Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հոգեբանին կարծիքով, մանուկին առաջին եւ կարեւորագոյն ամրոցը անոր տունն է` անոր ծնողքը: Երբ մանուկը տան մէջ սխալելու իրաւունք չունի, երբ որեւէ անյաջողութեան պարագային զինք կը ծաղրեն, կը պատժեն կամ կը նուաստացնեն, անոր ուղեղին մէջ կը ձեւաւորուի մէկ մահացու միտք. «Ես սխալելու իրաւունք չունիմ. այլապէս զիս կ՛ոչնչացնեն…»:
Տան մէջ ծնողքին կողմէ «կոտրած» մանուկը չի կրնար դուրսը առիւծ ըլլալ: Ան դպրոց կ՛երթայ արդէն իսկ պրկուած, տագնապած ու պաշտպանական բնազդը կորսնցուցած: Գրատախտակին մօտ ան կը համրանայ, ոչ թէ որովհետեւ պատասխանը չի գիտեր, այլ որովհետեւ իւրաքանչիւր սխալ բառ համազօր է տունը ստանալիք պատիժին ու նուաստացման:
Հոգեբանին կարծիքով, մանուկին ներքին յենարանը պահպանելու երեք հիմնական օրէնք կայ.
1.- Տունը պէտք է ըլլայ ապաստարան, ոչ թէ դատարան: Եթէ մանուկը վախնայ ծնողքէն, ան պիտի վախնայ ամբողջ աշխարհէն:
2.- Նիշը մանուկին արժէքը չէ: Երբ ծնողքը կը պատժէ ցած նիշին համար, մանուկը կը հասկնայ, որ ծնողքը զինք կը սիրէ երբ ինք անթերի է:
3.- Սխալելու իրաւունքը ինքնավստահութեան հիմքն է: Ինքնավստահ եւ ապահով կրնայ զգալ մանուկը, երբ գիտէ` ի՛նչ ալ պատահի, ծնողքը իր թիկունքին կանգնած է:
Կեանքի մայրամուտին ոչ ոք պիտի յիշէ մանուկին դպրոցական վիճակացոյցին նիշերը: Բայց մանուկը ամբողջ կեանքին ընթացքին իր ուսերուն պիտի կրէ այն վախը, որ ծնողքը իր մէջ դրած է մանկութեան տարիներուն:
Գեղեցկագիտական
Ինչու Մորթը Աւելի Եւս
Կը Տուժէ Ձմրան
Ձմրան շրջանին կան քանի մը գործօններ, որոնք կը խաթարեն մորթին հաւասարակշռութիւնը:
Ա.- Ցուրտը կը նեղացնէ արեան անօթները` նուազեցնելով մորթի բջիջներուն սննդանիւթերու մատակարարումը:
Բ.- Քամին կը սրէ մակերեսային ջրազրկումը:
Գ.- Տան կեդրոնական ջեռուցումը, որ կը նուազեցնէ խոնաւութեան մակարդակը, ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ մորթին վրայ` չորացում, բորբոքում, եւ այլն…
Ստորեւ երկու բաղադրատոմս չոր եւ զգայուն մորթի համար:
1
– Հասուն աւոքատոն` հարուստ մոնօ չյագեցած ճարպաթթուներով եւ ԷՕ կենսանիւթով:
– Պանանը` հարուստ հանքանիւթերով, որոնք կը նպաստեն մորթին բջջային հաւասարակշռութեան:
– Մեղրը` օժտուած խոնաւեցնող յատկութիւններով:
Կէս հասուն աւոքատոն եւ մէկ պանանը լաւապէս ճզմել, աւելցնել մէկ ճաշի դգալ որակեալ մեղր եւ լաւ խառնել: Ստացուած միատարր թանձրուկը տարածել դէմքին եւ վիզին, ձգել 10-15 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:
Այս դիմակը կարելի է օգտագործել շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ:
2
Ստեպղինով դիմակը անփոխարինելի է ցուրտ ամիսներուն համար, քանի որ մորթին վերնամաշկը կը պաշտպանէ ցած ջերմաստիճանի բացասական ազդեցութիւններէն եւ արագ կը վերականգնէ ցրտահար մորթը:
