Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը

November 12, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանին նուիրուած յուշարձանը տեղադրուած է Պռոշեան գիւղին մէջ:

Պոսթոնահայ բարերարներ Վիքթոր Զարուգեանի եւ Ճուտի Սարեանի պատուէրով կառուցուած յուշարձանին բացումը տեղի ունեցած է 2022-ի հոկտեմբեր 9-ին:

Քանդակը տեղադրուած է կամուրջի վրայ` աջ ձեռքին գիրք, որ կը խորհրդանշէ Եսայեանի մտաւոր արժէքը եւ սէրը` գրականութեան հանդէպ: Ձախ ձեռքը բռունցք է` խորհրդանշելով անոր մարտական ոգին եւ ըմբոստ բնաւորութիւնը: Արձանին կամուրջ-պատուանդանը կը խորհրդանշէ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանները, որոնց իբրեւ կապող օղակ կանգնած է Եսայեանի կերպարը:

Արձանը պրոնզաձոյլ է, ունի 1.80 սմ. բարձրութիւն:

Քանդակագործ Նունէ Թումանեան իր այս գործին մասին կ՛ըսէ. «Եսայեանի կերպարն ինձ շատ ոգեւորեց. ես նրա ինքնակենսագրականը կարդացի, որը շատ տպաւորիչ էր: Շատ մեծ նուիրումով եմ մօտեցել գործին»:

Բարերար Ճուտի Սարեան իր կարգին յայտնած է. «Տարիներ առաջ խումբ մը հայ կիներ` Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն եւ այլ երկիրներէ, գիտակցեցան, որ Հայաստանի մէջ չկայ կնոջ որեւէ արձան, որ անուն ունենայ, կիներու բոլոր արձանները խորհրդանշական էին: Այս բացը լրացնելու համար մենք պէտք է ընտրէինք կին մը, որ նշանակելի դերակատարութիւն ունեցած է թէ՛ Արեւմտեան, թէ՛ Արեւելեան Հայաստանի մէջ: Այդ կինը Զապէլ Եսայեանն է»:

Ո՞ր Մթերքները Կը
Պահպանեն Մեր Աչքերը

Հաւասարակշռուած սննդակարգը կարեւոր է մեր ամբողջ մարմնին եւ յատկապէս մեր աչքերուն համար: Որոշ սննդամթերքներ ընտրելով մենք կրնանք բարելաւել մեր տեսողութիւնը կամ օգնել դանդաղեցնելու անոր վատթարացումը: Լաւ սննդակարգի միջոցով կարելի է կանխել կամ յետաձգել որոշ հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են` քաթարաքթը, կլոքոման եւ այլն… Այնուամենայնիւ կարեւոր է նշել, որ միայն լաւ սնունդը չի կրնար լուծել տեսողութեան խանգարման կապուած բոլոր հարցերը:

Ստորեւ կարճ ցանկ մը` յանձնարարելի մթերքներու.

Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը
Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը

– Ա. կենսանիւթով հարուստ` լեարդ, ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, կաթնեղէն:
– Քարոթէն պարունակող` կարմիր պուլկարական պղպեղ, ստեպղին, մանկա, կաղամբ, գունաւոր բանջարեղէն եւ պտուղներ:
– Տէ.3 կենսանիւթով հարուստ` սաղմոն, թոն, սարտին, կովու լեարդ, կաթ:
– Սէ. կենսանիւթով հարուստ` քիուի, նարինջ, ծաղկակաղամբ, պրոքոլի:
– Էօ. կենսանիւթով հարուստ` գետնանուշ, նուշ, աւոքատօ, արեւածաղիկի սերմեր:
– Օմեկա 3 ճարպաթթուներ պարունակող` իւղոտ ձուկեր, վուշի սերմեր, ընկուզեղէն:
– Զինկով հարուստ` ընկոյզ, ամբողջական հատիկներ:
– Հակաօքսիտաններ պարունակող` լոռամիրք, նուռ, հապալաս:

* * *

Լաւ տեսողութիւնը պահպանելու կամ տարիքային աչքի խնդիրներու վատթարացումը կանխելու համար շատ կարեւոր է նաեւ որոշ ուտելիքներու չարաշահումէն հրաժարիլը:

Պէտք է խուսափիլ վերամշակուած ուտելիքներէ, տապկոցէ, անառողջ ճարպերէ, քանի որ անոնց պարունակած յագեցած ճարպաթթուները վնասակար են աչքերու հիւսուածքներուն արիւն մատակարարող փոքրիկ արեան անօթներուն:

Շաքարի չարաշահումը եւս անդարձ վնասներ կը պատճառէ տեսողութեան:

Ձեռային Աշխատանք

 Ինչպէս Կտրատախտակը
Վերածել Բանալեկալի

Շուկայէն ծանրաբեռնուած տուն կը մտնէք ու ձեր բանալիներու տրցակը կը դնէք պատահական որեւէ տեղ, իսկ քանի մը ժամ ետք արդէն մոռցած էք, թէ ո՛ւր դրիք ձեր բանալեկալը…

Ահաւասիկ տան մուտքին, պատին վրայ հաստատուող գործնական բանալեկալի մը նմուշը, որուն պատրաստութիւնը երկար ժամանակ չի խլեր, բայց հաւանաբար ճարտար ձեռքերու կը կարօտի: Նկարը ինքնին բաւարար խօսուն է եւ բացատրութեան չի կարօտիր. ձեզի կը մնայ գործի լծուիլ կամ դիմել ճարտար անձի մը օգնութեան:

Ինչպէս Հագուստի Կախիչ Մը
Վերածել Քասքեթներու Կախիչի

Եթէ տան մէջ մէկէ աւելի անձեր քասքեթ կրելու սովորութիւն ունին եւ շուարած էք ինչպէս տեղաւորել զանոնք պահարանին մէջ, որպէսզի չձեւափոխուին, ահաւասիկ արագ եւ դիւրին միջոց մը, որ վայրկեաններու ընթացքին պիտի լուծէ այս հարցը:

Առէք հագուստի կախիչ մը, վրան հաստատեցէք, բաղնիքի լոգանքի վարագոյրի 5-6 օղակ եւ քասքեթները կախեցէք այդ օղակներէն:

Այս հնարին կրնաք դիմել նաեւ, երբ լուացուած քասքեթները կ՛ուզէք արեւին պարզել` չորցնելու համար:

Պարզ Եւ Օգտակար Գաղափարներ
Կիտրոնի Կեղեւը Վերաօգտագործելու

«Խոհանոցին մէջ բան չթափէք»: Ասիկա առաջին կանոնն է, զոր պէտք է պահպանել ուտելիքներ պատրաստելու ատեն: Կան այնքան շատ բաներ, զորս մենք թափօն կը համարենք, սակայն փոխարէնը կրնան երկրորդ կեանք ստանալ` թէ՛ խոհարարութեան մէջ, թէ՛ առօրեայ կեանքի այլ ոլորտներու մէջ: Կիտրոնը այս սկզբունքի կատարեալ օրինակն է:

Կիտրոնը օգտագործելէ ետք կեղեւը մի՛ թափէք: Կեղեւը կը պարունակէ շարք մը սննդարար նիւթեր, որոնք չափազանց օգտակար են ինչպէս սնունդի, այնպէս ալ անձնական եւ տնային խնամքի համար:

– 1 –

Շաքարապատ ձողիկներ

Կիտրոնի կեղեւէն հեռացուցէք ճերմակ լեղի բաժինը, մնացեալը ձողիկներու ձեւով կտրեցէք եւ ամբողջ գիշեր մը պաղ ջուրի մէջ թրջեցէք: Յաջորդ օրը քամոցէ անցուցէք եւ մաքուր ջուրի մէջ եռացուցէք 5 վայրկեան, ապա կրկին քամոցէ անցուցէք եւ ցամքեցուցէք:

Կաթսայի մը մէջ պատրաստեցէք շաքարաջուրով ծոր, կեղեւները աւելցուցէք եւ 5-7 վայրկեան եւս եփեցէք: Պաղելէ ետք տեղափոխեցէք ապակեայ շիշի մէջ եւ սառնարանը պահեցէք:

– 2 –

Կիտրոնի փոշի

Այս փոշին շատ անուշաբոյր է եւ օգտագործելի կարկանդակները, բոլոր տեսակի աղանդերները, ինչպէս նաեւ մսեղէնն ու ձկնեղէնը համեմելու` համ եւ թարմութիւն հաղորդելու համար:

Չորցուցէք կիտրոնին կեղեւները (օգտագործեցէք միայն դեղին մասը, հեռացուցէք ճերմակ լեղի բաժինը), փուռի մէջ կամ արեւի տակ: Երբ անոնք խրթխրթան դառնան, աղացէք եւ ստացուած փոշին փոխադրեցէք ապակեայ շիշի մը մէջ: 1 թէյի դգալ կիտրոնի փոշին, ըստ էութեան, համարժէք է մէկ պզտիկ կիտրոնի:

– 3 –

Համեմուած սառոյցէ խորանարդիկներ

Երբեւէ մտածե՞ր էք քոքթէլներն ու խմիչքները, նոյնիսկ օրուան ընթացքին խմած ջուրը համեմել համեմուած սառոյցէ խորանարդներով: Պարզապէս քերոցէ անցուցէք կիտրոնի կեղեւները, սառցամանին բաժանումներուն մէջ կէսական թէյի դգալ տաշուք դրէք, ապա ջուր աւելցնել եւ սառցարան փոխադրեցէք:

Պարզ, օգտակար եւ խելացի հնարք…

– 4 –

Դէմքի եւ մարմնի բնական սքրապ

Քերոցէ անցած 2 կիտրոնին աւելցուցէք 2-3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ, ձգեցէք 10 վայրկեան, ապա օգտագործեցէք որպէս բնական, աժան եւ ազդու միջոց դէմքին կամ մարմնին մեռած բջիջները մաքրելու համար:

– 5 –

Մաքրութեան միջոց

Քացախի հիմքով մաքրող միջոց պատրաստելու համար անհրաժեշտ է ընդամէնը 2 բաղադրիչ եւ 2 շաբթուան համբերութիւն: Կիտրոնի կեղեւները լեցուցէք ապակեայ շիշի մէջ, ամբողջութեամբ ծածկեցէք ճերմակ քացախով եւ սպասեցէք 14 օր: Ցնցեցէք շիշը քանի մը օրը անգամ մը:

Զտելէ ետք հեղուկը լեցուցէք ցօղացիրի մէջ եւ դուք կը ստանաք հզօր մաքրութեան միջոց:

Բացի վերը յիշուածներէն, կիտրոնի կեղեւները կարելի է օգտագործել

– Աման լուացող մեքենային տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար:
– Իբրեւ օդը թարմացնող միջոց:
– Մրջիւնները հեռացնելու միջոց:
– Մանրալիքը մաքրող եւ թարմացնող միջոց:
– Խոհանոցի փայտեայ կտրատախտակը մաքրելու եւ հոտազերծելու միջոց:
– Ձեռքի հոտը (ձուկի, սոխի, սխտորի…) չէզոքացնող միջոց:
– Իբրեւ բոյսերու բնական պարարտանիւթ:
– Բոյսերէն կատուներն ու որոշ տեսակի միջատները հեռու պահելու միջոց:

Խոհագիր

 Սունկի Ապուր

Բաղադրիչներ

– 500 կ թարմ սունկ, կտրատուած
– 2 պճեղ սխտոր, մանրուած
– 1 միջակ չափի սոխ, մանր կտրատուած
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 գաւաթ արգանակ (միսի կամ բանջարեղէնի)
– 200 մլ. կաթ կամ հեղուկ սեր
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Թարմ ազատքեղ` զարդարանքի համար
– Խրթխրթան հաց

Պատրաստութիւն

Մեծ կաթսայի մը մէջ միջին կրակի վրայ տաքցնել ձէթը. աւելցնել սոխն ու սխտորը, տապկել 2-3 վայրկեան, մինչեւ որ փափուկ եւ բուրաւէտ դառնան: Աւելցնել սունկը եւ տապկել 5-6 վայրկեան` պարբերաբար խառնելով, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Արգանակը աւելցնել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 3-4 վայրկեան, որպէսզի համերը միաձուլուին:

Ելեկտրական ձեռքի հարիչով հարել ապուրը (պզտիկ բաժին մը մէկ կողմ ձգել) մինչեւ որ միատարր դառնայ: Աւելցնել կաթը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ մէկ կողմ ձգուած սունկի կտորներով բաժինը: Շարունակել եփել 1-2 վայրկեան` առանց եռացնելու:

Մատուցելու ատեն երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով, կողքին` խրթխրթան հացով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես ուզում եմ խոստովանել
Որ մտքիցս քեզ չեմ հանել,
Սիրել եմ լուռ սրտիս չափով.
Վերերկրային ուրիշ կապով
Ու չեմ փորձել սիրաբանել
Ծաղկաթերթեր ճամբիդ ցանել:
Փոխարէնը մաշուած ափով
Երազապատ բազկիս թափով
Քո ցաւերն եմ մի կողմ վանել
Եւ կարօտիդ միաբանուել
Իմ կիսաձայն պատարագով:

ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան
Կնոջական

Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան

November 5, 2026
Տարածուած 8 Սխալ Պատկերացումներ Քունի Մասին
Կնոջական

Տարածուած 8 Սխալ Պատկերացումներ Քունի Մասին

October 29, 2026
Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ
Կնոջական

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.