Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ղափաման Որպէս Գոհաբանութեան Տօնի Սեղանի Գլխաւոր Ուտեստներէն Մէկը

November 26, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

The New York Times պարբերաթերթը հայկական աւանդական ղափաման առաջարկեր է որպէս գոհաբանութեան տօնի (Thanksgiving) սեղանի գլխաւոր ուտեստներէն մէկը` հրապարակելով զայն պատրաստելու բաղադրատոմսը:

«Այս տպաւորիչ բուսական ուտեստը պատրաստուած է հայկական տօնական ղափամայի օրինակով, որ հրաշալի է տօնական հիւրասիրութեան համար», գրած է պարբերաթերթը:

Նոյեմբեր 16-ի թիւով The New York Times-ը ներկայացուցած է ղափաման` որպէս աշնանային հայկական ուտեստ, որ սովորաբար կը պատրաստուի ամբողջական մեղրադդումով` լեցուած բրինձով, ընկուզեղէնով, ծիրանի եւ բալի չիրերով եւ պատուած մեղրով:

Ամերիկեան տարբերակը, սակայն, կ՛առաջարկէ փոփոխուած ղափամա մը` աւելի աղի: Տարբերակը ոգեշնչուած է նաեւ իրանեան եւ մերձաւոր արեւելեան խոհանոցներէն:

Յօդուածին հեղինակը` Թանիա Սիչինսկին, յատուկ ընդգծած է նաեւ ղափամային մատուցման առանձնայատկութիւնը:

«Ի տարբերութիւն հնդկահաւին` այս ուտեստը շատ դիւրին է բաժնել տօնական սեղանին շուրջ` առաւելագոյն տպաւորութիւն ստեղծելու համար», նշած է հեղինակը` տեսարանը համեմատելով բացուած ծաղիկի հետ:

Նշենք, որ Գոհաբանութեան տօնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը նշուի նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթին, այս տարի նոյեմբեր 6-ին` այսօր: Այդ օրուան գլխաւոր ուտեստը հնդկահաւն է, իսկ The New York Times-ը կ՛առաջարկէ հայկական ղափամայի հիման վրայ պատրաստուած տարբերակը` որպէս բուսական այլընտրանք:

Ո՞րն Է Երջանիկ Ընտանիքը

Երջանիկ ընտանիքը առաջին հերթին կը յատկանշուի անդամներուն միջեւ սերտ կապերով եւ առողջ յարաբերութիւններով: Հաղորդակցութիւնը կարեւոր է տան մէջ վստահութեան եւ յարգանքի մթնոլորտը պահպանելու համար:

Երջանիկ ընտանիքը նաեւ այն ընտանիքն է, որ ժամանակ կը յատկացնէ միասին որակեալ պահեր կիսուելուն: Այդ ըլլայ ընտանեկան ճաշերու, զուարճալի միջոցառւմներու, թէ անկեղծ զրոյցներու միջոցով: Կարեւոր է զարգացնել կապի եւ ուրախութեան պահեր` ընտանեկան կապերը ամրապնդելու համար:

Երջանիկ ընտանիքը նաեւ այն է, որ հանդուրժողականութիւն եւ բաց մտածողութիւն կը ցուցաբերէ: Իւրաքանչիւր անդամ եզակի է` իր սեփական կարիքներով, ցանկութիւններով եւ սահմաններով: Հետեւաբար կարեւոր է յարգել իւրաքանչիւր անհատի եզակիութիւնը: Այս արժէքները օրական զարգացնելով` հնարաւոր է ստեղծել ընտանեկան միջավայր, որ կը նպաստէ անոր իւրաքանչիւր անդամի բարեկեցութեան ու երջանկութեան:

Երջանիկ Ընտանիքի
8
Կարեւորագոյն Բնութագրերը

1.- Բաց եւ անկեղծ հաղորդակցութիւնը ընտանեկան ամուր կապերու կառուցման բանալին է: Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր անդամ ազատօրէն արտայայտէ իր կարծիքը, բայց նաեւ լսէ մնացեալներուն:

2.- Փոխադարձ յարգանքը անհրաժեշտ է ընտանիքին մէջ ներդաշնակ մթնոլորտ պահպանելու համար:

3.- Անվերապահ աջակցութիւնը կարեւոր է, երբ ընտանիքին անդամները դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Իրարու կողքին ըլլալը կ՛ամրապնդէ ընտանեկան կապերը:

4.- Պատասխանատուութիւններու բաշխումը կը խթանէ պատկանելիութեան եւ համերաշխութեան զգացումը: Կարեւոր է, որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ մասնակցի առօրեայ գործերուն եւ պարտականութիւններուն:

5.- Հանդուրժողականութիւնը եւ հասկացողութիւնը կարեւոր են ընտանիքէն ներս առկայ հակամարտութիւնները լուծելու եւ տարակարծութիւնները յաղթահարելու համար:

6.- Յաջողութիւններու եւ ջանքերու փոխադարձ ճանաչումն ու գնահատումը կը նպաստեն ինքնագնահատականի եւ ինքնավստահութեան ամրապնդման:

7.- Ճկունութիւնն ու յարմարուողականութիւնը կ՛ամրապնդեն ընտանիքին դիմադրողականութիւնը: Լաւ ընտանիքը գիտէ ինչպէս յարմարիլ կեանքի փոփոխութիւններուն եւ անսպասելի իրադարձութիւններուն:

8.- Անվերապահ անձնուրաց սէրը այն ուժն է, որ կը սնուցանէ եւ կը պահպանէ ընտանեկան կապերը: Վերը յիշուած բոլոր բնութագրերը կապող էական տարրը անվերապահ սէրն է:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեխան Յանցաւոր Չէ

Երեխան մինակը չ՛ընտրեր այն, ինչ կ՛ուտէ: Իր ընտանիքին կենսակերպը եւ պաստառներուն առջեւ անցուցած ժամանակը մեծ դեր կը խաղան: Մենք` մեծերս ենք անոնց օրինակ ծառայողները:

Խօսքը ծնողները մեղադրելու մասին չէ: Բայց մենք պէտք է հասկնանք մէկ բան. այսօր մեր կողմէ սերմանուած սովորութիւնները կրնան տարիներ շարունակ ազդել անոր առողջութեան վրայ:

Երեխան տակաւին չի չափեր, իր ընտրութեան բոլոր հետեւանքները. ահա թէ ինչո՛ւ ծնողներուն պատասխանատուութիւնը շատ կարեւոր է:

Անհրաժեշտ չէ ամէն ինչ արգիլել: Մեր երեխաները աւելի շատ բան կը սորվին մեր ըրածներէն, քան` մեր ըսածներէն: Հետեւաբար`

Ա.- Հրաժարինք «արագ սնունդ»-էն եւ նախապատուութիւնը տանք տունը պատրաստուող առողջապահական կերակուրներուն:
Բ.- Հրաժարինք քաղցրաւենիքներու չարաշահումէն:
Գ.- Հրաժարինք նստակեաց կեանքէն:
Դ.- Հրաժարինք տան մէջ ամէնուրեք պաստառներ տեղադրելէն:

Իսկ այս բոլորը ծնողքին պատասխանատուութեան մաս կը կազմեն:

* * *

Միւս կողմէ` չենք կրնար պահեստի պահարանը լեցնել կրկնեփով, տուրմով, շաքարով եւ ապա երեխան մեղադրել, որ քաղցրեղէն կ՛ուտէ:

Մենք ենք տան գնումնեը կատարողները եւ մենք կ՛որոշենք, թէ ի՛նչ պիտի մտնէ տուն:

Երեխան տակաւին չունի այն գիտակցութիւնը` հասկնալու համար իր կերածներուն հետեւանքները: Ան կ՛ուտէ այն, ինչ կ՛առաջարկուի իրեն, եւ այն, ինչ կը սորվի մեզմէ:

Լուծումը ամէն ինչ արգիլելուն մէջ չէ. կրկնեփ մը կամ կտոր մը տուրմը քանի մը օրը անգամ մը աւեր չեն գործեր, սակայն երբ օրական սովորութեան կը վերածուի, վճռորոշ կը դառնայ:

Երեխան յանցաւոր չհամարենք իր սննդային ընտրութիւններուն համար, այլ զինք դնենք ճիշդ ուղիին վրայ` իրեն օրինակ ծառայելով:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Թաց մազերը չորցնող ելեկտրական գործիքը` սեշուարը, բացի մազերը չորցնելէ` տան մէջ ալ հարցեր ալ կը լուծէ:

– Ապակեայ շիշին վրայէն թուղթէ կպչուն պիտակը հանելու համար:
– Ձեր ոտքը նեղող նոր կօշիկին կաշին ընդլայնելու համար:
– Պատին վրայէն երեխաներուն մոմ-ներկով խծբծանքները մաքրելու համար:

Բոլոր պարագաներուն ալ կը բաւէ, որ քանի մը վայրկեան գործիքին տաք հովը աշխատցնէք այս մանր դժուարութիւնները հարթելու համար:

***

Հագուստներուն վրայէն ժանգի արատը մաքրելու համար կիտրոնի հիւթի եւ աղի խառնուրդով շփեցէք զայն, ապա ժամ մը արեւին պարզեցէք ու յետոյ լուացէք:

***

Հալած մոմը սեղանի ծածկոցէն պոկելու համար վրան թանձր թուղթէ թաշկինակ դրէք եւ տաք արդուկով արդուկեցէք: Ի հարկին գործողութիւնը երկրորդ անգամ ալ կրկնեցէք:

***

Կաղամբին տերեւները դիւրաւ բաժնելու համար զայն կերպընկալ տոպրակի մէջ դրէք, տոպրակին բերան կապեցէք այնպէս մը, որ ներսը օդ մտնէ եւ զայն մանրալիքին մէջ տաքցուցէք 5-7 վայրկեան` նայած կաղամբին մեծութեան:

***

Եթէ կը զգաք, որ կիտրոնը կարծր եւ չոր է, նախքան քամելը քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք, որպէսզի հիւթալի դառնայ:

***

Տապկուած ձուկին անախորժ հոտը խոհանոցէն չէզոքացնելու համար կրակին վրայ ջուր եռացուցէք, մէջը կիտրոնի կեղեւ եւ կասիայի փայտիկներ աւելցուցէք այս անպատեհութիւնը լուծելու համար:

***

Եթէ լոլիկի թացանով պատրաստուած կերակուրը շեշտուած թթու համ ունի, զայն մեղմելու համար թէյի դգալ մը շաքար աւելցուցէք:

Խոհագիր

Խրթխրթան Ծոթրինով
Հացեր

Շատ արագ պատրաստուող եւ առողջապահական այս հացերուն առաւելութիւնը այն է, որ կարելի է զանոնք մատուցել օրուան զանազան ժամերուն` քամած մածունի, հում բանջարեղէններու եւ նոյնիսկ կարգ մը ապուրներու կողքին: Ընդամէնը ձեզի անհրաժեշտ է 3 բաղադրիչ.

– Լիբանանեան սաժ հաց
– Ծոթրին
– Ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ծոթրինն ու ձիթապտուղի ձէթը:

Խառնուրդը սաժ հացին երկայնքին տարածել ապա գլանաձեւ, խիտ փաթթել: Սուր դանակով մը, զգուշութեամբ հացը կտրատել 3-4 սմ հաստութեամբ:

Թխման թուղթով ծածկուած ափսէին վրայ տափակ ձեւով եւ խիտ (որպէսզի հացերը չբացուին ու չձեւափոխուին) շարել հացերը, 10 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180 ջերմաստիճանով: Փուռէն հանել, երբ անոնք արդէն ոսկեգոյն են:

Մատուցել քամած մածունի եւ թարմ բանջարեղէններու կողքին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Աղօթք

Մկրտութեամբ քրիստոնեայ,
Անձ մ՛իր խղճին կը դառնայ,
Առտու կանուխ կիրակի,
Դուռը կ՛ուղղուի մօտ ժամին,
Ներս կը մտնէ յանցաւոր,
Խաչ կը հանէ մեղաւոր,
Կը զատէ լայն նստարան
Ու կը դիտէ սուրբ խորան:
Խոստովանանքի ընթացքին,
Ամէն յանցանք խայթ սրտին,
Քահանային ականջին
Կը բացատրէ սրտագին:
Տասը «Ողջոյն», հինգ «Հայր մեր»
Պարտքն է բերնէն դէպի վեր,
Անձը սակայն անձնուէր,
Կրկնապատիկ կ՛աղօթէր:
Երկուշաբթի կանուխէն
Գործի կ՛երթայ սիրտը շէն:
Անխիղճ մեղքեր կը թիւրեն
Բարեկամին իր ճամբէն:
Անձը արդէն կանխատես,
Աւելիով աղօթեց,
Գործեց չարիք շատ հանգիստ,
Հասցուց կշիռք իր չափին:
Մեծաքանակ աղօթքներ
Չեն սրբացեր սեւ սրտեր:
Ամէն քայլիդ Աստուծմէ
Խնդրէ խիղճդ ինք վարէ:
Աղօթքներուդ մտքիդ մէջ
Երբեմն ալ դուն լսէ:
Արդէն Աստուած ամէնուս
Լաւ կը ճանչնայ շատ վաղուց:

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

 

 

Նախորդը

RelatedPosts

Հոգեբանին Կարծիքով.  Մանուկին Առաջին Եւ Կարեւորագոյն Ամրոցը Անոր Տունն Է
Կնոջական

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանուկին Առաջին Եւ Կարեւորագոյն Ամրոցը Անոր Տունն Է

November 19, 2026
Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը
Կնոջական

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը

November 12, 2026
Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան
Կնոջական

Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան

November 5, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։