Առնել միջակ չափի ստեպղին մը, լուալ եւ շոգեխաշել մինչեւ փափկանայ: Ճզմել, 1 թէյի դգալ որակեալ մեղր աւելցնել եւ ստացուած խիւսը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ: Քառորդ ժամ ետք մաքրել գաղջ ջուրով:
Աւելի լաւ արդիւնքի համար, դիմակը մաքրելէ ետք դէմքը օծել ստեպղինի հիւթով:
* * *
Յիշենք, որ ձեռքերուն մորթը նոյնպէս կը վնասուի ցուրտէն, տան ջեռուցումէն, յաճախակի լուալէն եւ ջերմաստիճանի տատանումներէն:
Ստորեւ 3 տնական ձեռքի դիմակներու բաղադրատոմսեր:
1
Խոնաւցնող ծեփուկ` 2 ապուրի դգալ մեղր, 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ եւ քանի մը կիտրոնի հիւթ:
2
Վնասուած կամ ծերացող մորթի համար` կէս հասուն աւոքատոն, մէկ հաւկիթի դեղնուց եւ կէս կիտրոնի հիւթ:
3
Փափկացնող եւ սնանող ծեփուկ` 1 խաշած գետնախնձոր, 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ, 2 ապուրի դգալ հեղուկ կաթ:
Ի՞նչ Կը Բացայայտեն Ձեր Կրած Զարդերը
Ձեր Անհատականութեան Մասին
Զարդերը երբեք պարզապէս աքսեսուարներ չեն` հանդերձանքը լրացնելու համար: Իւրաքանչիւր մատանիի, իւրաքանչիւր կախազարդի ետին թաքնուած է պատգամ մը, որ յաճախ շատ աւելի բացայայտող է, քան կրողը կը պատկերացնէ:
Անկախ անկէ, որ դուք կ՛ընտրէք ոսկեայ մանեակ, նուրբ արծաթէ մատանի, մարգարտեայ ականջօղեր, թէ կաշի ապարանջան, իւրաքանչիւր ընտրութիւն բան մը կ՛ըսէ ձեր մասին: Զարդին տեսակը, նիւթը, ոճը, իւրաքանչիւր մանրուք իմաստ ունի եւ բան մը կը բացայայտէ ձեր անհատականութեան մասին:
Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ ձեր նախընտրած զարդը ձեր մասին:
– Եթէ ՀՆԱՈՃ ԶԱՐԴԵՐՈՒ սիրահար էք, կը նշանակէ, որ աւանդապաշտ էք: Հնաոճ զարդերը միշտ ալ պատմութիւն ունին կապուած դէպքի մը կամ անձի մը հետ: Հաւատարիմ էք ձեր արմատներուն, ինչպէս նաեւ վստահելի անձ էք:
– Եթէ ՈՍԿԵՂԷՆԻ սիրահար էք, պահպանողական եւ հաւասարակշռուած անձ էք: Դուք նաեւ ինքնավստահ էք եւ գիտէք ձեր արժէքը, ահա թէ ինչո՛ւ չէք ուզեր աննկատ անցնիլ:
– Եթէ ԱՐԾԱԹԵՂԷՆ կը նախընտրէք, դուք բարի, ստեղծագործ եւ վիպապաշտ անձ էք: Եթէ ձեր զարդերուն քարերը թափանցիկ են դուք նաեւ լաւատես էք, ոչ թափանցիկ քարեր նախընտրելու պարագային, դուք հակուած էք տեւաբար ձեր մէջ թերութիւններ փնտռելու:
– Եթէ ԽՈՇՈՐ ՕՂԵՐ կը նախընտրէք, ինքնավստահ էք եւ կը սիրէք ուշադրութիւն գրաւել: Լուրջ էք, վճռական եւ ստեղծագործ: Կեանքի դժուարութիւնները չեն վախցներ ձեզ, գիտէք յաղթական դուրս գալ որեւէ դժուար իրավիճակէ:
– Եթէ յատուկ տկարութիւն ունիք ԿՐԾՔԱԶԱՐԴԵՐՈՒ հանդէպ, յանդուգն եւ զօրաւոր անհատականութեան տէր անձ էք: Դուք չէք սիրեր դառնալ ամբոխի մէկ մասնիկը, այլ կ՛ուզէք զատորոշուիլ ձեր իւրայատուկ ոճով եւ ճաշակով:
– Եթէ ՄԱՐԳԱՐՏԵԱՅ զարդերու սիրահար էք, կը սիրէք թատրոնը, մշակութային ցուցահանդէսները, ընթերցումը եւ մարդոց մէջ կը գնահատէք ազնուութիւնը: Մարգարիտը գնահատող բոլոր կիներուն նման` դուք համեստ, գրաւիչ եւ աւանդապաշտ էք: Դուք կը գերադասէք դասական վայելչութիւնը:
– Եթէ կը գերադասէք ԿԱՇԻԷ, ՉՈՒԱՆԷ պատրաստուած զարդերը, դուք ստեղծագործ, ինքնաբուխ, անկեղծ եւ համեստ անձ էք: Շրջապատի կարծիքները չեն ազդեր ձեր գաղափարներուն վրայ, մինչեւ ծայր կը պաշտպանէք զանոնք: Սիրուած եւ փնտռուած էք ձեր շրջապատին կողմէ:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Հելը կը համարուի համեմունքներու արքան:
Հնդկաստանի մէջ հելը իբրեւ դեղ արդէն իսկ օգտագործուած է ՔԱ 7-րդ դարուն:
Շեշտուած բոյրով հելը կ՛օգտագործուի սուրճի, թէյի եւ աղանդերներու պատրաստութեան մէջ: Անիկա համարուած է աշխարհի ամէնէն սուղ համեմներէն մէկը` սաֆրանէն եւ վանիլլայէն ետք:
Հելը օժտուած է բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններով, ստորեւ քանի մը հատը.
– Կը բուժէ մարսողական խանգարումները:
– Կը պահպանէ միզային համակարգի առողջ գործունէութիւնը:
– Կը չէզոքացնէ բերնի տհաճ հոտը:
– Կը կանխարգիլէ ակռաներու փտումը:
– Կը չափաւորէ արեան գերճնշումը:
– Կը կարգաւորէ շաքարի քանակը` արեան մէջ:
– Կը բարելաւէ շնչառական համակարգը եւ կը մեղմացնէ ազմը:
– Կը պարունակէ քաղցկեղի դէմ պայքարող միացութիւններ:
– Կը բարելաւէ սիրտին առողջութիւնը:
Հելի բարիքներէն օգտուելու համար, անոր հատիկները կամ փոշին օգտագործել ձմեռնային տաք խմիչքներու, թէյի, սուրճի պատրաստութեան մէջ. ինչպէս նաեւ` բրինձով եղինձի, աղցանի եւ աղանդերի պատրաստութեան ընթացքին:
Խոհագիր
Հայթալիէ
– 4 գաւաթ հեղուկ կաթ
– 2 պտղունց փոշի մասթիքա
– 1 թէյի դգալ նարինջի ծաղիկի ջուր
– Կէս գաւաթ եգիպտացորենի ալիւր
– Կէս գաւաթ շաքար
– 1 թէյի դգալ վարդի ջուր
Զարդարանքի համար`
– Մանրուած պիստակ
– Չոր վարդի թերթիկներ
– Շաքար ջուրի ծոր
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ լեցնել կաթը, աւելցնել եգիպտացորենի ալիւրը եւ խառնել մինչեւ լուծուի: Կաթսան տեղադրել կրակին վրայ եւ խառնուրդը եռացնել, աւելցնել շաքարը եւ անընդհատ խառնել, մինչեւ որ ամբողջովին լուծուի:
Երբ խառնուրդը խտանայ, անջատել կրակը: Աւելցնել մասթիքան, ապա նարինջի, ծաղիկի ջուրն ու վարդի ջուրը եւ 1 վայրկեան խառնել:
Խառնուրդը պաղելէ ետք սառնարան փոխադրել: Մատուցելու ատեն երեսը զարդարել մանրուած պիստակով, չոր վարդի թերթիկներով եւ ծորով:
Հայթալիէ կոչուած այս աղանդերը լիբանանեան եւ սուրիական մասնագիտութիւն է:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես ուզում եմ խոստովանել
Որ մտքիցս քեզ չեմ հանել,
Սիրել եմ լուռ սրտիս չափով.
Վերերկրային ուրիշ կապով
Ու չեմ փորձել սիրաբանել
Ծաղկաթերթեր ճամբիդ ցանել:
Փոխարէնը մաշուած ափով
Երազապատ բազկիս թափով
Քո ցաւերն եմ մի կողմ վանել
Եւ կարօտիդ միաբանուել
Իմ կիսաձայն պատարագով
ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ



