն բերելու պարտականութիւն եւ այլն…
– Պզտիկ նուէր մը տանիլ: Այս մէկը պարտադիր չէ, սակայն քանի մը ծաղիկ, տունը պատրաստուած կրկնեփ կրնան աւելի եւս ջերմացնել մթնոլորտը:
– Դիմաւորող անձին ժպտուն բարեւել, կօշիկները դրան սեմին մաքրել (յատկապէս երբ թրջուած կամ ցեխոտած են) եւ սպասել, որ մեզ ներս առաջնորդէ:
– Հրաժարիլ բջիջային հեռախօսէն: Եթէ եկած ենք լաւ ժամանակ անցընելու, զանոնք առաւելագոյն չափով վայելել պահը, մասնակցինք արծարծուող նիւթերուն եւ մանաւանդ պահը, մասնակցինք արծարծուող նիւթերուն եւ մանաւանդ անջատուինք բջիջային հեռախօսէն:
– Հսկել երեխաները: Եթէ երեխաներով կ՛այցելենք, նախապէս զգուշացնենք զանոնք, որպէսզի յարգալիր վերաբերմունք ցուցաբերեն, տան իրերը չձեռնեն ու տան մէջ չվազվզեն:
– Յարգել բնակարանը: Նախքան որեւէ իր ձեռնելը, կամ տան մէջ սենեակէ սենեակ թափառիլը` տանտիկնոջ հաւանութիւնը առնել:
– Օգնութիւն առաջարկել: Եթէ հիւրասիրութեան ընթացքին օգնութեան կարիք կայ, տանտիկնոջ ձեռք երկարենք, բայց` միայն հաւանութեան պարագային:
– Ճիշդ ատենին մեկնինք: Որքան ալ հաճելի ըլլայ մթնոլորտը, որքան ալ հետաքրքրական` արծարծուող նիւթերը, իմանանք ճիշդ ժամին հրաժեշտ տալ ու մեկնիլ:
– Շնորհակալութիւն յայտնել: Մեկնումի պահուն շնորհակալութիւն յայտնենք տանտիկնոջ` սրտբաց հիւրընկալութեան համար:

Գործնական Խորհուրդներ

 Գինիի Խցաններու Օգտագործում

– Խցանին վրայ քանի մը կաթիլ լաւանտի եթերաիւղ կաթեցնել եւ դնել խոհանոցի պահարանին մէջ` ցեցերը հեռացնելու եւ համեմունքները պահպանելու համար:

– Պտղամանին մէջ մէկ-երկու խցան աւելցնել` պտուղներուն խոնաւութիւնը կլանելու, հասունացումը դանդաղեցնելու եւ փոքրիկ ճանճերը հեռացնելու համար:

– Շաքարի շիշին կամ տոպրակին մէջ խցան մը դնել խոնաւութիւնը կլանելու համար: Այդպիսով կը կանխուի շաքարին կպչունութիւնը եւ քարացումը:

– Սառնարանին մէջ 4-5 խցան տեղադրել տհաճ հոտերը եւ աւելորդ խոնաւութիւնը կլանելու համար: Այդպիսով բանջարեղէնները եւ այլ սննդամթերքներ շատ աւելի երկար կը պահեն իրենց թարմութիւնը:

– Մարզական կօշիկներուն մէջ զետեղուած խցանները կը կլանեն քրտինքն ու անախորժ հոտերը` ապահովելով ոտքերուն առողջութիւնը: Աւելի լաւ արդիւնքի համար  խցանին վրայ կաթեցնել որեւէ եթերաիւղ:

– Խորովածի պատրաստութեան ժամանակ կրակայրիչ քիմիական նիւթերը կարելի է պարզապէս փոխարինել խցաններով:

– Բոյսերը մոծակներէն պաշտպանելու համար բոյսին շուրջը, հողին մէջ քանի մը խցան կիսով մխրճել:

Խոհագիր

Ֆեթա Պանիրով Անուշեղէն

Բաղադրիչներ (քանակը` անձերու թիւին համեմատ)

– Ֆեթա պանիր
– Ֆիլօ խմոր
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Թարմ ուրց (եթէ գտնուի), շուշմայ
– Մեղր

Պատրաստութիւն

Առնել ֆեթա  պանիրի ոչ շատ հաստ, ձեւաւոր կտոր մը, զայն երկու երեսով ծեփել ձիթապտուղի ձէթով:

Առնել ֆիլօ խմորի 2 կամ 3 շարտ, կեդրոնը զետեղել ֆեթա պանիրը եւ զայն ծրարել, այնպէս ինչպէս նուէր մը կը ծրարուի:

Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով 15-20 վայրկեան, մինչեւ որ խմորը ոսկեգոյն  եւ խրթխրթան դառնայ:

Փուռէն հանելէ ետք առատ մեղր թափել վրան եւ զարդարել շուշմայով եւ ուրցի տերեւներով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տերեւը

Արդէն իջնում է եղեամը սարին,
Ցուրտ քամին արդէն քաղաք է մտնում,
Բայց յամառում է մի տերեւ ծառին…
Արդեօք դրա մէջ նա ի՞նչ է գտնում:
Ի՞նչ է երազում տերեւն այդ ոսկի,
Ի՞նչ խորհուրդ ունի սօսափը նրա,
Ինչո՞ւ է մնում մերկացած ոստի
Թոյլ ու դողդոջուն մատների վրայ:
Երեւի գիտէ, որ կը ընկնի դողով,
Մամուռ կը դառնայ մամռած մի քարի…
Եւ ուզում է, որ թէկուզ մի օրով
Իրենով աշնան կեանքը երկարի:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

RelatedPosts

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ
Կնոջական

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ

October 22, 2026
Հետաքրքրական
Կնոջական

Հետաքրքրական

October 15, 2026
Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով.  Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ
Կնոջական

Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով. Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.