Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ, կառավարութեան նախաձեռնութեամբ հրաւիրած արտակարգ նիստի ընթացքին, վաւերացուց հոկտեմբեր 19-30-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Կենսաբազմազանութեան մասին հռչակագիրի կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ17-ի կազմակերպման վերաբերեալ համաձայնագիրը:
Ըստ համաձայնագիրին, Հայաստանի կառավարութիւնը շուրջ 2 միլիոն 166 հազար տոլար յատկացուցած է Երեւանի մէջ ՔՈՓ17-ի գումարման համար:
Ազգային ժողովին մէջ արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոբերտ Աբիսողոմեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ՔՈՓ17-ի համար բոլոր գնումները կը կատարուին ՄԱԿ-ի սահմանած արժեչափերով, եւ որ խորհրդաժողովը հիւրընկալող Հայաստանը չի կրնար այդ արժեչափերէն շեղիլ:


